ԱՐԴ­ԵՕՔ ՊԱ­ՇԱՐ ԱԼ-ԱՍԱՏ ՀԱ­ՅՈՑ ՑԵ­ՂԱՍ­ՊԱ­ՆՈՒ­ԹԻՒՆԸ ՃԱՆՉ­ՑԱ՞Ծ Է

0 0
Read Time:10 Minute, 19 Second

bashar   ՎԱՐ­ԴԱՆ ՄԱՏ­ԹԷ­ՈՍ­ԵԱՆ

Ինչ­պէս յայտ­նի է, վեր­ջերս ֆրան­սա­կան լրա­տու գոր­ծա­կա­լու­թեան հետ հար­ցազ­րոյ­ցի մը ըն­թաց­քին, Սուր­իոյ նա­խա­գահ Պա­շար ալ-Ասատ բաղ­դա­տած էր Մեծ Եղեռ­նը եւ Սուր­իոյ ան­մեղ քա­ղա­քա­ցի­նե­րու վայ­րագ սպա­նու­թիւնը օտար զին­եալ­նե­րու կող­մէ.Առա­ւել մօտ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի մէջ անոնք մեզ կը յի­շեց­նեն Օս­ման­ցի­նե­րու կող­մէն Հա­յե­րուն դէմ իրա­կա­նաց­ուած զանգ­ուա­ծա­յին ջար­դե­րը, երբ Սուր­իոյ մէջ եւ Թուրք­իոյ տա­րած­քին սպանն­ուե­ցան մէկ ու կէս միլի­ոն Հա­յեր ու կէս միլի­ոն ուղ­ղա­փառ Ասո­րի­ներ:

Իր վեր­ջին անգ­լե­րէն շա­բա­թա­կան սիւ­նա­կին մէջ, ամե­րի­կա­հայ հրա­պա­րա­կա­գիր Յա­րութ Սա­սուն­եա­նը խորհր­դա­ծած է այս յայ­տա­րա­րու­թեան մա­սին. Առա­ջին ան­գամն է, որ սուր­ի­ա­կան պե­տու­թեան ոե­ւէ ղե­կա­վար կ՛ըն­դու­նի հայ­կա­կան զանգ­ուա­ծա­յին սպա­նու­թիւն­նե­րը եւ յան­ցա­ւոր կը ճանչ­նայ Օս­ման­եան Թուրք­ի­ան: Թե­րեւս առա­ջին ան­գամ ըլ­լայ, թե­րեւս ոչ: Կ՛ար­ժէ պրպտել, եթէ այդ պրպտու­մը կա­տար­ուած չէ ար­դէն, թէ Սուր­իոյ ան­կա­խու­թե­նէն ի վեր (1946), սուր­ի­ա­ցի որե­ւէ նա­խա­գահ հայ­կա­կան“, “ջարդեւ Թուրք­իա բա­ռե­րը քով-քո­վի չէ՞ դրած նոյն պար­բե­րու­թեան մէջ: Ըստ Սա­սուն­եա­նի, եր­կու օր ետք, Մ.Ա.Կ.-ի մօտ (Ժը­նեւ) Սուր­իոյ դես­պան Պա­շար Ժա­ֆա­րի նմա­նօ­րի­նակ ար­տա­յայ­տու­թիւն մը ու­նե­ցած է.Իսկ ի՞նչ կ՛ըսէք Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին, ուր սպանն­ուած է 1,5 միլի­ոն մարդ: Ի պէտս զար­գա­ցե­լոց, ահա Ժա­ֆարիի խօս­քե­րուն հա­յե­րէն բա­ռա­ցի թարգ­մա­նու­թիւնը, զոր քա­ղած ենք Յուն­ուար 22, 2014ին մամ­լոյ ասու­լի­սի անգ­լե­րէն բա­նա­ւոր թարգ­մա­նու­թե­նէն (Ժա­ֆա­րի արա­բե­րէն խօ­սած է, եւ անգ­լե­րէն թարգ­մա­նու­թիւնը ձայ­նագր­ուած է անոր խօս­քին վրայ). Ամէն ան­գամ որ խնդիր մը երե­ւան կու գայ, մար­դիկ կը պնդեն, որ մի­ջազ­գա­յին դա­տա­րա­նի մը կա­րի­քը կայ: Այդ պա­րա­գա­յին, ին­չո՞ւ չեն դա­տած Պու­շը, Սար­քո­զին, Հո­լան­տը եւ ու­րիշ­ներ, որոնք պա­տե­րազմ մղած եւ շատ մար­դիկ սպան­նած են: Իսկ ի՞նչ կ՛ըսէք Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին, ուր սպանն­ուած է հինգ միլի­ոն մարդ (1): Թիւե­րու ակն­յայտ վրի­պու­մին աղ­բիւ­րը (բա­նա­խօ՞­սը, թէ՞ թարգ­մա­նի­չը) չենք կրնար ճշդել, ի հար­կէ: Յօդ­ուա­ծա­գի­րը նոյն­պէս յի­շած է Սուր­իոյ խորհր­դա­րա­նի նախ­կին նա­խա­գահ Ապ­տել Քա­տեր Քատ­տու­րան որ­պէս մի­ակ այլ սուր­ի­ա­ցի բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօն­եան, որ ճանչ­ցած է Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը: Քատ­տու­րա, որ իր պաշ­տօ­նը վա­րած է մին­չեւ 2002 եւ մա­հա­ցած է անց­եալ տա­րի, Երե­ւա­նի Ցե­ղաս­պա­նու­թեան թան­գա­րա­նի այ­ցե­լու­նե­րու տո­մա­րին մէջ ար­ձա­նագ­րած է բուռն տպա­ւո­րու­թիւն մը` Յու­լիս 16, 2001ին, որուն մա­սին որե­ւէ այլ գրա­ւոր յի­շա­տա­կու­թեան չենք հան­դի­պած. Երբ այ­ցե­լե­ցինք յու­շար­ձանն ու թան­գա­րա­նը Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան, որուն զոհ գնաց հայ ժո­ղո­վուր­դը 1915 թուա­կա­նին, մենք խո­րին հի­ա­ցու­մով եւ յար­գան­քով կանգ­նե­ցանք այն հե­րոս­նե­րուն առ­ջեւ, որոնք մահն ըն­դու­նած են խի­զա­խու­թեամբ ու հե­րո­սու­թեամբ: Անոնց զա­ւակ­ներն ու թոռ­նիկ­նե­րը կը շա­րու­նա­կեն ան­մա­հաց­նել իրենց նախ­նի­նե­րու խի­զա­խու­թիւնն ու պայ­քա­րը Մեծ յար­գան­քով մեր գլու­խը կը խո­նար­հենք հայ ժո­ղո­վուր­դի` մեր ըն­կեր­նե­րուն նա­հա­տակ­նե­րուն յի­շա­տա­կին առ­ջեւ, եւ կ՛ող­ջու­նենք վճռա­կա­մու­թեան ու յաղ­թա­նա­կի հա­մար անոնց կա­րո­ղու­թիւնը: Մենք կ՛աշ­խա­տինք մի­ա­սին, որ­պէս­զի բո­լոր մար­դոց ազա­տագ­րենք ճնշում­նե­րէն եւ կե­ղե­քու­մէն: Մե­զի կը թուի, ի դէպ, որ այս յայ­տա­րա­րու­թիւնը լայ­նօ­րէն տա­րած­ուած չէ մին­չեւ Սա­սուն­եա­նի հրա­տա­րա­կու­թիւնը (հա­մա­ցան­ցի մէջ որե­ւէ յի­շա­տա­կու­թեան հան­դի­պած չենք), որ լոյս կը տես­նէ Քատ­տու­րա­յի մա­հէն ամիս­ներ ետք: Ոչ-հան­րա­յին փաս­տա­թուղթ մըն է, որ թե­րեւս հրա­պա­րակ­ման են­թա­կայ չէր, գէթ անոր ող­ջու­ցը: Սա­սուն­եան նշած է բա­ցա­յայտ այն երե­ւոյ­թը, որ Ասա­տի խօս­քե­րը մաս կը կազ­մեն Թուրք­իոյ կա­ռա­վա­րու­թեան թշնա­մա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան հա­կա­դար­ձու­թեան, եւ եզ­րա­կա­ցու­ցած. Հա­կա­ռակ նա­խա­գահ Ասա­տի քա­ղա­քա­կան դրդա­պատ­ճառ­նե­րուն` հայ ժո­ղո­վուր­դը պէտք է ող­ջու­նէր անոր ու­շա­ցած յայ­տա­րա­րու­թիւնը Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան վե­րա­բեր­եալ: Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չու­մէն այս­քան եր­կար ժա­մա­նակ անըն­դու­նե­լի պատ­ճառ­նե­րով ձեռն­պահ մնա­լէն ետք, գո­նէ հի­մա Սուր­իոյ նա­խա­գա­հը պաշ­տօ­նա­պէս կ՛ը­սէ ճշմար­տու­թիւնը անց­եա­լի եւ ներ­կա­յի թրքա­կան վայ­րա­գու­թիւն­նե­րու մա­սին: Քա­ղա­քա­կան պար­զամ­տու­թեան զար­մա­նա­լի օրի­նակ մը պէտք է նկա­տել, սա­կայն, երբ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման ի խնդիր աւե­լի քան երես­նամ­եայ պայ­քար տա­նող վե­թե­րան ու ծա­նօթ գոր­ծիչ մը առօք-փա­ռօք կ՛ըն­դու­նի, որ Սուր­իոյ նա­խա­գա­հը 2014ին Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը ճանչ­ցած է առանց ցե­ղաս­պա­նու­թիւն բա­ռը գոր­ծա­ծե­լու, եւ ասի­կա ճշմար­տու­թիւն ըսել կեո­րա­կէ: Անհ­րա­ժե՞շտ է յի­շեց­նել, որ Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու այժ­մու նա­խա­գա­հը Ասա­տի նմա­նօ­րի­նակ եւ նոյ­նիսկ աւե­լի ու­ժեղ բա­ռա­պա­շար օգ­տա­գոր­ծած է իր բո­լոր յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն` 2009էն ի վեր: Եւ սա­կայն, զա­նա­զան հրա­պա­րա­կա­գիր­ներ, որոնց առա­ջին գծին վրայ գտնուած է նոյ­նինքն Յա­րութ Սա­սուն­եա­նը, ինչ­պէս եւ այ­լե­ւայլ հայ­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­ներ, չեն մոռ­ցած տե­ւա­բար յու­շել մի­եւ­նոյն ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին, կա­րե­լի ու ան­կա­րե­լի բո­լոր ձե­ւե­րով, որ Պա­րաք Օպա­մա Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը չէ ճանչ­ցած որով­հե­տեւ ցե­ղաս­պա­նու­թիւն բա­ռը չէ գոր­ծա­ծած, եւ կրկնել, որ խոստմ­նադ­րուժ եղած է… ճշմար­տու­թիւնը չը­սե­լով: Ինչ­պէ՞ս կը պա­տա­հի, որ Ասատ ար­ձա­նագ­րած է ճշմար­տու­թիւնը թրքա­կան անց­եալ ու ներ­կայ վայ­րա­գու­թիւն­նե­րուն մա­սին եւ մե­զի կ՛ըս­ուի, թէ Հա­յերս պէտք է ող­ջու­նենք անոր յայ­տա­րա­րու­թիւնը` Սուր­իոյ նա­խա­գա­հը վեր­ջա­պէս ճանչ­ցաւ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը մո­լո­րե­ցու­ցիչ խո­րագ­րով, իսկ Օպա­մա ան­դա­դար պա­խա­րակ­ուած է` հա­կա­ռակ ա՛լ աւե­լի բուռն ար­տա­յայ­տու­թիւն­ներ ըրած ըլ­լա­լուն, եւ անոր նոյ­նիսկ ըս­ուած է, սե­ւով ճեր­մա­կի վրայ, թէ Ամե­րի­կա­հա­յե­րը կը մեր­ժեն ձեր նա­խա­տա­կան բա­ռա­խա­ղե­րը ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին (2): Արդ, Մեծ Եղեռ­նի հա­րիւ­րամ­եա­կի սե­մին, ժա­մա­նակն է Հայ Դա­տի բո­լոր տիտ­ղո­սա­ւոր եւ ան­տիտ­ղոս, նշա­նակ­եալ եւ ինք­նահռ­չակ պաշտ­պան­նե­րէն խնդրել, որ վերջ­նա­կան հա­մա­ձայ­նու­թեան յան­գին. ի՞նչ կը նշա­նա­կէ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չում: Եթէ 1915ի եւ յա­ջոր­դա­կան տա­րի­նե­րու թրքա­կան վայ­րա­գու­թեան ճա­նա­չումն է, ու­րեմն պար­տա­ւոր ենք յի­շեց­նել, որ Թուրք­իոյ Ար­տա­քին Գոր­ծոց նա­խա­րար Ահ­մէտ Տա­ւու­տօղ­լու վեր­ջերս “ան­մարդ­կա­յին“ բա­ռը գոր­ծա­ծած էր` 1915ի տե­ղա­հա­նու­թիւն­նե­րը որա­կե­լու հա­մար: Ի՞նչ տար­բե­րու­թիւն ան­մարդ­կա­յի­նի եւ վայ­րա­գի մի­ջեւ: Թե­րեւս մէ­կը գտնուի, որ ըսէ մե­զի, թէ Տա­ւու­տօղ­լուն ալ Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը ճանչ­ցած է…: Եթէ “Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն“ իրա­ւա­կան եզ­րի կամ նոյ­նիսկ հա­մա­զօր ար­տա­յայ­տու­թեան մը կի­րար­կումն է, ու­րեմն պար­տա­ւոր ենք դի­տել տալ, որ հինգ տա­րի շա­րու­նակ Օպա­ման մե­ղադ­րե­լէ ետք` “Ցե­ղաս­պա­նու­թեան“ տեղ “Մեծ Եղեռն“ բա­ռը գոր­ծա­ծե­լու հա­մար (եւ մեր սե­փա­կան բա­ռը, որ հա­յե­րէ­նի ժա­մա­նա­կա­կից բա­ռա­պա­շա­րին մէջ Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն կը նշա­նա­կէ, “ժխտու­մի եզ­րա­կաբա­նու­թիւն“ տգէտ խօս­քին ար­ժա­նաց­նե­լէ եւ նոյն­քան տգի­տա­բար ութ տա­րի “աղէտ“ թարգ­մա­նե­լէ ետք), այժմ կը նա­խա­ձեռ­նենք Ասա­տը ծա­փա­հա­րե­լու` “ցե­ղաս­պա­նու­թեան“ տեղ “ջար­դեր“ բա­ռը գոր­ծա­ծե­լու հա­մար: Ի դէպ, հար­ցը Մար­կո­սը կամ Կի­րա­կո­սը, Ասա­տը կամ Օպա­ման չեն: Հար­ցը փաստն ու տրա­մա­բա­նու­թիւնն են: Այս ըն­թաց­քով, վա­ղը մէ­կը կրնայ ձեռ­նար­կել… Թուրք­իոյ վար­չա­պետ մը ծա­փա­հա­րե­լու “ջար­դեր“ բա­ռը ար­տա­բե­րած ըլ­լա­լու հա­մար: Քա­ղա­քա­բան կամ քա­ղա­քա­գէտ չըլ­լա­լով, ոչ ալ քա­ղա­քա­կան խա­ղե­րու հե­ռա­ւոր կամ մօ­տիկ մաս­նա­կից­ներ, կրնանք կար­դալ անգ­լե­րէն կամ հա­յե­րէն… եւ ինք­նու­րոյն մտա­ծել: Աւե­լի՛ն. կրնանք նոյ­նիսկ… յի­շել մեր կար­դա­ցա­ծը: Եւ ու­րիշ­ներ ալ կրնան շա­հա­գոր­ծել իրենց կար­դա­ցա­ծը մութ նպա­տակ­նե­րու հա­մար:

Նիւ Ճըր­զի, Մ.Ն.

 

(1)  http://www.youtube.com/watch?v=UWzZ58sYayY, 40:58էն մին­չեւ 41:27 վայրկ­եան­նե­րու հատ­ուած:

 

(2) Յա­րութ Սա­սուն­եան, “Պա­րոն նա­խա­գահ, ամե­րի­կա­հա­յը կը մեր­ժէ ձեր վի­րա­ւո­րա­կան բա­ռա­խա­ղե­րը, Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նութ­եան­ գծով“, Ապ­րիլ 2011

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles