Լրահոս

Ատրպէյճանի Կրօնապետ Փաշազատէ Կը Մեղադրէ Հայ Առաքելական Եկեղեցին

ՊԱՔՈՒ․- Ատրպէյճանի կրօնապետ Ալլահշուքիւր Փաշազատէ բողոքի նամակ յղած է Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Ճերի Փիլէյին` ընդգծելով, որ կրօնական ղեկավարները պէտք է ծառայեն միասնական Արարիչին եւ ճշմարտութեան, խթանեն խաղաղութիւնն ու փոխըմբռնումը եւ «չսադրեն տագնապներ»: Ան իր նամակին մէջ մեղադրած է հայ առաքելական եկեղեցին «մարդոց բռնութեան մղելու, հայ ժողովուրդին մինչեւ մահ պայքարելու կոչ ուղղելու, հայ ժողովուրդի ապագան նոր վտանգներու եւ աղէտներու մէջ ներքաշելու մէջ»:

Փաշազատէ առաջարկած է, որ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը պատուիրակութիւն ուղարկէ շրջանին մէջ իրական կացութեան ծանօթանալու համար: Ան ըսած է, թէ 86.600 քառակուսի քիլոմեթր տարածք ունեցող Ատրպէյճանի տարածքին մէջ «Արցախ» անունով վարչական միաւոր չկայ եւ, թէ նոյնիսկ Հայաստանի վարչապետը ստիպուած էր ճանչնալ այս պատմական իրողութիւնը։

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button