ԱՐԱ ԱԶԱՏԻ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ` ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ

0 0
Read Time:7 Minute, 12 Second

“Այս է իմ կեանքս: Այլ ձեւ չեմ գի­տեր եւ չեմ ալ կրնար ու­նե­նալ ու ըմբռ­նել…Գրե­թէ Քսա­նը­հինգ տա­րի առաջ, երբ մուտք գոր­ծե­ցի ար­ուես­տի աշ­խար­հէն ներս, որո­շե­ցի որ իմ ու ար­ուես­տիս յա­րա­բե­րու­թիւնը, ըն­թա­նայ մշտա­կան տե­ւո­ղու­թեամբ”, կը յայտ­նէ Արա Ազատ, որուն գոր­ծե­րը յա­ռա­ջի­կայ Փետր­ուար 11-էն սկսեալ, մօ­տա­ւո­րա­պէս երեք շաբթ­ուայ հա­մար, պի­տի ցու­ցադր­ուին Նիւ Եոր­քի “Քլէօ” ցու­ցաս­րա­հէն ներս:

Վեր­ջին տա­րի­նե­րուն, ան իր կեան­քը կ՛անց­նէ եր­կու բո­լո­րո­վին տար­բեր գա­ղութ­նե­րէ ներս` Պէյ­րութ եւ Պոս­թըն: Ան­շուշտ, այս եր­կու քա­ղաք­նե­րու կող­քին, բազ­միցս առիթ­ներ կը ստեղծ­ուին, որ­պէս­զի ան այ­ցե­լէ, վե­րո­յիշ­եալ եր­կու քա­ղաք­նե­րուն մօ­տա­կայ­քը գտնուող շրջան­ներ` Նիւ Եորք, Մոն­րէ­ալ եւ Թո­րոն­թօ  …Արա­բա­կան Էմի­րու­թիւն­ներ եւ Քա­թար:

Արա Ազատ Պար­սում­եան իր բար­ձրա­գոյն ու­սու­մը ստա­ցած է Պոս­թը­նի գե­ղար­ուես­տի թան­գա­րա­նի հիմ­նար­կէն ներս: Փոքր տա­րի­քէն, անոր գոր­ծե­րը ցու­ցադր­ուած են կարգ մը եր­կիր­նե­րու մէջ: Ան եր­կար տա­րի­ներ աշ­խա­տած է Մա­սա­չու­սէ­ցի, Քան­նէ­թի­քը­թի եւ Մէյ­նի մէջ, մի­ջա­վայր մը որուն հետ կրցած է քայլ պա­հել: Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րը, Արա­յի հա­մար բա­րեն­պաստ մի­ջա­վայր մըն է մա­նա­ւանդ` ժա­մա­նա­կա­կից ար­ուես­տի հա­մար: Ան կը պատ­կա­նի այն դպրո­ցին, որ  դա­սա­կան եզ­րե­րը կը փո­խէ եւ ար­տա­յայ­տու­թեան նոր, շար­ժու­մով լե­ցուն ար­ուեստ ստեղ­ծե­լու մի­տու­մով ստեղծ­ուած մտայ­ղաց­քա­յին ար­ուես­տը կու գայ քա­րա­ցած իրե­րը շար­ժե­լու, անոնց մէջ կեանք ու կեն­դա­նու­թիւն նե­րար­կե­լու:

Բազ­մա­վաս­տակ ար­ուես­տա­գէտ­ներ Ճոն Սալ­ճը­թի­նի եւ Ուիլի­ըմ Ֆլէ­նի գոր­ծե­րէն ազդ­ուած ան բնա­կա­նա­բար ազա­տա­միտ գա­ղա­փար­նե­րու տէր, կը մնայ ազատ վրձնա­հար­ուած­նե­րու դպրո­ցին կառ­չած ար­ուես­տա­գէտ­նե­րէն մէ­կը:

Արա Ազատ իր սկզբնա­կան շրջա­նին, որոշ չա­փով կի­րար­կած է “քիւ­պիզմ”, տե­սա­րա­նա­յին ար­ուեստ (figurative art) եւ ապա հետզ­հե­տէ մուտք գոր­ծած է վե­րա­ցա­կան աշ­խարհ, ուր հետզ­հե­տէ աւե­լի կը հաս­տատ­ուի:

Արա Ազատ աշ­խա­տած է տար­բեր տա­րի­նե­րու, եւ­րո­պա­կան տար­բեր քա­ղաք­նե­րու մէջ ալ, որոնց կար­գի­ն ինչ­պէս` Լի­վըր­փուլ, Պեր­լին, Ֆի­րեն­ցէ եւ այլն…

Արա Ազատ կը ստեղ­ծէ գոր­ծեր, որոնք մարդ­կա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու, կեան­քի իրա­վի­ճակ­նե­րու հա­յե­լին են: Անոր հա­մար ամէն գոյն իր ար­ժէ­քը ու­նի: Ան ամէն ակն­թարթ կ՛ու­սում­նա­սի­րէ այդ իրա­վի­ճակ­նե­րը, ար­թուն եւ սթափ կա­պի մէջ է շրջա­պա­տող աշ­խար­հին հետ եւ իր զգա­ցո­ղու­թիւն­նե­րը կ՛ար­տա­յայտ­ուին միայն այն ժա­մա­նակ, երբ ինք կը գտնուի կտա­ւին կամ պաս­տա­ռին առ­ջեւ: Անոր ար­ուես­տը ծնունդ կ՛առ­նէ յատ­կա­պէս մեծ տագ­նապ­նե­րէ, ար­հա­ւիրք­նե­րէ, ցնցում­նե­րէ, որով­հե­տեւ անի­կա հո­գե­կան վի­ճա­կի ու նե­րաշ­խար­հի դրսե­ւո­րու­մը կը հան­դի­սա­նայ:

Բազ­մազ­բաղ, ան վե­րո­յիշ­եալ Նիւ Եոր­քի ցու­ցա­հան­դէ­սէն ետք, պի­տի ուղղ­ուի Պէյ­րութ, ուր հան­րա­ծա­նօթ “Ժա­նին Ռու­պէյզ” ցու­ցաս­րա­հին մէջ պի­տի ցու­ցադ­րէ սեւ եւ ճեր­մակ գոյ­նե­րով կա­տա­րած իր գոր­ծե­րը: Ան քով-քո­վի կը շաղ­կա­պէ դէմ­քեր, որոնց­մէ իւ­րա­քան­չիւ­րը իր առանձ­նու­թեան մէջ տար­բեր իմաստ մը ու­նե­նա­լով հան­դերձ օղակ­ուած է իր նա­խոր­դին ու յա­ջոր­դին, որ­պէս­զի բո­լո­րը մի­ա­սին եւս իրենց ու­րոյն նշա­նա­կու­թիւնը ու­նե­նան:

Մի­ջին Արե­ւել­քը եւ յատ­կա­պէս իր ծննդա­վայր Պէյ­րու­թը հա­րա­զատ է Ազա­տին հա­մար եւ ան շա­րու­նակ իրա­զեկ կը դառ­նայ նո­րու­թիւն­նե­րու, ան­ցու­դար­ձե­րու եւ այս­պէս սրեղծ­ուած  յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը աւե­լի կը հարս­տաց­նեն մտա­ծում­ներն ու ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը: “Արա­յին ար­ուես­տը կը բխի իր ներ­քին տագ­նապ­նե­րէն, տա­ռա­պանք­նե­րէն, զգա­ցում­նե­րէն եւ կ՛ար­տա­ցո­լայ իր գոր­ծե­րուն մէջ, այդ պատ­ճա­ռով ալ անի­կա կեղծ չէ եւ տուրք չի տար ժա­մա­նա­կի ճա­շա­կին”, կը յայտ­նէ հան­րա­ծա­նօթ ար­ուես­տա­բան Մով­սէս Հեր­կել­եան, որ “Նոյ­եան տա­պան” ցու­ցաս­րահ-հաս­տա­տու­թեան տնօ­րէնն է:

Ազատ տա­րի­նե­րէ ի վեր կը գոր­ծակ­ցի Լի­բա­նա­նի “Արթ Լաունճ” ցու­ցաս­րա­հին հետ, որ կը զբա­ղի գե­ղան­կա­րի­չի գոր­ծե­րուն վա­ճառ­քով: Այս­պէս, ինք յա­ճախ տեղ­եակ չ՛ըլ­լար, թէ ով­քեր կ՛ըլ­լան նկար­նե­րուն գնորդ­նե­րը, սա­կայն ըսաւ, թէ տար­բեր մաս­նա­գի­տու­թիւն­նե­րու եւ տար­բեր զբա­ղում­նե­րու տէր մար­դիկ հե­տաքրքր­ուած են իր գոր­ծե­րով: Ազատ իր կեն­սու­ժը կը ստա­նայ ար­ուես­տէն: Անոր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւնը իս­կա­պէս շար­ժուն էր ու խօ­սուն եւ այն­քան իւ­րա­յա­տուկ, որ իւ­րա­քան­չիւ­րը անոր մէջ բան մը կը տես­նէ եւ կը շօ­շա­փէ:

Նիւ Եոր­քի ցու­ցա­հան­դէ­սին պաշ­տօ­նա­կան բա­ցու­մը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Փետր­ուար 11-ի երե­կոյ­եան ժա­մը 6:00էն 8:00, ուր տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ հիւ­րա­սի­րու­թիւն: Ազա­տի գործե­րը վե­րո­յիշ­եալ ցու­ցաս­րա­հէն ներս պի­տի ցու­ցադր­ուին, մին­չեւ Մարտ 4, 2010:

Ան որ ծա­նօթ է Արա Ազա­տի գե­ղան­կար­չա­կան ուղ­ղու­թեան, ար­դէն կրնայ պատ­կե­րաց­նել զայն` ինք­նա­մո­ռաց տրուած նկար­չու­թեան, ստեղ­ծա­գոր­ծե­լով ցու­ցա­հան­դէ­սի ըն­թաց­քին, ուղ­ղա­կի այ­ցե­լունե­րուն ներ­կա­յու­թեամբ:

Ազա­տի հա­մար ինք­նա­տիպ ու ինք­նու­րոյն ար­ուես­տա­գէ­տին գոր­ծե­րուն եւ յղա­ցում­նե­րուն ար­ժէ­քը ո՛չ մէկ ձե­ւով կա­րե­լի է նիւ­թա­կան ու շօ­շա­փե­լի սահ­ման­նե­րու մէջ ամ­փո­փել, որով­հե­տեւ անոնք շատ աւե­լի վեր են ու աւե­լի խոր: Անոր գոր­ծե­րուն նուիր­ուած ցու­ցա­հան­դէ­սը իւ­րա­յա­տուկ է ամէն իմաս­տով` ցու­ցաս­րա­հի մթնո­լորտ, ներ­կա­յաց­ուած ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­ներ, կեն­դա­նի յօ­րի­նում եւ նոր գոր­ծի մը իրա­գոր­ծում, ձեռ­նար­կի ծրա­գիր եւ ներ­կա­նե­րուն վրայ այս բո­լո­րին ձգած իւ­րա­յա­տուկ դրօշմ: Նման ար­ուեստ մը կի­րար­կե­լու յանդգ­նու­թիւն ու­նե­ցող ար­ուես­տա­գէ­տը կը հան­դի­սա­նայ ա՛յդ ար­ուես­տի իս­կա­կան ու­սու­ցիչ մը, որ գի­տէ իր ապ­րում­նե­րով եւ գոր­ծով մարմ­նա­ւոր­ուած ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րուն մէջ թաքն­ուած ար­ուես­տը սի­րել տալ` քիչ խօս­քով ու գոյ­նով, բայց եռուն շար­ժու­մով ու պատ­գա­մով:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles