ԱՐԱ­ԲԱ­ԿԱՆ ՄԱ­ՄՈՒ­ԼԻ ՏԵ­ՍՈՒ­ԹԻՒՆ.- ՍՈՒՐ­ԻՈՅ ՔԱ­ՂԱ­ՔԱ­ԿԱՆ ԵՒ ԶԻ­ՆՈՒՈ­ՐԱ­ԿԱՆ ՎԵՐ­ՋԻՆ ԻՐԱ­ԴԱՐ­ՁՈՒ­ԹԻՒՆ­ՆԵ­ՐՈՒ ԼՈՅ­ՍԻՆ ՏԱԿ

0 0
Read Time:26 Minute, 13 Second

 Bombing in Aleppo University Սուր­իոյ նա­խա­գահ Պաշ­շար Ասա­տի ար­տա­սա­նած ճա­ռին մա­սին կա­տար­ուած քա­ղա­քա­կան մեկ­նա­բա­նու­թիւն­նե­րուն շրջա­գի­ծին մէջ, “Սա­ֆիր“ օրա­թեր­թի յօդ­ուա­ծա­գիր Սա­մի Քլէյպ կը գրէ.-

“Եթէ Ասա­տի այս ճա­ռը մի­աց­նենք Հըզ­պալ­լա­յի ղե­կա­վար Հա­սան Նաս­րալ­լա­յի քա­նի մը օր առաջ ար­տա­սան­ուած ճա­ռին, ապա ի յայտ կու­գայ թէ այն առանց­քը որուն կը պատ­կա­նին այս եր­կու անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րը, որո­շած են անց­նիլ հա­կա­յար­ձա­կու­մի փու­լին“: Ասատ իր ճա­ռը Դա­մաս­կո­սի օփե­րա­յի պա­լա­տէն ար­տա­սա­նե­լով ու­զեց մէկ կող­մէ` ցոյց տալ իր ինք­նավս­տա­հու­թիւնը, իսկ միւս կող­մէ` հաս­տա­տել թէ Դա­մաս­կո­սի դէմ ընդ­դի­մու­թեան յար­ձա­կու­մը ար­դէն գործ­նա­պէս վերջ գտած է: Ու­ժի տրա­մա­բա­նու­թե­նէն մեկ­նե­լով Ասատ առաջ քշեց լու­ծու­մի առա­ջին նա­խա­պայ­մա­նը,  ըստ որուն պէտք է դադ­րեց­նել զին­եալ ու­ժե­րուն տրա­մադր­ուած նիւ­թա­կան-զի­նուո­րա­կան օժան­դա­կու­թիւն­նե­րը եւ վերջ տալ ահա­բեկ­չա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն` գաղ­թա­կան­նե­րուն վե­րա­դար­ձը դիւ­րաց­նե­լու նպա­տա­կով: SԱսատ ներ­կա­յա­ցուց քա­ղա­քա­կան լուծ­ման իր պատ­կե­րա­ցու­մը, որուն հի­մամբ կ՛ըն­դու­նի բա­րե­փոխ­ման են­թար­կել վար­չա­կար­գը, Ազ­գա­յին Ուխ­տը եւ Սահ­մա­նադ­րու­թիւնը,  որոնք մի­ա­ժա­մա­նակ պի­տի դրուին հան­րաք­ուէի: Սա­կայն Ասատ կը պա­հան­ջէ, որ լու­ծու­մը ներ­քին ըլ­լայ եւ կը մեր­ժէ ար­տա­քին որե­ւէ նա­խա­ձեռ­նու­թիւն, որ չի հա­մընկ­նիր Սուր­իոյ ժո­ղո­վուր­դին փա­փաք­նե­րուն հետ: Նման նա­խա­պայ­ման կ՛ամ­րապն­դէ Ռու­սաս­տա­նի դիր­քը ամե­րի­կա­ցի­նե­րուն հետ իրենց բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քին. նա­եւ կը հեր­քէ բո­լոր այն տա­րա­ձայ­նու­թիւն­նե­րը, թէ Ասատ պի­տի ըն­դու­նի իշ­խա­նու­թե­նէն հե­ռա­նալ, կամ` կազ­մել ըն­դար­ձակ իրա­ւա­սու­թիւն­նե­րով կա­ռա­վա­րու­թիւն մը:

Դարձ­եալ ու­ժի մեկ­նա­կէ­տեն, Ասատ կ՛ա­ռա­ջար­կէ, որ կա­ռա­վա­րու­թիւնը ինք կա­պը հաս­տա­տէ սուր­ի­ա­կան տար­բեր կող­մե­րու հետ: Կող­մեր ըսե­լով, Ասատ կ՛ու­զէ ցոյց տալ թէ Սուր­իոյ մէջ իս­կա­կան ընդ­դի­մու­թիւն չկայ: Ասատ եր­բեք չյի­շեց Մ.Ա.­Կ.ի բա­նագ­նաց Լախ­տար Իպ­րա­հի­մին, ինչ որ կը նշա­նա­կէ թէ ան կը մեր­ժէ անոր նա­խա­ձեռ­նու­թիւնը: Միւս կող­մէ, անդ­րա­դառ­նա­լով Ժը­նե­ւի նա­խա­ձե­ռե­նու­թեան, Ասատ ըսել ու­զեց, թէ անի­կա պէտք հա­մընկ­նի ժո­ղո­վուր­դի փա­փաք­նե­րուն հետ:

Ասատ մեր­ժած է եւ պի­տի շա­րու­նա­կէ մեր­ժել ըն­դար­ձակ կա­ռա­վա­րու­թեան մը կազ­մու­թիւնը, բա­ցի այն պա­րա­գա­յէն երբ ան վստահ ըլ­լայ այս կա­ռա­վա­րու­թեան մաս կազ­մող­նե­րու իս­կա­կան ինք­նու­թե­նէն եւ անոնց քա­ղա­քա­կան ծրագ­րէն: Անդ­րա­դառ­նա­լով պա­ղես­տին­եան հար­ցի ար­դա­րա­ցիու­թեան եւ Սուր­իոյ մէջ պա­ղես­տին­ցի­նե­րու իրա­ւունք­նե­րուն, Ասատ ու­զեց չէզո­քաց­նել սուր­ի­ա­կան-պա­ղես­տին­եան սադ­րանք յա­ռա­ջաց­նող ամէն մի­տում: Ասատ իր ճա­ռե­րուն մէջ ընդ­հան­րա­պէս կը խու­սա­փի զգա­ցա­կան ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րէ, բայց երբ ան խօ­սե­ցաւ բա­նա­կին մա­սին, ան յստակ, վճռա­կան եւ շնոր­հա­կալ էր անոր դե­րա­կա­տա­րու­թեան: Այս իմաս­տով Ասատ զի­նուո­րա­կան ու­ժին կառ­չած կը մնայ իբ­րեւ քա­ղա­քական լու­ծու­մի նա­խա­պայ­ման: Այս կա­ցու­թիւնը թե­րեւս կը նպաս­տէ ռու­սե­րու բա­նակ­ցա­յին դիր­քո­րո­շու­մին, ըսե­լու հա­մար թէ վար­չա­կար­գը տա­կա­ւին զօ­րա­ւոր է: Մի­ա­ժա­մա­նակ կը նպաս­տէ վար­չա­կար­գի հա­մա­կիր­նե­րուն, բա­նա­կին, տե­ղա­կան մար­մին­նե­րուն, ինչ­պէս նա­եւ` իրան­ցի­նե­րուն, որոնք այ­սօր իրենց խորհր­դակ­ցու­թիւն­նե­րը կը բազ­մա­պատ­կեն Եգիպ­տո­սի եւ Ծո­ցի կարգ մը եր­կիր­նե­րու հետ: Ի վեր­ջոյ այս կա­ցու­թիւնը կը նպաս­տէ ընդ­դի­մու­թեան այն թե­ւին, որ զօ­րա­վիգ է երկ­խօ­սու­թեան:syr

Ան­կաս­կած որ Ասատ կ՛ու­զէ քա­ղա­քա­կան լու­ծու­մի մը յան­գիլ, բայց այդ լուծ­ման պէտք է մի­ա­նայ զի­նուո­րա­կան ու­ժը, որով­հե­տեւ միւս կող­մը կ՛ու­զէ զայն բռնի ու­ժով տա­պա­լել: Ան­կաս­կած նա­եւ, որ Ամե­րի­կան Ռու­սաս­տա­նի նման կ՛ու­զէ, որ բա­նա­կը ու­ժեղ մնայ Քա­յի­տա­յի զին­եալ­նե­րը ոչն­չաց­նե­լու հա­մար: Բայց եւ այն­պէս, Ասա­տի ցու­ցա­բե­րած այս ու­ժը կը մտա­հո­գէ շա­տե­րուն, որոնք իրենց ձայ­նե­րը կը բարձ­րաց­նեն Ուա­շինկ­թը­նէն, Եւո­րո­պա­յէն եւ արա­բա­կան այլ եր­կիր­նե­րէ: Ու­ժի տրա­մա­բա­նու­թիւնը նման պա­րա­գա­նե­րու կը նշա­նա­կէ եր­կու հարց.-

– Շա­րու­նա­կել զի­նուո­րա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը ի գին ամէն ին­չի ու չսպա­սել որ Սուր­ի­ան տնտե­սա­պէս խեղդ­ուի, կամ Իրա­նը եւ Իրա­քը սպա­ռին:

– Զի­նուո­րա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու հետ զու­գա­հեռ տրա­մա­բա­նօ­րէն բարձ­րաց­նել նա­խա­պայ­ման­նե­րու առաս­տա­ղը:

Եր­կու պա­րա­գա­նե­րուն ալ Սուր­իոյ տագ­նա­պը կը շա­րու­նա­կէ մնալ բարդ, իսկ բո­լոր լու­ծում­նե­րը կը պա­հան­ջեն զի­նուո­րա­կան յա­ւել­եալ գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ, մա­նա­ւանդ, որ ոմանք կը կար­ծեն, թէ յա­ռա­ջի­կայ եր­կու ամիս­նե­րը Սուր­իոյ հա­մար վճռա­կան պի­տի ըլ­լան: Այս մեկ­նա­կէ­տեն պէտք է դի­տել Սուր­իոյ, Նաս­րալ­լա­յի եւ Նու­րի Մա­լիքիի հա­կա-յար­ձա­կու­մի անց­նե­լու որո­շու­մը:

Այլյօդ­ուա­ծիմըմէջՍա­միՔլէյպկըյայտ­նէ, թէ քա­ղա­քա­կան գի­տու­թիւն­նե­րուն մէջ պա­տե­րազ­մի մէջ գտնուող որե­ւէ երկ­րի մը մէջ պա­տե­րազ­մող կող­մե­րը իրենց պա­հանջ­նե­րը գե­րա­գոյ­նին կը հասց­նեն, որե­ւէ բա­նակ­ցու­թե­նէ առաջ: Սուր­իոյ դի­մագ­րա­ւած ներ­կայ հանգր­ուա­նը կը խորհր­դան­շէ վե­րոնշ­եալ իրա­կա­նու­թիւնը: Սուր­ի­ա­կան ընդ­դի­մա­դիր Ազ­գա­յին հա­մա­ձայ­նա­կան մար­մի­նը Պաշ­շար Ասա­տի տա­պա­լու­մը կը նկա­տէ նա­խա­պայ­ման` Սուր­իոյ տագ­նա­պին քա­ղա­քա­կան լու­ծում մը գտնե­լու, մինչ­դեռ Ասա­տի մօ­տիկ անձ­նա­ւո­րու­թիւն­ներ կը շեշ­տեն, թէ սուր­ի­ա­կան իշ­խա­նու­թե­նէն Ասա­տի հե­ռա­ցու­մը եր­բեք առ­կայ չէ, այլ` Ասատ կը ծրագ­րէ իր թեկ­նա­ծու­թիւնը առա­ջադ­րել յա­ջորդ ընտ­րու­թիւն­նե­րուն: Սուր­իոյ դի­մագ­րա­ւած պա­տե­րազ­մա­կան վի­ճա­կին երկ­րորդ տա­րին բո­լոր­ուե­լու սե­մին, սուր­ի­ա­կան վար­չա­կար­գը տա­կա­ւին կը յա­ջո­ղի իր պայ­ման­նե­րը պար­տադ­րել, նոյ­նիսկ եթէ ան ստիպ­ուած է սուղ վճա­րել ինք­զինք պար­տադ­րե­լու գի­նը:

Նման պա­տե­րազմ­նե­րու պա­րա­գա­յին այս իրա­վի­ճա­կը հազ­ուա­գիւտ է, սա­կայն Սուր­իոյ պա­րա­գա­յին անոր կ՛օժան­դա­կեն կարգ մը ազ­դակ­ներ, որոնք են.-

Ա) Սուր­ի­ա­կան բա­նա­կի հզօր զօ­րա­մա­սե­րը, որոնք կը զօ­րակ­ցին վար­չա­կար­գին, նկա­տի ու­նե­նա­լով անոնց գա­ղա­փա­րա­կան եւ կազ­մա­կեր­պա­կան բարդ հիւս­ուած­քը, որ հիմ­նած էր նախ­կին նա­խա­գահ Հա­ֆեզ Ասատ:

Բ) Ռուս­իոյ եւ Չի­նաս­տա­նի հզօր կեց­ուածք­նե­րը, որոնք ար­գի­լե­ցին Սուր­իոյ մէջ զի­նուո­րա­կան ար­տա­քին որե­ւէ մի­ջամ­տու­թիւն:

Գ) Զի­նուո­րա­կան եւ քա­ղա­քա­կան անն­շան բա­ժա­նում­ներ, որոնք եր­բեք սպառ­նա­լի­քի տակ չդրին բա­նա­կին մի­աս­նա­կա­նու­թիւնը:

Դ) Սուր­իոյ մէջ Քա­յի­տա­յի եւ կրօ­նա­կան ծայ­րա­յե­ղա­կան ուղղ­ուա­ծու­թիւն ու­նե­ցող այլ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու եւ փա­ղանգ­նե­րու գո­յու­թիւնը, որ մտա­հո­գիչ էր Ուա­շինկ­թը­նի հա­մար:

Ե) Ընդ­դի­մու­թեան ներ­քին մրցակ­ցու­թիւնը:

Զ) Իրա­նի բա­ցա­յայտ եւ լռել­եայն սպառ­նա­լիք­նե­րը` սուր­ի­ա­կան վար­չա­կար­գը բռնի ու­ժով տա­պա­լել փա­փա­քող կող­մե­րուն դէմ:

Է) Ալե­ւի հա­մայն­քին, փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րուն, ինչ­պէս նա­եւ որոշ սիւն­նի­նե­րու կառ­չա­ծու­թիւնը սուր­ի­ա­կան վար­չա­կար­գին` անո­րո­շու­թե­նէն վախ­նա­լու իբ­րեւ հե­տե­ւանք:

Ը) Ծո­ցի եր­կիր­նե­րուն մտա­հո­գու­թիւնը, որ “Իս­լամ եղ­բայր­ներ“-ը Սուր­իոյ մէջ կրնան իշ­խա­նու­թեան հաս­նիլ եւ այդ “ժահ­րը“ դիւ­րաւ կը փո­խանց­ուի նա­եւ իրենց: Ի վեր­ջոյ նա­եւ սուր­ի­ա­կան տար­բեր շրջան­նե­րուն մէջ Նուս­րա ճա­կա­տին եւ Սուր­իոյ ազատ բա­նա­կին մի­ջեւ ար­ձա­նագր­ուած բա­խում­նե­րուն մա­սին մտա­վա­խու­թիւն­նե­րը:

syria_aleppo_attack  Այս ազ­դակ­նե­րը առիթ ըն­ծա­յե­ցին Մոսկ­ուա­յի աւե­լի մեծ կա­րո­ղու­թիւն­նե­րով գոր­ծե­լու: Եթէ կա­րե­լի ըլ­լար հաշ­ուել Ռուս­իոյ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Սեր­գէյ Լաւ­րո­վի ար­տա­սա­նած Սուր­իոյ զօ­րակ­ցա­կան կեց­ուածք­նե­րը, ապա անոնք տասն­եակ­նե­րով գե­րա­զան­ցած պի­տի ըլ­լա­յին Սուր­իոյ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ուա­լիտ Մո­ալ­լե­մի կա­տա­րած յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը: Այս առու­մով սուր­ի­ա­ցի ընդ­դի­մա­դիր­ներ զա­ւեշ­տով ար­տա­յայտ­ուե­ցան, թէ կա­րե­լի է Սուր­իոյ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րը կո­չել Սեր­գէյ Մո­ալ­լեմ:

Ռու­սա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը սա­կայն նման կեց­ուածք որ­դեգ­րած չէ­ին ըլ­լար, եթէ անոնք Իրա­նի նման, վստահ չըլ­լա­յին, թէ սուր­ի­ա­կան վար­չա­կար­գին զի­նուո­րա­կան ու­ժը տա­կա­ւին մեծ է ու հզօր եւ կրնայ պար­տադ­րել ներ­կայ տա­րա­զին փո­փո­խու­թիւնը: Մոսկ­ուա հա­մո­զու­մով չէր մօ­տե­նար եւ հաս­տատ կեց­ուածք­ներ չէր որ­դեգ­րեր Սուր­իոյ նկատ­մամբ, եթէ նա­եւ վստահ չըլ­լար, որ Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու նա­խա­գահ Պա­րաք Օպա­մա­յի վար­չա­կար­գը Սուր­իոյ մէջ իս­կա­կան տագ­նապ մը կ՛ապ­րի եւ իր իսկ կող­մէ ահա­բեկ­չա­կան որա­կուող քա­յի­տա­յի ու այլ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու են­թա­հող ու­նե­ցող սուր­ի­ա­կան որոշ շրջան­նե­րու մէջ Սուր­իոյ ազատ բա­նա­կին շար­ժում­նե­րուն աչք կը խփէ: Մէկ կող­մէ, Մոսկ­ուա իր ձայ­նը կը բարձ­րաց­նէ զգու­շաց­նե­լով հսկայ քա­ո­սէ մը, հա­մայն­քա­յին պա­տե­րազ­մէ մը եւ “սո­մա­լա­կա­նա­ցում“-է մը, եթէ Սուր­իոյ մէջ քա­ղա­քա­կան լու­ծում չգո­յա­նայ, իսկ միւս կող­մէ ան կը փոր­ձէ սուր­ի­ա­կան ընդ­դի­մու­թեան հետ իր յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը ըն­դար­ձա­կել եւ ընդ­դի­մու­թեան զօ­րակ­ցող արա­բա­կան եր­կիր­նե­րուն պա­տը խզել:

Այս իմաս­տով շրջա­նա­ռու­թեան մէջ են ստոյգ  տե­ղե­կու­թիւն­ներ, որոնք ուղ­ղակի­օ­րէն կը վե­րա­բե­րին Եգիպ­տո­սի, Իրա­քի, Ալ­ճեր­իոյ եւ Ծո­ցի եր­կիր­նե­րուն: Այս իրա­կա­նու­թեան կը նպաս­տեն Ախ­տար Իպ­րա­հիմիի կող­մէ կրկնուող այն միտ­քը, թէ Ծո­ցի եր­կիր­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րէն ոմանք եւ յատ­կա­պէս Սէ­ու­տա­կան Արաբ­իոյ ու Քա­թա­րի ղե­կա­վա­րու­թեան մէջ կան անձ­նա­ւո­րու­թիւն­ներ, որոնք Ասա­տի դէմ անձ­նա­կան ատե­լու­թիւն կը տա­ծեն եւ այդ մէկ կը դժուա­րաց­նէ Սուր­իոյ տագ­նա­պին լու­ծու­մը: Ռու­սա­կան այս քայ­լե­րուն իբ­րեւ ար­դիւնք, կը նա­խա­տես­ուի, որ մէ­կէ աւե­լի արաբ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­ներ այ­ցե­լեն Մոսկ­ուա: Այ­սօր­ուան դրու­թեամբ ռու­սա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը կա­րի­քը ու­նին նման արա­բա­կան հո­վանիի մը: Ռուս­իոյ ղե­կա­վա­րու­թիւնը կը հաս­տա­տէ, որ սուր­ի­ա­կան բա­նա­կին մի­աս­նա­կան եւ հզօր մնա­լը իս­կա­կան եւ հա­ւա­նա­բար մի­ակ երաշ­խիքն է Սուր­իոյ ապա­գա­յին եւ Սուր­իոյ մէջ Ռուս­իոյ ապա­գա­յին: Լաւ­րով այս միտ­քը բազ­միցս ար­տա­յայ­տած է եւ դրուա­տած ընդ­դի­մու­թիւնը, որ բա­նա­կը կը փոր­ձէ զանց առ­նել իր ամ­բաս­տա­նու­թիւն­նե­րէն: Հա­ւա­նա­բար նա­եւ այս պատ­ճա­ռով է, որ Մոսկ­ուա քա­նի մը ան­գամ թոյլ կեց­ուածք որ­դեգ­րած է Ասա­տի իշ­խա­նու­թեան վրայ մնա­լը կաս­կա­ծի տակ առ­նող տե­սա­կէտ­նե­րուն հան­դէպ: Բայց եւ այն­պէս Ռուս­իա ան­շեղ մնա­ցած է Սուր­իոյ մէջ զի­նուո­րա­կան մի­ջամ­տու­թիւնը մեր­ժող իր կեց­ուած­քէն: Մոսկ­ուա­յի հա­մար բա­նա­կը կար­միր գիծ է. այս մա­սին ռուս պա­տաս­խա­նա­տու­ներ հաս­տա­տում­ներ կա­տա­րած են իրենց հիւ­րե­րուն ներ­կա­յու­թեան. այս մէ­կը անոնք իբ­րեւ պայ­ման պար­տադ­րած են նա­եւ Ուա­շինկ­թը­նի վրայ` որե­ւէ հա­մա­ձայ­նու­թեան պա­րա­գա­յին: Մի­աց­եալ Նա­հանգ­ներ բազ­միցս ըն­դու­նած են ռու­սա­կան այս պայ­մա­նը, երբ անոնք յայ­տա­րա­րած են, թէ Սուր­իոյ կա­ռա­վա­րա­կան եւ ապա­հո­վա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն մի­աս­նակա­նու­թիւնը անհ­րա­ժեշտ է, յե­տա­սատ­եան հանգր­ուա­նին հա­մար:syria_bomb_02

Կարգ մը Ծո­ցի եր­կիր­ներ, որոնք ար­դէն իսկ դէմ են Իս­լամ եղ­բայր­նե­րուն, կը փոր­ձեն յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ հաս­տա­տել Սուր­իոյ մէջ ընդ­դի­մա­դիր, սա­կայն ոչ իս­լամ եղ­բայ­րա­կան ու­ժե­րուն հետ: Այս եր­կիր­նե­րէն ոմանք Սուր­իա մուտք կը գոր­ծեն օժան­դա­կու­թեան պատր­ուա­կով, իսկ ու­րիշ­ներ` քա­ղա­քա­կան լայն դռնե­րէն: Այս իրա­կա­նու­թիւնը կը հաս­նի մին­չեւ Թու­նուզ, որուն նա­խա­գա­հը Մուն­սեֆ Մար­զու­քի մօ­տիկ ապա­գա­յին պի­տի առ­նէ քայլ մը, շեշ­տե­լու հա­մար, որ ինք Սուր­իոյ աշ­խար­հիկ ընդ­դի­մու­թեան աւե­լի մօտ է, քան` Իս­լամ եղ­բայր­նե­րուն:

Իր կար­գին, Եւ­րո­պա­կան Միու­թիւնը ներ­կա­յիս սուր բա­նա­վէ­ճեր կ՛ու­նե­նայ սուր­ի­ա­կան ընդ­դի­մու­թեան վե­րա­բե­րող: Այդ բա­նա­վէ­ճե­րը կը կեդ­րո­նա­նան Նուս­րա ճա­կա­տին շուրջ, որ կարգ մը եւ­րո­պա­ցի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րու պա­հան­ջով թեկ­նա­ծու է զե­տեղ­ուե­լու ահա­բեկ­չա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րուն ցան­կին վրայ: Այդ մէ­կը պա­հան­ջող եր­կիր­նե­րէն է օրի­նակ Սպան­ի­ան, իսկ Փա­րիզ եւ Լոն­տոն կը պնդեն, թէ այդ հար­ցը պէտք է յե­տաձգ­ուի. անոնց դիւա­նա­գէտ­նե­րը սուր­ի­ա­ցի ընդ­դի­մա­դիր­նե­րուն հետ իրենց հան­դի­պում­նե­րուն ըն­թաց­քին կը նշեն, թէ Նուս­րա ճա­կա­տը ահա­բեկ­չա­կան պի­տի նկա­տեն, երբ Ասատ իշ­խա­նու­թե­նէն հե­ռա­նայ: Եւ երբ սուր­ի­ա­ցի ընդ­դի­մա­դի­րը հարց կու տայ անոր, թէ ե՞րբ Ասատ իշ­խա­նու­թե­նէն պի­տի հե­ռա­նայ: Անոնք կ՛ըսեն. “Այդ մա­սին ոչ մէկ պատ­կե­րա­ցում ու­նինք, սա­կայն ուշ կամ կա­նուխ ան պի­տի հե­ռա­նայ“: Եւ­րո­պա­ցի­նե­րուն դի­մագ­րա­ւած այլ հար­ցե­րէն մէ­կը նա­եւ այն է, որ իրենք իս­կա­պէս լու­սանց­քայ­նա­ցած կը զգան` Ժը­նե­ւի նա­խա­ձեռ­նու­թեան, ինչ­պէս նա­եւ Ռուս­իոյ եւ Ուա­շինկ­թը­նի ու Ախ­տար Իպ­րա­հիմիի մի­ջեւ կա­յա­ցող բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն առու­մով: Յատ­կա­պէս նկա­տի ու­նե­նա­լով այն իրա­կա­նու­թիւնը, որ Իպ­րա­հի­մի իր հան­դի­պում­նե­րուն ըն­թաց­քին կ՛անդ­րա­դառ­նայ միայն ռու­սա­կան եւ ամե­րիկ­եան դե­րա­կա­տա­րու­թեան, նկա­տել տա­լով, որ Սուր­իոյ տագ­նա­պին լու­ծու­մը խո­չըն­դո­տող մի­ակ թնճու­կը կարգ մը Ծո­ցի եր­կիր­ներ են: Ընդ­դի­մա­դիր սուր­ի­ա­ցի­նե­րու կող­մէ իրան­ցի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րու հետ ար­ձա­նագր­ուած կարգ մը հան­դի­պում­ներ ար­տօ­նած են, որ Սուր­իոյ ապա­գա­յին մա­սին քննար­կում­նե­րու կար­կի­նը աւե­լի լայն բաց­ուի: Ճիշդ է, որ Սուր­իոյ տագ­նա­պին մա­սին Թեհ­րա­նի մէջ տար­բեր կար­ծիք­ներ կան եւ իրան­ցի բարձ­րաս­տի­ճան պա­տաս­խա­նա­տու­ներ մնա­յուն կեր­պով Դա­մաս­կոս այ­ցե­լած են եւ մեր­ժած Սուր­իոյ մէջ պար­զուող ներ­քին արիւ­նա­լի պատ­կեր­նե­րը: Սա­կայն ճիշդ է նա­եւ, որ Թեհ­րան իր հիւ­րե­րուն յայտ­նած է, թէ Սուր­իոյ քա­ղա­քա­կան լու­ծու­մը ընդ­դի­մու­թեան եւ վար­չա­կար­գին մի­ջեւ հա­մա­ձայ­նու­թեան վրայ կա­րե­լի է հաս­տա­տել եւ շեշ­տած են, որ Թեհ­րան պի­տի զօ­րակ­ցի որե­ւէ կող­մի, որ Դի­մադ­րու­թեան միտ­քը վառ կը պա­հէ: Իրան ընդգ­ծած է նա­եւ, որ Սուր­իոյ մէջ նա­խընտ­րե­լի է ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւն հաս­տա­տել, ինչ ալ ըլ­լայ անոր բնոյ­թը: Այս առու­մով Թեհ­րան քայլ մը ան­դին կ՛անց­նի եւ կը փոր­ձէ հա­մո­զել վար­չա­կար­գը, որ կարգ մը ընդ­դի­մա­դիր­ներ ազատ ար­ձա­կէ:

Ի՞նչկըվե­րա­բե­րիՌուս­իոյեւՄի­աց­եալՆա­հանգ­նե­րու:

Որոշ տե­ղե­կու­թիւն­նե­րու հա­մա­ձայն, եր­կու կող­մե­րուն մի­ջեւ տե­սա­կէտ­նե­րը բա­ւա­կան մօ­տիկ են. անոնք կը փա­փա­քին, որ սուր­ի­ա­կան բա­նա­կը մի­աս­նա­կան մնայ, որ­պէս­զի կա­րե­լի ըլ­լայ դի­մադ­րել քա­յի­տա­յիեւահա­բեկ­չու­թեան ըն­դար­ձակ­ման ար­շա­ւին դէմ: Անոնք կ՛ու­զեն, որ սուր­ի­ա­կան ընդ­դի­մու­թեան տա­րած­քը ըն­դար­ձակ ըլ­լայ. այս միտ­քը կը բաժ­նեն նա­եւ կարգ մը Ծո­ցի եր­կիր­ներ: Հոս պէտք չէ տա­րօ­րի­նակ թուի, եթէ Արա­բա­կան Մի­աց­եալ Էմի­րու­թիւն­ներն ու Օմա­նը մօ­տիկ ապա­գա­յին ըն­դու­նին ոչ իս­լամ եղ­բայր ընդ­դի­մա­դիր թե­ւե­րու պատ­ուի­րա­կու­թիւն­ներ: Այս առու­մով Արա­բա­կան Մի­աց­եալ Էմի­րու­թիւն­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար շէյխ Ապ­տալ­լա պըն Զա­յէտ Ալ Նահ­ի­ա­նի եւ ոչ իս­լամ եղ­բայր ընդ­դի­մա­դիր սուր­ի­ա­ցի­նե­րու մի­ջեւ հան­դի­պում մը մօ­տա­լուտ է:

Մոսկ­ուա քաջ կը գի­տակ­ցի իշ­խա­նու­թեան վրայ Ասա­տի գո­յա­տե­ւու­մին մա­սին Ուա­շինկ­թը­նի մատն­ուած նեղ կա­ցու­թեան, սա­կայն ռուս պա­տաս­խա­նա­տու­ներ այդ մա­սին հար­ցում­նե­րուն պա­տաս­խա­նե­լով կ՛ըսեն` “այդ հար­ցը պէտք է մէկ­դի դնել եւ հա­մա­ձայ­նիլ Սուր­իոյ քա­ղա­քա­կան ապա­գա­յին շուրջ“, իսկ եթէ հարց տուո­ղը պնդէ իր հար­ցու­մին վրայ, Լաւ­րով կ՛ըսէ. “Սուր­իոյ մէջ մենք մար­գա­րէ­ներ չու­նինք, իսկ Ասա­տի հետ Եւ­րո­պա­յի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը մե­զի հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րէն հա­րիւր ան­գամ աւե­լի լաւ էին, սա­կայն այս մէ­կը սուր­ի­ա­կան հարց է, իսկ նա­խա­գահ Ասատ ցարդ չէ յայտ­նած մե­զի, թէ ինք իշ­խա­նու­թիւնը լքել կ՛ու­զէ, հե­տե­ւա­բար մենք չենք կրնար ստի­պել անոր եւ մեր դե­րա­կա­տա­րու­թիւնը չէ անոր վրայ ճնշում բա­նեց­նել: Մենք մեր պար­տա­կա­նու­թիւնը կա­տա­րած ենք` քիմ­ի­ա­կան զէն­քե­րուն գոր­ծա­ծու­թիւնը ար­գի­լե­լու իմաս­տով, սա­կայն միւս կող­մը սուր­ի­ա­կան զին­եալ ընդ­դի­մու­թեան զէն­քի մա­տա­կա­րա­րու­մը չէ կա­սե­ցու­ցած, այլ կը շա­րու­նա­կէ իր ըն­թաց­քը` Սուր­իոյ եւ սուր­ի­ա­ցի­նե­րուն դէմ“: Ասա­տի մա­սին ռու­սա­կան այս տե­սա­կէ­տին կ՛աւել­նայ նա­եւ Ասա­տի կամ­քը` նա­խա­գա­հա­կան ներ­կայ նստաշր­ջա­նը կրճա­տե­լու եւ կան­խա­հաս նա­խա­գա­հա­կան ընտ­րու­թիւն­ներ կա­տա­րե­լու, եթէ քա­ղա­քա­կան հա­մա­ձայ­նու­թիւն մը գո­յա­նայ, եւ պայ­մա­նաւ որ ինք եւս առա­ջադ­րէ իր թեկ­նա­ծու­թիւնը: Այս մա­սին յայտ­նեց սուր­ի­ա­ցի ակ­նե­րեւ ընդ­դի­մա­դիր անձ­նա­ւո­րու­թիւն մը: Իսկ ոմանք կը հաս­տա­տեն, որ եթէ Ասատ դարձ­եալ առա­ջադ­րէ իր թեկ­նա­ծու­թիւնը, ապա ան բո­լո­րին պի­տի փաս­տէ, թէ ինք տա­կա­ւին կը վա­յե­լէ սուր­ի­ա­ցի­նե­րուն մե­ծա­մաս­նու­թեան զօ­րակ­ցու­թիւնը: Միւս կող­մէ սա­կայն, սուր­ի­ա­ցի այլ ընդ­դի­մա­դիր մը կը փու­թայ շեշ­տե­լու, որ Ասատ իր թեկ­նա­ծու­թիւնը պի­տի չա­ռա­ջադ­րէ, որով­հե­տեւ ան գի­տէ, թէ ինք շատ քիչ թիւով քուէ­ներ պի­տի ստա­նայ:

Արեւմտ­եան աղ­բիւր­ներ կը շեշ­տեն, թէ քա­յի­տա­յիվտան­գա­ւորտար­րերկըգտնուինԼի­բա­նա­նիմէջ, ուր ապա­հով մի­ջա­վայր մը գտած են նա­եւ Սուր­իոյ ազատ բա­նա­կի ան­դամ­ներ: Այս առու­մով, արեւմտ­եան մայ­րա­քա­ղաք­ներ, որոնց մէջ նա­եւ Փա­րիզ, սուր­ի­ա­կան ընդ­դի­մա­դիր Ազ­գա­յին հա­մա­ձայ­նա­կան մար­մի­նէն եւ զին­եալ­նե­րուն վրայ ազ­դե­ցու­թիւն ու­նե­ցող կող­մե­րէն պա­հան­ջած են Լի­բա­նա­նը չէ­զո­քաց­նել: Նշենք, որ վեր­ջին հանգր­ուա­նին արեւ­մուտք­ցի գաղտ­նի սպա­սար­կու­թեան պա­տաս­խա­նա­տու­ներ բազ­միցս այ­ցե­լե­ցին Լի­բա­նան եւ Եւ­րո­պա­յի մէջ ըն­դու­նե­ցին լի­բա­նան­ցի իրենց պաշ­տօ­նա­կից­նե­րը, ուր անոնք փո­խա­նա­կե­ցին այն­պի­սի տե­ղե­կու­թիւն­ներ, թէ Արեւ­մուտ­քի կող­մէ հե­տապնդ­ուած Քա­յի­տա­յի խորհր­դա­նիշ­ներ կը գտնուին Լի­բա­նա­նի եւ Սուր­իոյ մի­ջեւ եւ անոնց կող­մէ ահա­բեկ­չա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ կա­տա­րե­լու հա­ւա­նա­կա­նու­թիւն­նե­րը մեծ են, հե­տե­ւա­բար պէտք է աշ­խու­ժաց­նել տե­ղե­կու­թիւն­նե­րու փո­խա­նա­կու­մը եւ լի­բա­նան­եան ապա­հո­վա­կան կա­ռոյցն ու գաղտ­նի սպա­սար­կու­թիւնը օժ­տել գու­մա­կա­յին օժան­դա­կու­թեամբ եւ հե­տապն­դու­մի ու հսկո­ղու­թեան յա­տուկ սար­քե­րով:

Եթէ նման տե­ղե­կու­թիւն­ներ աւելց­ուին Ռուս­իոյ կող­մէ ամե­րի­կա­ցի­նե­րուն յանձն­ուած Սուր­իոյ մէջ Քա­յի­տա­յի ան­դամ­նե­րուն ցան­կին, Մոսկ­ուա եւ Ուա­շինկ­թըն աւե­լի մեծ թա­փով պի­տի աշ­խա­տին Լի­բա­նա­նի հա­մար քա­ղա­քա­կան հա­մա­ձայ­նու­թիւն մը գտնե­լու նպա­տա­կով: Սա­կայն այդ բո­լո­րը, նուա­զա­գոյ­նը վեր­ջին եր­կու ամիս­նե­րուն ըն­թաց­քին, գետ­նի վրայ ար­ձա­նագր­ուած ապա­հո­վա­կան զար­գա­ցում­նե­րէն կախ­եալ կը մնան: Իսկ բո­լոր նշոյլ­նե­րը ցոյց կու տան, թէ Սուր­իոյ բռնա­րարք­նե­րը հետզ­հե­տէ պի­տի աւել­նան, որով­հե­տեւ իւ­րա­քան­չիւր կողմ տա­կա­ւին հա­մոզ­ուած է, թէ Սուր­իոյ տագ­նա­պը ինք կրնայ լու­ծել: Այս բո­լո­րին կող­քին կան նա­եւ խա­չա­ձե­ւուող հսկայ շա­հեր, որոնք յատ­կա­պէս կը վե­րա­բե­րին մի­ջերկ­րա­կա­նի ծո­վե­զեր­եայ շրջան­նե­րուն մէջ բա­ցա­յայ­տուող քա­րիւ­ղի բնա­կան հարս­տու­թեան: Սպա­սե­լով այն հանգր­ուա­նին, երբ բո­լո­րը հա­մոզ­ուին, թէ քա­ղա­քա­կան արագ լու­ծում մըն է, որ կը փրկէ Սուր­իոյ մնա­ցոր­դա­ցը, արիւ­նա­հե­ղու­թիւնը պի­տի շա­րու­նակ­ուի, նախ­քան բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն յա­ռաջ­խա­ղաց­քը, կամ նախ­քան զի­նուո­րա­կան զար­գա­ցում­նե­րը, որոնք կրնան Սուր­իոյ մէջ տի­րող տա­րա­զը շրջել, նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ հոն այ­լեւս ամէն ինչ կա­րե­լի է:

Իր կար­գին, Ռո­զա­նա Պու Մուն­սեֆ մեկ­նա­բա­նե­լով Ասա­տի ճա­ռը “Նա­հար“օրա­թեր­թին մէջ կը գրէ, թէ Սուր­իոյ նա­խա­գահ Պաշ­շար Ասա­տի ար­տա­սա­նած վեր­ջին ճա­ռէն ետք հիմ­նա­կան հար­ցու­մը ուղղ­ուած պի­տի ըլ­լայ Ռուս­իոյ, որուն ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րը` Սեր­գէյ Լաւ­րով ամէն առի­թի շեշ­տեց Ժը­նե­ւի հա­մա­ձայ­նա­գի­րին գոր­ծադ­րու­թեան անհ­րա­ժեշ­տու­թիւնը, նե­րառ­նե­լով նա­եւ փո­խանց­ման հանգր­ուա­նը:

Մինչ Լաւ­րով մնա­յուն կեր­պով կ՛ընդգ­ծէր այդ փաս­տա­թուղ­թին գոր­ծադ­րու­թեան կա­րե­ւո­րու­թիւնը, Ասատ իր ճա­ռին մէջ հաս­տա­տեց, որ ինք կը մեր­ժէ Ժը­նե­ւի հա­մա­ձայ­նա­գի­րը եւ անոր պար­փա­կած փո­խանց­ման հանգր­ուա­նը: Այս իրա­կա­նու­թիւնը Արեւ­մուտ­քին դի­մաց Ռուս­ի­ան նեղ կա­ցու­թեան պի­տի մատ­նէ, ինչ­պէս նա­եւ մրցակ­ցու­թեան պի­տի են­թար­կէ Սուր­իոյ տագ­նա­պին լուծ­ման նպա­տա­կով իր ներ­կա­յա­ցու­ցած բո­լոր լու­ծում­նե­րը, որոնք բխած են Սուր­իոյ կառ­չած մնա­լու Մոսկ­ուա­յի յանձ­նա­ռու­թե­նէն: Այս կա­ցու­թիւնը ինք­զինք պար­տադ­րեց նա­խա­գահ Ասա­տի ճա­ռէն ետք, յատ­կա­պէս այն առու­մով, որ Ասատ ոչ միայն ջրեց Սուր­իոյ տագ­նա­պին լուծ­ման ՄԱԿ-ի եւ Արա­բա­կան լի­կա­յի յա­տուկ պատ­ուի­րակ Ախ­տար Իպ­րա­հիմիի նա­խա­ձեռ­նու­թիւնը, այլ նա­եւ այն նա­խա­ձեռ­նու­թիւնը, որ առա­ջարկ­ուած էր իր դաշ­նա­կից Իրա­նի կող­մէ: Սա­կայն այս վեր­ջինս իր ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րին հաս­տա­տու­մով զօ­րակ­ցու­թիւն յայտ­նեց Ասա­տի առա­ջադ­րած նա­խա­ձեռ­նու­թեան, աւելց­նե­լով, որ Սուր­իոյ տագ­նա­պին լուծ­ման նպա­տա­կով ներ­կա­յաց­ուած իրան­եան եւ սուր­ի­ա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րը գրե­թէ ներ­դաշ­նակ են:

 

Մի­ջին Արե­ւել­քի Հայ Դա­տի Գրա­սեն­եակ

     Յուն­ուար 2013

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles