
Ուրբաթ, Մարտ 17-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հովուապետական այցելութեամբ ժամանեց Կիպրոս: Նորին Ս. Օծութեան դիմաւորելու եկած էին Կիպրոսի հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեան, Կիպրոսի հայութեան պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեան, Կիպրոսի մօտ Լիբանանի դեսպանը, Երեսփոխանական ժողովի ատենապետ Վահան Այնէճեանն ու քահանայ հայրեր:
Ընդունելութենէն անմիջապէս ետք, Վեհափառ Հայրապետը եւ իր շքախումբը մեկնեցան Ազգային Առաջնորդարան, ուր Հայրապետը ընդունելութիւն ստացաւ ազգայիններու կողմէ, որմէ ետք ուղղուեցաւ եկեղեցի, ուր կատարուեցաւ կանոնական աղօթք։
Սրբազան հայրը ներկայացուց թեմի Ազգային վարչութեան եւ Երեսփոխանական ժողովի անդամները, ապա իր բարի գալուստի խօսքին մէջ անդրադարձաւ Վեհափառ Հայրապետին հովուապետական այցելութեան հիմնական նպատակը հանդիսացող թեմերու վերակազմակերպման ու վերաշխուժացման:
Վեհափառ Հայրապետը, իր կարգին, նախ իր ուրախութիւնը յայտնեց Կիպրոսի հայոց թեմէն ներս գտնուելուն առիթով՝ ընդգծելով, որ հովուապետական այցելութեան հիմնական նպատակը վերակազմակերպման աշխատանքները աշխուժացնել եւ այս գծով մշակուող ծրագիրներուն մօտէն ծանօթանալ է: Ան իր խօսքին մէջ յատուկ կերպով շեշտեց թեմերու վերակազմակերպման անյետաձգելի հրամայականը: «Մեզի համար թեմերը ինքնակեդրոն ու ինքնանպատակ իրականութիւններ չեն: Ճիշդ է, իւրաքանչիւր թեմ ունի իր իւրայատուկ միջավայրը ու առաջնահերթութիւնները, սակայն այդ բոլորը միացնող հասարակ յայտարարներ կան: Հոս է, որ մենք պէտք է առաւելագոյն չափով աշխատանք տանինք՝ թէ ի՞նչ ձեւով կրնանք կամուրջներ հաստատել, յարաբերութիւններ մշակել, ներդաշնակութիւն ստեղծել համայնքային կառոյցներուն միջեւ եւ համագործակցութիւն յառաջացնել թեմերու միջեւ», ըսաւ Հայրապետը: Ապա, ան յատուկ կերպով շեշտեց հրամայականը եկեղեցին ժողովուրդին տանելու՝ ծիսական կեանքը վերանորոգելով եւ զայն երիտասարդութեան գրաւիչ դարձնելով:
Կիպրոս այցելութեան՝ Հայրապետին կ՚ընկերանան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի համա-ատենապետ Գրիգոր Մահսէրէճեան եւ Միջին Արեւելքի միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց վարիչ Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեան:
Շաբաթ, Մարտ 18-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսը, Կիպրոսի հայոց թեմի Ազգային Առաջնորդարանի դահլիճին մէջ, յաջորդաբար ընդունեց այցելութիւնը Շուէտի կառավարութեան հովանաւորութիւնը վայելող Religious Track գրասենեակի պատասխանատու Սալբի Էսքիճեանի, Կիպրոսի պապական նուիրակ Ճորճ Եպիսկոպոսի եւ լատին եկեղեցւոյ պատրիարքական փոխանորդ Պրունօ Եպիսկոպոս Վարիանոյի:
Կէսօրին, ի պատիւ Վեհափառ Հայրապետին սարքուեցաւ ճաշկերոյթ, իսկ երեկոյեան, Նիկոսիոյ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ Իւթիւճեան սրահին մէջ հանդիպում ունեցաւ կիպրահայ կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներուն հետ: Հանդիպման ներկայ ներկայ էին Ազգային Վարչութիւնը, Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոսը, կազմակերպութիւններու եւ կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ։
Սրբազան հայրը Հայրապետին ներկայացուց Կիպրոսի հայ համայնքը ղեկավարող մարմինները եւ ընդգծեց համերաշխօրէն կատարուած աշխատանքին արդիւնաբերութիւնը՝ նշելով անցնող տարիներուն կատարուած աշխատանքները:
Վեհափառ Հայրապետը ողջունելով ներկաները՝ ըսաւ, թէ երբ գաղութի մը բոլոր կառոյցները, մտածողութիւնները, տարբերութիւնները, մէկ ամբողջութեան ծիրէն ներս, քով-քովի կու գան ու ներդաշնակ գործունէութիւն կը ծաւալեն՝ կազմակերպուած գաղութի մը խօսուն պատկերը կ՚ուրուագծուի մեր դիմաց: Միակողմանի, միատեսակ ու միապաղաղ մտածողութենէ պէտք է դուրս գանք եւ միախմբուինք հիմնական արժէքներու, մտահոգութիւններու եւ նպատակներու շուրջ, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը: Շարունակելով իր խօսքը՝ ան շեշտեց միասնական գործունէութիւն ծաւալելու անհրաժեշտութիւնը: Հայրապետը ըսաւ. «Հայութիւնը ճակատագրական ժամանակներէ կ՚անցնի: Հետեւաբար, այսօր, առաւել քան երբեք, կարիքը ունինք միասնաբար աշխատելու»: Ան կարեւորութեամբ շեշտեց, թէ Սփիւռքի վերակազմակերպումը մեծապէս պիտի նպաստէ Հայաստանի ու Արցախի հզօրացման: Այս ծիրէն ներս Վեհափառ Հայրապետը ընդգծեց, որ Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիութիւնը սոսկ լոզունգ ըլլալէ անդին պէտք է մեր մտածողութեան ուղեցոյց դառնայ: Ան իր խօսքը կեդրոնացնելով Սփիւռքի վերակազմակերպման վրայ՝ ըսաւ, որ Սփիւռքը իր ներկայ վիճակէն դուրս պէտք է բերել: Սփիւռքը տարտղնուած է. ան կարիքը ունի համախմբուելու, կարիքը ունի հաւաքական արժէքներու, կեցուածքներու եւ ուղղութիւններու ներդաշնակման: Մեր զանազանութիւնները պահելով հանդերձ պէտք է ներդաշնակենք մեր աշխատանքները: Հետեւաբար, Սփիւռքի վերակազմակերպումը մեզի համար դարձած է անյետաձգելի հրամայական, ըսաւ Նորին Սուրբ Օծութիւնը:
Վեհափառ Հայրապետը կիպրահայ կազմակերպութեանց հետ ունեցած իր հանդիպումէն առաջ ունկնդրեց Նիկոսիոյ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մանկապատանեկան երգչախումբին կատարողութիւնը։ Շուրջ 70 մանուկներէ եւ պատանիներէ բաղկացած երգչախումբը, Նորին Սրբութեան հովուապետական այցելութեան առիթով, հրամցուց հայ հոգեւոր եւ ազգային երգերէն փունջ մը: Հանդիսութեան աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը իր հայրական օրհնութիւնը փոխանցեց մանկապատանեկան երգչախումբի անդամներուն։
Կիրակի, Մարտ 19-իՆ, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Կիպրոսի Ազգային Առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Կիպրոսի մարոնիթ համայնքի առաջնորդ Սալիմ Եպիսկոպոս Սֆէյրին։ Ապա, Հայրապետը փոխադարձ այցելութիւն կատարեց Կիպրոսի մարոնիթ համայնքի առաջնորդարան։ Մտերմիկ հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը լանջախաչ նուիրեց մարոնիթ առաջնորդին եւ փոխադարձաբար նուէրներ ստացաւ: