ԱՐԳԵԼՔ՝ ԱՌԱՆՑ ՊԱՏՃԱՌԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ

0 0
Read Time:1 Minute, 53 Second

 Ա.Ա.

     Ըստ օտարահպատակներու մասին հայաստանեան օրէնքին, ոեւէ օտարահպատակի Հայաստան մուտքը կ՛արգիլուի, եթէ տուեալ ենթական կը ծաւալէ այնպիսի գործունէութիւն, կամ անդամ է այնպիսի կազմակերպութեան, որուն նպատակն է վնաս հասցնել Հայաստանի պետութեան ապահովութեան, տապալել երկրին սահմանադրական կարգը եւ տկարացնել պաշպանական համակարգը, ինչպէս նաեւ՝ ունենալ ահաբեկչական գործունէութիւն։

     Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի անդամ ֆրանսահայ Մուրատ Փափազեանի Հայաստան մուտքի արգելքին յաջորդեց հոլանտահայ հայր եւ դուստր՝ Մասիս եւ Սիւնէ Աբրահամեաններու դէմ յարուցուած արգելքը։ Ապա անցեալ շաբաթ Ֆրանսայի Հ.Յ.Դ. «Նոր Սերունդ» երիտասարդական միութեան Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Նժդեհ Գարագաւորեանի արգիլուեցաւ Հայաստան ճամբորդել, հակառակ անոր որ ան 2022-ին չորս անգամ Հայաստան այցելած եւ ոչ մէկ արգելքի հանդիպած էր։Գարաւագաւորեան, համաձայն Հայաստանի Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան, Հայաստանի մէջ անբաղձալի անձնաւորութիւն կը համարուի, հետեւաբար անոր Հայաստան մուտքը յանկարծ արգիլուած է։

     Քաղաքական հետապնդման մը բոլոր բաղադրիչները ունեցող այս արգելքը ցուցանիշ է Երեւանի իշխանութիւններուն անհանդուրժողականութեան, որ կը ցուցաբերուի ու կը դրսեւորուի յատկապէս սփիւռքեան պայմաններու մէջ գործող դաշնակցականներու նկատմամբ եւ անհասկնալի պատճառաբանութիւններու ներկայացմամբ, թէ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի դէմ կազմակերպուած ցոյցի մասնակցած են։ Մուրատ Փափազեանի, Մասիս եւ Սիւնէ Աբրահամեաններու դէմ յարուցուած արգելքին պատճառաբանութիւնը ինքնին խօսքի եւ անձի ազատութեան բացայայտ ոտնակոխում է, որովհետեւ ոեւէ անձ իրաւունք ունի որեւէ բնոյթի ցոյցի մասնակցելու եւ այս մասնակցութիւնը չի կրնար տեղաւորուիլ ծիրին մէջ «օտարահպատակներու մասին այն  օրէնքին, ըստ որուն ոեւէ օտարահպատակի Հայաստան մուտքը կ՛արգիլուի, եթէ տուեալ ենթական կը ծաւալէ այնպիսի գործունէութիւն, կամ անդամ է այնպիսի կազմակերպութեան, որուն նպատակն է վնաս հասցնել Հայաստանի պետութեան ապահովութեան, տապալել երկրին սահմանադրական կարգը եւ տկարացնել պաշպանական համակարգը, ինչպէս նաեւ՝ ունենալ ահաբեկչական գործունէութիւն»։ Հոս անմիջապէս պէտք է շեշտել,որ Գարագաւորեանի պարագային նոյնիսկ այս շինծու զուգակցութիւնն իսկ չկայ, որովհետեւ ոչ մէկ բացատրութիւն եւ լուսաբանութիւն տրուած է Գարագաւորեանի, թէ ինչու Հայաստան անոր մուտքը արգիլուած է։ Ան պարզապէս անբաղձալի տարր է։Թէ որու համար Նժդեհ Գարագաւորեան անբաղձալի տարր է, յստակ չէ։ Սակայն կ՛ենթադրուի, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի Ֆրանսա այցելութեան կապուած իրադարձութիւններու կ՛առնչուի Գարագաւորեանի դէմ դրուած արգելքը։

    Սակայն խնդիրը հետեւեալն է։ Ինչպիսի ապացոյցներու վրայ հիմնուած է Գարագաւորեանի Հայաստան  մուտքի  արգելքի կայացման որոշումը՝ Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան կողմէ։ Հ.Յ.Դ. «Նոր Սերունդ» երիտասարդական միութեան Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետը վնա՞ս կը հասցնէ Հայաստանի պետութեան ապահովութեան, թէ կը ջանայ տապալել սահմանադրական կարգը, կամ կը փորձէ տկարացնել Հայաստանի պաշտպական համակարգը։ Թէ՞ Սիւնիքի մէջ կայանալիք Հ.Յ.Դ. երիտասարդական համագումարը, որուն մասնակցելու համար Գարագաւորեան Հայաստան պիտի ճամբորդէր, ահաբեկչական համախմբում մըն է Երեւանի իշխանութիւններուն համար։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles