
Վերստին նախագահ ընտրուած Բակօ Սահակեան, կառավարութեան կազմութեան գործընթացի աւարտին, իւրայատուկ յայտարարութիւններ կատարեց, որոնք անկասկած որ պիտի ունենան իրենց դերն ու իմաստը, յառաջիկայ տարիներու Արցախեան հիմնահարցի քննարկման գծով կատարուելիք ժողովներուն ընթացքին:
Ամենայն վճռակամութեամբ եւ ինքնավստահութեամբ, նախագահ Սահակեան կը շեշտէ թէ Արցախի իշխանութիւնները, քննարկելու համար զանազան բնագաւառներէ ներս գոյութիւն ունեցող հարցեր, ո՛չ միայն պատրաստ են ուղղակի բանակցելու Ատրպէյճանի հետ, այլ նաեւ այդ ոճն ու ձեւն է որ պէտք է կիրարկուի: Նախագահ Սահակեան կը նշէ թէ որեւէ քաղաքական, ռազմական եւ մարդասիրական հարց քննելու համար, դէմ հանդիման պիտի քան երկու խնդրոյ առարկայ կողմերը` Արցախի եւ Ատրպէյճանի հանրապետութիւնները:
ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակցութեան եւ ընդհանրապէս քաղաքականութեան ոլորտէն ներս գործող կառոյցներուն համար յստակ է Արցախի նախագահին պատգամը:
Յստակ է թէ Արցախի անկախութիւնն ու անվտանգութիւնը, քննարկման առարկայ դարձնելը անսակարկօրէն անտեղի եւ անկարելի է:
Հարցը կը վերաբերի Արցախին եւ անոր բնակչութեան ինքնորոշման: Հետեւաբար, միջազգային դէտերու կողմէ բազմիցս Հայաստան-Ատրպէյճան կամ նոյնիսկ երրորդ երկիր մըն ալ աւելցնելով` Հայաստան – Ատրպէյճան – Թուրքիա բանակցութիւնները անտրամաբանական եւ անտեղի են Արցախի ներկայ ղեկավարութեան համար: Պարզ ու մէկին, երկու երկիրներ` Արցախ եւ Ատրպէյճան պէտք է որ քննարկեն հարցը:
Բնականաբար Ստեփանակերտի կերտած այս ճկուն քաղաքականութիւնը` յստակօրէն բնութագրուած հակամարտութիւնը կ՛անհանգստացնէ թէ՛ Պաքուն եւ թէ՛ Անգարան:
Հոս տեղին է շեշտել թէ նախագահ Սահակեան, դիտմա՛մբ չնշէր դաշնակից Հայաստանը, պարզապէս այն իրապաշտ մօտեցումով, որ ինքնորոշուող կողմը Արցախի Հանրապետութիւնն է եւ իր աննման ժողովուրդը: Հետեւաբար նմանօրինակ կարծր կեցուածք Արցախի ղեկավարութեան կողմէ, միեւնոյն վճռակամութեան պարտաւորութիւնը կը ստեղծէ Հայաստանի համար:
Նախագահ Սահակեան, նմանօրինակ անկիւնադարձային եւ վճռակամ արտայայտութիւն կը կատարէ, երբ դեռ վերջերս հայորդի զինուորական մը կացինահարած ազերի զինուորական մը ազատ արձակուած էր եւ իբրեւ հերոս վերադարձած էր Պաքու,…երբ դեռ այդ նոյնինքն Պաքուն կը շարունակէ դրամ մսխել, կատարելագործելու եւ հզօրացնելու համար իր բանակը:
ՀԱՅՐԵՆԻՔ
Խմբագրական
Սեպտեմբեր 24, 2011