ԱՐ­ԼԻՆԿ­ԹԸ­ՆԻ ՀԱՅ ՄՇԱ­ԿՈՒ­ԹԱ­ՅԻՆ ՀԻՄ­ՆԱՐԿ.- ԳԻՐ­ՔԻ ՆԵՐ­ԿԱ­ՅԱ­ՑՈՒՄ` “ՆԱ­ԽԱ­ԳԱՀ ՔՈՒ­ԼԻ­Ճ ԵՒ ՀԱՅ ՈՐ­ԲԵ­ՐՈՒ ՆՈՒԻ­ՐԱԾ ԳՈՐ­ԳԸ“

0 0
Read Time:6 Minute, 51 Second

arl1  Կի­րա­կի, Հոկ­տեմ­բեր 20-ին, տե­ղի ու­նե­ցաւ Դոկտ. Յա­կոբ Մար­թին Տե­րան­եա­նի, անգ­լե­րէն լե­զուով լոյս տե­սած “Նա­խա­գահ Քալ­վին Քու­լիճ եւ Հայ Որ­բե­րու Գոր­գը“ (President Calvin Coolidge and the Armenian Orphan Rug) գիր­քին ներ­կա­յա­ցու­մը, Ար­լինկ­թը­նի Հայ Մշա­կու­թա­յին Կեդ­րո­նին (Մա­սա­չու­սէց) մէջ:arl3

Աւե­լի քան ութ­սուն ներ­կա­ներ ժա­մա­նած էին հիմ­նար­կի կեդ­րո­նէն ներս: Բաց­ման խօս­քը կա­տա­րեց, Կեդ­րո­նի նա­խա­գահ Ռա­պըրթ Մայ­րաք, որ իր խօս­քին մէջ յայտ­նեց թէ հա­յա­սէր եւ յատ­կա­պէս հա­յու­թեան հա­մար ծա­ռա­յած ամե­րի­կա­ցի­նե­րու եւ եւ­րո­պա­ցի­նե­րու շար­քը եր­կար է: Ան աւել­ցուց թէ այս բա­րե­սիրտ անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րու կա­տա­րած ար­կա­ծախնդ­րու­թե­նէն աս­դին դար մը ան­ցած, սա­կայն անոնց կա­տա­րած գոր­ծը ցայ­սօր կը մնայ ան­մո­ռա­նա­լի: Դիւա­նա­գի­տա­կան, բա­րե­գոր­ծա­կան եւ եր­բեմն ալ տնտե­սա­կան պար­տա­կա­նու­թիւն­նե­րով գոր­ծուղ­ուած այս անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րը, զա­նա­զան շրջան­նե­րէն ներս ակա­նա­տես եղան զար­հու­րե­լի իրա­դար­ձու­թիւն­նե­րու: Անոնք ակա­նա­տես եղան բռնա­գաղ­թին, ամէն գնով փոր­ձե­ցին ահա­զանգ հնչեց­նել, տե­ղե­կագ­րեր, փաս­տե­րով լե­ցուն թղթած­րար­ներ, փաս­տագ­րա­կան լու­սան­կար­ներ յղե­լով: Այս գթա­սիրտ անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րէն ոմանք ան­բախտ դուրս գա­լով, զոհ գա­ցին: Այլ բա­րե­սիրտ­ներ, այն­քան մը ազդ­ուած պա­տա­հա­ծէն, չվե­րա­դար­ձան հա­մե­մա­տա­բար աւե­լի հան­գիստ պայ­ման­նե­րու մէջ սպա­սող իրենց ծննդա­վայ­րը: Անոնք մնա­ցին որ­բե­րուն հետ, հաս­նե­լով Սուր­իա եւ Լի­բա­նան:

arl4  Հիմ­նար­կի պա­տաս­խա­նա­տու Արա Ղա­զար­եանց, իր կար­գին խօսք առ­նե­լով, յատ­կա­պէս անդ­րա­դար­ձաւ զուի­ցեր­ի­ա­ցի Եա­քոպ “Փա­փա“ Քիւնց­լե­րի մա­սին, որ իր կո­ղա­կից “Մա­մա“ Էլի­զա­պէ­թի հետ կրցած էին հա­րիւ­րա­ւոր որ­բե­րու օգ­նու­թեան հաս­նիլ:

Մար­դա­սի­րա­կան աշ­խա­տանք­նե­րու մաս­նա­գէտ Հեր­ման Քրիս­թի եւ գեր­մա­նա­ցի բնա­գէտ Եո­հան­նէս Լէփ­սիու­սի կող­մէ, գոր­ծուղ­ուած Ուր­ֆա­յի գեր­մա­նա­կան “Deutsche Orient-Mission“ հիւան­դա­նոց, Քիւնց­լըր շու­տով շրջա­նի սո­վո­րու­թիւն­նե­րուն, ապ­րե­լա­կեր­պին եւ զա­նա­զան լե­զու­նե­րու (հա­յե­րէն, քրտե­րէն, արա­բե­րէն եւ թրքե­րէն) կը տի­րա­պե­տէ եւ կը դառ­նայ կեդ­րո­նա­կան տի­պար մը: Ան իր կո­ղա­կի­ցին հետ կառ­չած կը մնայ աշ­խա­տան­քին. այն­քան մը, որ երբ 1922ին, վե­րո­յիշ­եալ հիւան­դա­նո­ցը կը փակ­ուի, նուիր­ուած իր սուրբ աշ­խա­տան­քին, կը շա­րու­նա­կէ գոր­ծել Սուր­իոյ եւ ապա Լի­բա­նա­նի մէջ, 1923էն մին­չեւ 1949:

Հա­կա­ռակ տի­րող դժուա­րու­թիւն­նե­րուն եւ յատ­կա­պէս թուրք պե­տու­թեան յա­րու­ցած խո­չըն­դոտ­նե­րուն, ան հայ­րա­կան գուր­գու­րանք ցու­ցա­բե­րեց հայ որ­բե­րուն:

Անոնք յա­ջո­ղե­ցան ութ հա­զար որ­բեր փո­խադ­րել Սուր­իա, ապա Լի­բա­նան: Իրենց հա­մար դժուար էր պար­տա­կա­նու­թիւնը, յատ­կա­պէս հայ­րա­կան եւ մայ­րա­կան պար­տա­կա­նու­թիւնը, նոյն­քան բծախնդ­րու­թեամբ կա­տա­րել հա­զա­րա­ւոր պա­տա­նի­նե­րուն հան­դէպ:

Այս­պէս, բազ­ման­դամ քիւնց­լեր­եան ըն­տա­նիք մը, ամե­րիկ­եան “Near East Relief“ հիմ­նար­կին հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ բնա­կու­թիւն հաս­տա­տեց Լի­բա­նա­նի Ղա­զիր շրջա­նի մէջ, ուր հիւս­ուե­ցաւ այդ պատ­մա­կան գոր­գը, որ նուիր­ուե­ցաւ նա­խա­գահ Քալ­վին Քու­լի­ճի:

arl5  Դոկտ. Յա­կոբ Մար­թին Տե­րան­եան ներ­կա­յա­ցուց իր գիր­քը, մի­եւ­նոյն ժա­մա­նակ սա­հիկ­նե­րու օժան­դա­կու­թեամբ, ներ­կա­յաց­նե­լով տե­սա­րան­ներ եւ յա­ւել­եալ ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ: Ան յայտ­նեց թէ այս գոր­գի գոր­ծա­րա­նը գոր­ծեց տնօ­րէ­նու­թեամբ Քիւնց­լե­րի եւ հսկո­ղու­թեամբ վար­պետ Յով­հան­նէս Թաշճ­եա­նի: Հայ որ­բե­րը 18 ամիս­ներ, շա­րու­նակ գոր­ծե­լով` վեր­ջա­ցու­ցած են այդ 18 ոտք եր­կա­րու­թեամբ եւ 12 ոտք լայն­քով գոր­գին աշ­խա­տան­քը 1924-էն 1925-ի մի­ջեւ: Այս գոր­գը հիւս­ուած է չորս միլի­ոն հան­գոյ­ցով, նկա­րա­զարդ­ուած է զա­նա­զան կեն­դա­նի­նե­րու պատ­կեր­նե­րով եւ կը ներ­կա­յաց­նէ Սուրբ Գիր­քի Ադա­մի պար­տէ­զը:

arl2  1926ին, այս գոր­գը կը նուիր­ուի Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու նա­խա­գահ` Քու­լի­ճի, որ­պէս երախ­տա­գի­տու­թիւն` Հայ­կա­կան Ցե­ղաս­պա­նու­թեան Հայ Որ­բաշ­խար­հի որ­բե­րուն կող­մէ` Ամե­րի­կա­յի ժո­ղո­վուր­դին, որ Ամե­րիկ­եան նպաս­տա­մա­տոյ­ցին մի­ջո­ցաւ մե­ծա­պէս օգ­տա­կար հան­դի­սա­ցաւ հայ որ­բե­րուն:

Նա­խա­գահ Քու­լիճ գոր­գը կը պա­հէ Սպի­տակ Տան Կա­պոյտ սեն­եակին մէջ, մին­չեւ1928, իսկ անոր նա­խա­գա­հու­թեան շրջա­նէն ետք, իր տա­նը մէջ կը պա­հէ գոր­գը: Իր մա­հէն ետք գոր­գը կը մնայ անոր ըն­տա­նի­քին մօտ, մին­չեւ 1983 թուա­կան, երբ գոր­գը կը վե­րա­դարձ­ուի ամե­րիկ­եան պե­տու­թեան եւ կը զե­տեղ­ուի պե­տա­կան շտե­մա­րա­նի մը մէջ:

Տե­րան­եան յայտ­նեց թէ Մա­յիս 19, 1939-ին ի յար­գանք իր տա­րի­նե­րու աշ­խա­տան­քին, Լի­բա­նա­նի գա­ղու­թը յա­տուկ ձեռ­նարկ մը կազ­մա­կեր­պած էր, Քիւնց­լեր ամո­լին, ներ­կա­յու­թեամբ հայ թէ օտար հոծ բազ­մու­թեան մը: Հայ, տե­ղա­ցի թէ օտար բա­նա­խօս­ներ վեր առած էին Քիւնց­լե­րի գոր­ծու­նէ­ու­թիւնը:

Ձեռ­նար­կի աւար­տին, Քիւնց­լեր գերզ-զգաց­ուած, յայտ­նած է թէ.- Որո­շե­ցի ծա­ռա­յել այդ ժո­ղո­վուր­դին` ան­կեղծ եղ­բօր մը նման: Եւ այդ օրէն ի վեր, կը հա­ւա­տամ, որ բո­լոր բար­բա­րո­սա­կան մի­ջոց­նե­րը, որ ի գործ կը դրուին, քան­դե­լու եւ ջար­դե­լու հա­մար հայ ժո­ղո­վուր­դը` ձա­խո­ղած են եւ դա­տա­պարտ­ուած են ձա­խո­ղե­լու“:

Ձեռ­նար­կի աւար­տին, տե­ղի ու­նե­ցաւ հարց-պա­տաս­խան: Ապա, կա­տար­ուե­ցաւ գի­նե­ձօն, ներ­կա­յու­թեամբ Ուա­թըր­թաու­նի Աւե­տա­րա­նա­կան Առա­ջին եկե­ղեց­ւոյ պատ­ուե­լի Աւե­տիս Պօյ­նէր­եա­նի, որ իր խօս­քին մէջ յայտ­նեց թէ.- Շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­լը իւ­րա­յա­տուկ երե­ւոյթ մըն է, իսկ այս որ­բե­րուն ներ­կա­յա­ցու­ցած շնոր­հա­կա­լու­թիւնը, իս­կա­պէս յի­շա­տա­կե­լի:

Ապա կա­տար­ուե­ցաւ գիր­քի մա­կագ­րու­թիւն եւ հիւ­րա­սի­րու­թիւն:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles