Լրահոս

Արարատ Միրզոյեան՝ Հ.Հ․ Արտաքին Գործոց Նախարար

ԵՐԵՒԱՆ.- Հ․Հ․ նախագահ Արմէն Սարգսեանի ստորագրած Օգոստոս 19-ի հրամանագրով, Արարատ Միրզոյեան արտաքին գործոց նախարար նշանակուած է։  Ազգային Ժողովի նախկին նախագահ՝ Միրզոյեան  պիտի ստանձնէ այս պաշտօնը, որ թափուր էր Մայիսի աւարտէն ի վեր, երբ Արա Այվազեան հրաժարական ներկայացուցած էր:

Մինչ այդ շաբաթներէ ի վեր, արտաքին գործոց նախարարութեան պարտականութիւնները կը կատարէր առաջին տեղակալ Արմէն Գրիգորեան, որ զերծ կացուցուած էր Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարի պաշտօնէն։ Օգոստոս 19-ին, վարչապետին ստորագրած որոշումով, ան դարձեալ նշանակուեցաւ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button