ԱՐ­ՏԱ­ԳԱՂ­ԹԻ ՎՏԱՆ­ԳԱ­ՒՈՐ ԻՐԱ­ՎԻ­ՃԱ­ԿԸ ԿԸ ՇԱ­ՐՈՒ­ՆԱԿ­ՈՒԻ

0 0
Read Time:2 Minute, 4 Second

p2 migration  vvv

ԵՐԵ­ՒԱՆ.- Ար­տա­գաղ­թի ու­սում­նա­սի­րու­թեան յանձ­նա­ժո­ղո­վը մին­չեւ Յունուար 24, պի­տի հրա­պա­րա­կէ իր ու­սում­նա­սի­րու­թեան ար­դիւնք­նե­րը: Հա­ւաս­տի տե­ղե­կու­թիւն­նե­րու հա­մա­ձայն` նախ­նա­կան տե­ղե­կու­թիւն­ներ ար­դէն կան եւ անոնք բա­ւա­կան աղէ­տա­լի են:

Գաղ­թա­կա­նու­թեան պե­տա­կան ծա­ռա­յու­թիւնը առա­ջար­կած էր պիւտ­ճէ­էն գու­մար յատ­կաց­նել` ար­տա­գաղ­թի պատ­ճառ­նե­րը ու­սում­նա­սի­րե­լու հա­մար: Այս ու­սում­նա­սի­րու­թիւնը Գի­տու­թեան պե­տա­կան կո­մի­տէն պատ­ուի­րած էր Հայ-ռու­սա­կան սլա­ւո­նա­կան հա­մալ­սա­րա­նին: Վար­չա­պետ Տիգ­րան Սարգս­եա­նը խորհր­դա­րա­նին մէջ ար­տա­գաղ­թի վե­րա­բեր­եալ պատ­գա­մա­ւոր­նե­րուն հար­ցում­նե­րուն պա­տաս­խա­նե­լով յայտ­նած էր, որ ու­սում­նա­սի­րու­թիւն կը կա­տար­ուի ար­տա­գաղ­թի երե­ւոյ­թին պատ­ճառ­նե­րը աւե­լի լաւ հասկ­նա­լու, շար­ժա­ռիթ­նե­րը աւե­լի ման­րակր­կիտ գիտ­նա­լու հա­մար, որ­պէս­զի իրենց գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը ար­դիւ­նա­ւէտ ըլ­լան:

Հա­յաս­տա­նի Գաղ­թա­կա­նու­թեան ծա­ռա­յու­թեան ղե­կա­վար Գա­գիկ Եգան­եա­նը, որ նա­եւ կը մաս­նակ­ցի ու­սում­նա­սի­րա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն, Յուն­ուար 15-ին յայտ­նած է, որ “Ար­տա­գաղ­թի հոս­քե­րի վե­րա­բեր­եալ ընտ­րան­քա­յին հե­տա­զօ­տու­թեան“ ար­դիւնք­նե­րը, ըստ պայ­մա­նա­գի­րին, պէտք է պատ­րաստ ըլ­լան Յուն­ուար 24-ին: Ան չէ ու­զած թիւեր հրա­պա­րա­կել` խոր­հուրդ տա­լով սպա­սել ու­սում­նա­սի­րու­թեան հրա­պա­րակ­ման: “Մեր տե­ղե­կու­թիւն­նե­րով, հարց­ուած­նե­րի 80 եւ աւե­լի տո­կո­սը ար­տա­գաղ­թը կա­պել են սոց­ի­ալ-տնտե­սա­կան, մեղմ ասած, վատ պայ­ման­նե­րի, աշ­խա­տա­տե­ղե­րի բա­ցա­կա­յու­թեան հետ“, գրած է “Հայ­կա­կան Ժա­մա­նակ“ը:

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles