Շաբաթ Օգոստոս 1, 2009ին Նիւ Ճըրզիի Սրբոց Վարդանանց Հայոց Առաքելական եկեղեցւոյ հանդիսասրահում (Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի) կայացաւ Համազգայինի Արեւելեան Ամերիկայի 33րդ Շրջանային Ներկայացուցչական ժողովր:
Ժողովի բացումը կատարեց Շրջանային Վարչութեան ատենապետ՝ ընկ. Զարմայր Սեդրաքեան: Միաձայնութեամբ դիւանի ատենապետ եւ ատենադպիր ընտրուեցան հերթականօրէն ընկերներ՝ Հրանդ Մարգարեան եւ Զաւէն Վարդանեան:
Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը ներկայացնում էր, Կեդրոնականի անդամ ընկ. Եդուարդ Մսըրլեան: Հ.Յ.Դաշնակցութեան Կեդրոնական Կոմիտէի հերթապահ՝ ընկ. Անդրանիկ Գասպարեան: Հ.Օ.Միութեան կողմից ներկայ էր, ընկհ. Անահիս Չոլաքեան, իսկ »Հայրենիք« Շաբաթերթի կողմից ընկ. Գրիգոր Գրիգորեան:
Ժողովին որպէս հրաւիրեալներ մասնակցում էին նաեւ Համազգայինի մի շարք համակիր-բարեկամ մտաւորականներ:
Ընկեր Եդուարդ Մսըրլեան յանուն Կեդրոնական Վարչութեան շնորհաւորեց ժողովի գումարումը: Ընկ. Մսըրլեան բազմակողմանի մօտեցումներով, անդրադարձաւ բազմաթիւ նիւթերու եւ գործունէութիւններու շուրջ, որոնք առնչւում են Համազգայինի աշխատանքներուն, հայրենիքում եւ արտերկրում:
Ընկերը միաժամանակ անդրադարձաւ Համազգայինի շարքերը եւ ղեկավարութիւնը երիտասարդացնելու եւ մտաւորական նոր ուժեր ներգրաւելու առնչութեամբ:
Ընկերը խօսեցաւ, ուսանողական ֆոնտերի միաւորման եւ Համազգայինի աշխատանքները աւելի աշխուժացնելու եւ մասնագիտական կարելիութիւններով օժտուելու նպատակով, յարմար նկատեց շրջանը օժտել Համազգայինի Շրջանային Վարչութեան գրասենեակով:
Հ.Յ.Դաշնակցութեան Արեւելեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ. Անդրանիկ Գասպարեան, իր խօսքի մէջ նշեց՝ »Համազգայինը տեսլական եւ առաքելութիւն ունեցող կազմակերպութիւն է«:
Համազգայինը պէտք ունի վերանորոգման եւ գործելակերպի փոփոխութեան եւ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը ինչպէս միշտ, նեցուկ պիտի կանգնի Համազգայինի գործունէութեան: Հայ Օգնութեան Միութեան ներկայացուցիչ ընկերուհի՝ Անահիս Չոլաքեան, խօսեց Հ.Օ.Միութեան տարած աշխատանքների շուրջ, Մայր Հայրենիքում եւ սփիւռքում եւ Հ.Օ.Մ.ի շնորհաւորանքները եւ համագործակցութեան շարունակականութիւնը փոխանցեց ժողովին:
Ընկ. Գրիգոր Գրիգորեան փոխանցեց »Հայրենիք« Շաբաթաթերթի շնորհաւորանքները եւ իր խօսքի մէջ նշեց որ Համազգայինը, որպէս հայ ազգային մշակոյթին ծառայող կազմակերպութիւն, աւելիով իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ »Հայրենիք« Շաբաթաթերթի, տարածման, բարգաւաճման եւ թերթի բաժանորդագրման մասնակցութեան:
Խօսք տրուեցաւ ժողովին հրաւիրուած ներկաներից՝ երաժիշտ Գրիգոր Փիտէճեանին, որը անդրադարձաւ երիտասարդութեան ներգրաւման եւ հայ լեզուի տարածման եւ ուսուցման կարեւորութեան շուրջ:
Շրջանային Վարչութեան միամեայ գործունէութեան բարոյական եւ նիւթական մշակուած տեղեկագրերը հերթականօրէն ընթերցեցին, Շրջանային Վարչութեան ատենապետ ընկ. Զարմայր Սեդրաքեան եւ ընկ. Հրաչ Ճիլոզեան:
Մասնաճիւղերի ներկայացուցիչները ներկայացրեցին իրենց զեկուցումները, որոնց շուրջ եղան հարցեր եւ տրուեցին համապատասխան պատասխաններ:
Ժողովի ընթացքին քննարկուեցին միութեան կապուող բազմաթիւ խնդիրներ:
Նոր Վարչութեան վրայ դրուեց մի շարք պարտականութիւններ, ինչպէս Համազգայինի Ֆոնտերի իրաւական պարզաբանում, կեանքի կոչուեց շրջանի կանոնագրութեան վերանայման յանձնախումբ:
Նիւ Եորքի վարչութեան զեկուցման մէջ յիշուած էր, որ Նիւ Եորքի եւ Նիւ Ճըրզիի մասնաճիւղերի թատերական ներկայացումների շահի կէսը, թատերախմբի ղեկավար Հրանդ Մարգարեանի առաջարկութեամբ յատկացուել էր Հայաստանի հետեւեալ սահմանամերձ գիւղերի կարիքներին:
1- Գեղարքունիք Մարզ՝ Վահան գիւղի Միջնակարգ դպրոցի ջեռուցման երկու շարժիչ (pump)
2- Արագածոտնի Մարզ՝ Արտենի գիւղի Միջնակարգ դպրոցի 20 լուսամուտի գնում
3- Արագածոտն Մարզ՝ Արագածաւան գիւղի թիւ 2 Միջնակարգ դպրոցի վերանորոգութիւն:
Այս կապակցութեամբ եղան մի շարք հարցումներ, որոնց յաւելեալ բացատրութիւններ տուեց ընկ. Մարգարեան: Առաջարկուեց եւ քուէարկութեամբ վաւերացուեց, որ բոլոր մասնաճիւղերը օժանդակեն Հայաստանի սահմանամերձ գիւղերի կրթական հաստատութիւնների բարելաւման օժանդակութիւնը պէտք է սահմանել »Սահմանամերձ« գիւղերին կազմուած բանաձեւերը ընթերցեց ընկերուհի Հերմինէ Մանուկեան, որոնք վաւերացուեցին:
Բանաձեւային յանձնախումբը, գովեստի արժանացրեց եւ արժեւորեց Շրջանային Վարչութեան անդամները, ի բաց առեալ ընկ. Զարմայր Սեդրաքեանի, իրենց շրջանը լրացրել են եւ վերընտրելի չեն:
Փակ քուէարկութեամբ ընտրուեց վարչութեան նոր կազմը հետեւեալ կարգով:
Զարմայր Սեդրաքեան՝ ատենապետ
Արա Նազարեան՝ Փոխ ատենապետ
Յակոբ Մելքոնեան՝ Ատենադպիր
Լենա Օհաննէսեան՝ Գանձապար
Հարմիկ Աւետեան՝ Խորհրդական