
Ատրպէյճանի կողմէ բռնագրաւուած Արցախի տարածքներուն մէջ, մասնաւորաբար բերդաքաղաք Շուշի, տեղի ունեցաւ Պաքուի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական անձնակազմի եւ միջազգային կազմակերպութիւններու շուրջ յիսուն ներկայացուցիչներու այցելութիւնը: Ատրպէյճանի այս նախաձեռնութիւնը միտում ունէր միջազգային ընտանիքին առջեւ օրինականացնելու Արցախի վրայ ներխուժումը եւ հայկական տարածքներու բռնագրաւումը։ Ատրպէյճանական «Մինվալ» կայքը հաղորդեց, որ դիւանագիտական ներկայացուցիչները նախ ծանօթացան Վարանդայի մէջ կառուցուող միջազգային օդակայանին, ապա դիւանագէտները մեկնեցան Շուշի: Անոնք ծանօթացան քաղաքի տարբեր պատմամշակութային յուշարձաններուն:
Նշենք, որ Ե.Ա.Հ.Կ.-ի Մինսքի խումբի անդամ երկիրներու՝ Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի դիւանագիտական ներկայացուցիչները մերժեցին մաս կազմել այցելութեան։