
Ա.Ա.
Արցախեան երկրորդ պատերազմէն ետք հարաւային կովկասեան ռազմաքաղաքական
իրադրութիւններուն մէջ աննախընթաց լարուածութիւն մը կ՛ապրի
Ատրպէյճան – Իրան յարաբերութիւնները՝ քանի մը պատճառներով։Երբ Իրան
Ատրպէյճանի հետ սահմանին վրայ լայնածիր ռազմափորձեր կատարեց,
Թեհրան – Պաքու քողարկուած լարուածութիւնը ստացաւ հրապարակային փոխադարձ
կշտամբանքի եւ քննադատութիւններու վիճակը, ուր իրանցիք առաւելաբար
խօսեցան Իրանեան սահմաններուն մօտ եւ Իրանի ազդեցութեան ծիրին
մէջ գտնուող գօտիներու մէջ իսրայէլեան աշխուժ
գործունէութիւններու եւ ներկայութեան վտանգներուն մասին, որոնք
անընդունելի համարուեցան եւ յայտարարուեցաւ սիոնական պետութեան
հարաւային կովկասի մէջ ներկայութեան գործօններուն չէզոքացման
վերաբերեալ Իրանի հաստատակամութիւնը։
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Էմիր Ապտիւլահիան
Մոսկուայի մէջ ռուս իր պաշտօնակիցին՝ Սերկէյ Լաւրովի հետ
տեսակցութենէն ետք կատարեց առաջին հրապարակային յայտարարութիւնը եւ
կշտամբեց Պաքուի իշխանութիւնները՝ Իրանի ազգային շահերն ու
ապահովութիւնը անտեսելու եւ վտանգելու համար եւ շեշտեց, որ Իրանի դէմ
ոչ մէկ պետութիւն կրնայ արգելքներ յարուցել՝ իր ազգային
ապահովութեան դէմ ցցուած վտանգները չէզոքացնելու համար։
Իրանցիք քանի մը շաբաթէ ի վեր բացէն ի բաց կը խօսին Ատրպէյճանի
մէջ իսրայէլեան գործունէութիւններու աշխուժացման
մասին։ Ապտիւլահիան նշեց այն գործօնները, որոնք կը մտահոգեն
Իրանը։ «Արտաքին որոշ ուժեր կը ջանան ազդեցութիւն գործել Հարաւային
Կովկասի վրայ, որպէսզի փոխեն սահմանները, փակեն սահմանային
անցումները կամ զանոնք տեղաշարժի ենթարկեն։ Միաժամանակ մենք
նկատեցինք ահաբեկիչներու ներկայութիւնը, որոնք Հարաւային Կովկաս
հասան Ղարաբաղի պատերազմին ժամանակ։ Մենք այս նշումները կը կատարենք՝
առանց հարցականի տակ առնելու մեր դրացի երկիրներուն հողային
ամբողջականութիւնը։ Ատրպէյճանի մեր գործընկերները
բանակցութիւններուն ընթացքին մեզի վստահեցուցին, որ հարաւային
կովկասը ահաբեկիչներէն մաքրելու քայլերու պիտի դիմեն», յայտարարեց
Իրանի արտաքին գործոց նախարարը։
Ըստ Ապտիւլահիանի, Թեհրան նաեւ չափազանց մտահոգ է իսրայէլեան
գործօնով։ «Պէտք է նաեւ նշեմ սիոնական վարչակարգին սադրիչ շարժումը
Հարաւային Կովկասի մէջ՝ Ատրպէյճանի տարածքէն։ Ասիկա Թեհրանի համար
անընդունելի է եւ այս խնդիրը պէտք է կարգաւորուի բարի դրացնութեան եւ
բարեկամութեան հիմամբ», աւելցուց ան զանոնք։ Անընդունելի է, որ
Իրանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւնները խզուին երրորդ
երկրի մը պատճառով», ըսաւ ան եւ հաստատեց, որ քանի մը շաբաթ առաջ
Ատրպէյճանի հետ սահմանին վրայ իրանեան ռազմափորձերը այս հարցին
պատճառով կազմակերպուեցաւ։ «Հիւսիսարեւելեան շրջաններուն մէջ
իրանեան ռազմափորձերուն պատգամը խաղաղութիւն եւ բարեկամութիւն էր՝
դրացի երկիրներուն հետ։ Իսկ նպատակն էր կանխարգիլել սիոնական
վարչակարգին եւ ծայրայեղական խմբաւորումներու Հարաւային Կովկաս
ներթափանցումը», ընդգծած էր ան։
Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Սէյիտ խաթիպզատէ,
Ապտիւլահիանի այս յայտարարութիւններէն քանի մը օր ետք առաւել
կարծրացուց քննադատական ոճը եւ շեշտեց, որ Ատրպէյճանէն Իրանի
ակնկալութիւնները չեն արդարացած՝ հաստատելով, որ Թեհրան չի պատրաստուիր
համակերպելու սիոնական վարչակարգին ներկայութեան իր սահմաններուն
մօտ։ «Իրան կատակ չ՛ըներ իր ապահովութեան հարցերուն մէջ։ Մեր
դրացիները շատ լաւ գիտեն այս մասին։ Մենք յստակօրէն փոխանցած ենք մեր
մտահոգութիւնները Ատրպէյճանի ղեկավարութեան, որ խոստացած է քննարկել։
Պաքուի հակադարձութիւնը չուշացաւ։ Արտաքին գործոց նախարարութեան
բանբեր Լէյլա Ապտիւլաեւա առանց դիւանագիտական ձեւակերպումներու, պնդեց,
որ Իրան կը զրպարտէ Ատրպէյճանը։ «Քառասուն չորսօրեայ պատերազմին
ընթացքին մենք յայտարարած ենք եւ այսօր ալ կը վերահաստատենք,որ
Ազրպէյճանի մէջ ահաբեկիչներ չեն եղած եւ չկան։նման
յայտարարութիւններ չեն փխիր Իրանի շահերէն», աւելցուց ապտիւլաեւա։
Թեհրանի եւ իրանի միջեւ դիւանագիտական այս սուր բանավէճը այսքանով
չսահմանափակուեցաւ։Աղմկահարոյց յայտարարութիւն մը կատարեց Իրանի
սահմանապահ զօրքերու հրամանատար զօրավար Ալի Կիւտարզի, երբ պնդեց, որ
Իսրայէլի դրդմամբ Ատրպէյճան նոր կարգ ու կանոն հաստատած է Իրանէն
Հայաստան ուղղուող մայրուղիին վրայ, որուն քսանմէկ քիլոմեթրը
արցախեան երկրորդ պատերազմէն ետք Ատրպէյճանի տիրապետութեան տակ անցած
է։Ան նաեւ ընդգծեց,որ հարաւային կովկասեան շրջանին մէջ Իսրայէլ
ամէնէն աւելի ներկայութիւն է ատրպէյճանի մէջ։ Մինչ այդ
ատրպէյճանական աղբիւրներ հաղորդեցին,որ Իրան փակած է իր օդային
տարածքները՝ ատրպէյճանական զինուորական օդանաւերու դիմաց։Սակայն այս
տեղեկութիւնը պաշտօնապէս չհաստատուեցաւ։
Արցախեան երկրորդ պատերազմը ճիշդ է,որ լուսարձակի տակ բերաւ
Հարաւային Կովկասի մէջ ռազմաքաղաքական կեդրոնական դերակատարութիւն
ունենալու Թուրքիոյ ծրագրերը, Ատրպէյճանի տրամադրուած իսրայէլեան
զինուորական օժանդակութիւնները առաւելաբար մնացին շուքի
մէջ։Իսրայէլեան այս օժանդակութիւնը արդիւնք էր Պաքու – Թէլ Աւիւ
արդիւնաւէտ գործակցութեան մը, որ ատրպէյճանական ցամաքային ուժերուն եւ
օդուժին տրամադրեց իսրայէլեան հրթիռներ եւ գերարդիական տրոններ։Այս
ծիրին մէջ ալ պէտք չէ մտահան ընել, որ Իսրայէլ Ատրպէյճանի
զինամթերքին քառասուն առ հարիւրին հայթայթիչն է։
Ատրպէյճան – Իսրայէլ նման գործակցութեան դիմաց, Հայաստան միայն
անցեալ տարի Թէլ Աւիւի մէջ բացաւ իր դեսպանատունը, իսկ դեսպանը տուն
կանչեց՝ բողոքելով Արցախեան երկրորդ պատերազմին ընթացքին
իսրայէլեան զինական օժանդակութիւններուն դէմ, որոնք տրամադրուած էին
Ատրպէյճանի։
Առաւել հասկնալու համար Ատրպէյճանի օժանդակելու Իսրայէլի
նպատակները, անշուշտ առաջին հերթին պէտք է ի մտի ունենալ իրանեան
գործօնը։Իրանի մէջ այսօր կ՛ապրին աւելի մեծ թիւով ազերիներ՝ քան
ատրպէյճանցիներ Ատրպէյճանի մէջ։ Ասիկա Իրանի համար երկսայրի ահաւոր
սուր մըն է, որուն յատկութիւնները շատ լաւ ըմբռնած են թէ՛
իսրայէլացիները եւ թէ՛ ատրպէյճանցիները։ Կայ նաեւ ամերիկեան
գործօնը, որ կը դրսեւորուի Իրանի դէմ տնտեսական եւ այլ բնոյթի ծանր
պատժամիջոցներու գործադրմամբ եւ Ատրպէյճանի մէջ իսրայէլեան ազդու
ներկայութիւն մը այս իմաստով ամերիկացիներուն հաշւոյն կու գայ։ Այս
պատճառով ալ իրանցիք ոգի ի բռին կը պայքարին, որպէսզի Գորիս- Կապան
մայրուղիին Ատրպէյճանի տիրապետութեան տակ անցած քսանմէկ քիլոմեթր
երկարութեամբ հատուածին վրայ իրանեան բեռնատարներուն երթեւեկութեան
հարցը բարւօք լուծում մը գտնէ, որովհետեւ Թեհրան այս հարցը տեղաւորած
է իր դէմ հաստատուած ամերիկեան պատժամիջոցներուն ծիրին մէջ։
Դիւանագիտական լարուածութեան նման ենթահողին վրայ էր, որ կայացաւ
Իրանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ
հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը, որուն ընթացքին առաւելաբար
քննարկուեցաւ իրանեան բեռնատարներուն երթեւեկութեան դէմ դրուած
ատրպէյճանական արգելքներուն եւ սահմանափակումներուն խնդիրը։Սակայն
Ապտիւլահիան- Պայրամով հաղորդակցութիւնը աւելի քան ճիգ մըն էր՝
քննարկելու համար Պաքու- Թեհրան լարուածութեան խնդիրները, որոնց
շարքին ամէնէն վտանգաւորը թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ ամբողջ Հարաւային
Կովկասի համար շրջանին մէջ Իսրայէլեան ներկայութիւնն է, որուն
նկատմամբ նաեւ միշտ պէտք է ի մտի ունենալ թրքական պաշտօնական
կեցուածքները, որոնք աւելի կրնան յստականալ Էրտողան- Պայտըն
տեսակցութենէն ետք։