
ՀԱԼԷՊ («Գանձասար»).- Հինգշաբթի Փետրուար 16 -ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսը, հովուապետական զօրակցական այցելութեամբ, շքախումբով ժամանեց Հալէպ, գօտեպնդելու սուրիահայութիւնը եւ յայտնելու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան զօրակցութիւնը:
Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ ղօղանջին ներքոյ, Նորին Սրբութիւնը դիմաւորուեցաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեանի, Բերիոյ Թեմի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Արհի Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեանի, Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Համայնքապետ Վերապատուելի դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի, Հալէպի գլխաւոր հիւպատոսութեան խորհրդական-հիւպատոս Բաբգէն Պատալեանի, Հ.Հ. մարդասիրական առաքելութեան խումբի պատասխանատուին, Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Ժիրայր Ռէիսեանի, Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի եւ Ազգային Վարչութեան անդամներուն, հալէպահայ երեք կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն կողմէ:
Վեհափառ Հայրապետի շքախումբին մաս կը կազմէին «Կիլիկիա» Մատենադարանի տնօրէն եւ Բերիոյ Հայոց Թեմի նախկին Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Սրբ. Արք. Սարգիսեան, գաւազանակիր Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեան, Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Բանճարճեան, Հոգշ. Տ. Զաւէն Վրդ. Նաճարեան, Լիբանանի Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ եւ Լիբանանի խորհրդարանի երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան աւագ ատենապետ Ստեփան Տէր Պետրոսեան։
Եկեղեցւոյ մուտքին տեղի ունեցաւ աղ ու հացի աւանդական օրհնութիւն, Համազգայինի «Սարդարապատ» պարախումբի պարմանուհիներուն տարազաւոր ներկայութեամբ, ապա Վեհափառ Հայրապետը թափօրով եւ դպրաց դասի «Հրաշափառ» շարականի երգեցողութեամբ մուտք գործեց Սուրբ Աստուածածին եկեղեցի, ուր հանդիսապետեց ՍրբոցՎարդանանց Զօրավարաց տօնին նուիրուած Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, հոծ հաւատացեալներու ներկայութեան։ Պատարագը մատուցեց Արժ. Տ. Զարեհ Քհնյ. Շաքարեան։
Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան հոգեւորանակաց դասուն, Ազգային Իշխանութեան, միութիւններուն եւ հալէպահայութեան անունով ողջունեց վեհափառ հայրապետը եւ փառք տուաւ Աստուծոյ, որ երկրաշարժէն փրկուած հալէպահայութիւնը արժանի դարձաւ հայրապետին զօրակցական այցելութեան:
Արամ Ա. Կաթողիկոս ժողովուրդին ուղղեց իր հայրապետական պատգամը, ըսելով. «Եկած եմ Հալէպ ձեր ցաւը բաժնելու, ձեր մտահոգութիւնը իմանալու եւ երկրաշարժին յառաջացուցած վնասներուն աւելի մօտէն տեղեակ դառնալու: Հրաշք է մեր գոյութիւնը այսօր, փոքր ազգ եղանք, սակայն Աստուծոյ դառնալով, Աստուծոյ ներկայութեամբ մեր կեանքը հզօրացնելով գոյատեւեցինք․ այսօր մեր ժողովուրդը տագնապի մէջ է փաստօրէն ամէն տեղ, Հայաստանի մէջ, Ղարաբաղի մէջ, Լիբանանի մէջ, Սուրիոյ մէջ եւ ամէնուր։ Տագնապին ձեւը, տարողութիւնը տարբեր է, սակայն ըստ էութեան մեր ազգը տագնապներով շրջապատուած է, տագնապներով լեցուն է մեր կեանքը: …Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը իր թեմերով, կառոյցներով, մարմիններով, իր բոլոր կարելիութիւններով ձեզի հետ է սիրելի ժողովուրդ հայոց, Սուրիոյ տարածքին հաստատուած մեր ժողովուրդի զաւակներուն հետ։ Կը ցաւիմ որ մենք վնասներ, մահեր ունեցանք այստեղ, նաեւ նախկին Կիլիկիան աշխարհի մեր քաղաքներուն մէջ՝ Մալաթիա, Մարաշ, Իսկէնտերուն, … այս բոլորը կը յիշենք այսօր, որ Աստուած իր երկնքի թագաւորութեան մէջ ընդունի հոգիները զոհերուն, շուտափոյթ ապաքինում պարգեւէ բոլոր հիւանդներուն, վիրաւորներուն։ Տակաւին վիրաւոր են մեր ժողովուրդի զաւակները, գիտեմ, յառաջիկայ ժամերուն աւելի մօտէն ամբողջական կերպով պիտի իմանամ թէ ի՞նչ են կարիքները, մտահոգութիւնները մեր ժողովուրդի զաւակներուն եւ մեր կարելին, գերագոյնը պիտի կատարենք, որպէսզի ձեր ցաւերը բուժուին, ձեր մտահոգութիւնները վերանան, որպէսզի կարենանք ՄԻԱՍՆԱԲԱՐ ծառայել մեր ժողովուրդի զաւակներուն»:
Վարդանանց տօնը յիշատակելով, Վեհափառ Հայրապետը յայտնեց, թէ հայ ժողովուրդը Ղեւոնդներ ու Վարդաններ տուաւ, որոնք վասն հաւատոյ ու վասն հայրենեաց գիտակցօրէն ու հաւատքով Աւարայր գացին եւ իրենց արիւնը թափեցին։ «Հետեւաբար, մեր կեանքի տագնապներուն ու չարիքներուն դիմաց պէտք չէ ընկճուինք։ Այս պահուն, այս սրբազան խորանէն ես կոչ կ՚ուղղեմ մեր ժողովուրդի զաւակներուն ամէն տեղ, մեզի համար սրբազան պարտաւորութիւն է օգնել Սուրիոյ հայերուն եւ մասնաւորաբար Հալէպի հայերուն, տանք ինչ որ կրնանք եւ մասնակից դառնանք Սուրիոյ հայութեան վերականգնումին», եզրակացուց ան:
Պատարագէն ետք, Վեհափառ Հայրապետը լրատուամիջոցներուն դիմաց կոչ ուղղեց միջազգային ընտանիքին՝ չեղեալ համարելու Սուրիոյ վրայ սահմանուած պատժամիջոցները եւ փութալու աղէտահար ժողովուրդի օգնութեան։
Աննահ Պատարագի աւարտին, Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ժողովրդային հանդիպում եւ աջահամբոյր։ Արամ Ա. այս առիթով շնորհաւորեց Մակար Եպս. Աշգարեանը՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ ընտրուելուն առիթով եւ գնահատեց ընտրութեան առաջին իսկ օրէն իր բերած ծառայութիւնը, յատկապէս աղէտալի երկրաշարժի օրերուն, երբ ժողովուրդի զաւակներուն կողքին կենալով գօտեպնդեց զանոնք: Վեհափառ Հայրապետը գնահատանքով անդրադարձաւ նաեւ Սուրիոյ պատերազմի տարիներուն Բերիոյ Հայոց Թեմի նախկին Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Սրբ. Արք. Սարգիսեանի ծառայութեան: Նորին Սրբութիւնը գնահատեց Ազգային Երեսփոխանական Ժողովը, Ազգային Վարչութիւնը, Կրօնական Ժողովը եւ բոլոր կազմակերպութիւններուն եւ միութիւններուն ազգանուէր գործունէութիւնը, յայտնելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան զօրակցութիւնը եւ հրաւիրեց բոլորը յառաջիկայ օրերուն միասնաբար աշխատելու՝ հալէպահայութեան կեանքը վերականգնելու ի խնդիր: Ներկաները միասնաբար երգեցին «Ի Վեհ Բարձանց»-ը, «Թէ Հայրենեաց»-ը եւ «Կիլիկիա» մաղթերգը։
Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր շքախումբով այցելեց նախ երկրաշարժին հետեւանքով նիւթական վնասներ կրած Կիլիկեան Ճեմարան եւ մօտէն ծանօթացաւ տեղւոյն վնասներուն։
Ան ըսաւ. «Ճիշդ է, որ այս ցաւալի, մտահոգիչ պայմաններուն մէջ կը հանդիպինք, սակայն կ’ուզեմ հաստատել, որ հալէպահայութիւնը կանգուն է եւ վճռած է շարունակել վերականգնումի իր հաւաքական աշխատանքը։ Անցնող տարիներուն դժուարութիւններ ունեցանք։ Այսօր տագնապը տարբեր է, սակայն բոլոր տագնապներուն դիմաց պէտք է ունենանք հաւատք, յոյս եւ միասնական աշխատանք: Հայ դպրոցին մէջ հայ աշակերտը կը կազմաւորուի։ Մարդակերտումը եւ հայակերտումը հայ դպրոցին դրօշը կը կազմեն։ Այս դրօշին ներքեւ հսկայ աշխատանք կը կատարուի հայ դպրոցէն ներս։ Վստահ եմ, որ նոյն նախանձախնդրութեամբ ու նոյն նուիրումով այս դպրոցէն ներս ալ նման աշխատանքը կը տարուի»։
Վեհափառ Հայրապետը գնահատեց Կիլիկեան Ճեմարանի տեսչութիւնը, ուսուցչական կազմը, խնամակալութիւնը եւ բոլոր ծնողները, մաղթելով, որ հակառակ տիրող դժուարութիւններուն, միասնաբար շարունակեն կրթութեան եւ դաստիարակութեան նուիրեալ աշխատանքը։
Ապա, Վեհափառ Հայրապետը այցելեց Հայաստանի Հանրապետութեան որոնողափրկարարական խումբին գործուղուած «Շաար» թաղամասը, ուր Հ.Մ.Ը.Մ.-ի փողերախումբը սգերգ նուագեց։ Վեհափառը ծանօթացաւ տարուած փրկարարական աշխատանքին, որմէ ետք Նորին Սրբութիւնը այցելեց Ազիզիէ թաղամասէն ներս փուլ եկած շէնքը, ուր հայ ընտանիքը կը բնակէր։ Վեհափառ Հայրապետը հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարեց երկրաշարժին զոհուած հայ ընտանիքի երկու անդամներու հոգիներուն խաղաղութեան համար եւ շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց վիրաւորներուն։
Հ.Մ.Ը.Մ.-ի փողերախումբին սգերգով այցելութիւնները վերջ գտան։