
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
«Ժամանակ»
յապաւումով
Հայ նշանաւոր բժիշկ, առողջաբան եւ կազմախօս Վահան Արծրունին 1892-1893 թուականներուն եղած է հնդկախտ կամ սեւցաւ (քոլերա) կոչուած հիւանդութեան յարուցած համաճարակին դէմ մղուած պայքարի գործուն կազմակերպիչներէն մէկը: Պատմութեան մէջ եղած են քոլերայի բազմաթիւ համաճարակներ. Արծրունիի գործած ժամանակաշրջանին համընկած են հնդկախտի հինգերորդ եւ վեցերորդ համաճարակները, որ զանազան երկիրներու մէջ տարածուած են 1881-1896 եւ 1899-1923 թուականներուն միջեւ:
Մարդկութեան յայտնի առաջին հնդկախտի համաճարակը կը թուագրուի 1816-1826 թուականներուն. հակառակ որ բժշկութիւնը յետագային հետեւողականօրէն պայքարած է սուր աղիքային տարափոխիկ այդ հիւանդութեան տարածման դէմ՝ դեղեր եւ կանխարգելիչ միջոցներ գտնելով, մեր օրերուն տակաւին կ՚ըլլան հնդկախտի բռնկումներ: Վերջին համաճարակներէն յայտնի են 2008-2009 թուականներուն Զիմպապուէի մէջ բռնկածը, 2016-2017 թուականներուն Եմէնի մէջ անոր տարածումը. 2010-էն մինչեւ օրս ալ Հայիթիի մէջ հնդկախտի բռնկումներ կ՚ըլլան, իսկ այս տարափոխիկ հիւանդութեան վերջին մեծ համաճարակը ամբողջ աշխարհի տարածքին եղած է 1961-1975 թուականներուն եւ ծանօթ է «քոլերայի կամ հնդկախտի եօթներորդ համաճարակ» անունով:
Հնդկախտին հայրենիքը Հնդկաստանի մէջ Քանքէս եւ Պրահմապուտրա գետերուն ստորին բնակավայրերն են… Բայց հնդկախտը այդտեղէն հասած է նոյնիսկ աշխարհի ամենահեռաւոր անկիւնը, եկած մինչեւ Կովկաս եւ Հայաստան:
Ոչ միայն հնդկախտը, այլ նաեւ շատ վարակիչ հիւանդութիւններ ու անոնց համաճարակները չեն շրջանցած Կովկասն ու Հայաստանը: Ահաւասիկ, նշանաւոր բժիշկ Վահան Արծրունին, գործելով Կովկասի մէջ՝ իր ողջ կեանքը նուիրած է ժողովրդական լայն խաւերուն փոխանցիկ հիւանդութիւններու, համաճարակներու մասին տեղեկութիւններ հաղորդելով: Ան հայերէնով տպագրած է ատոնցմէ պաշտպանուելու գրքոյկներ, ձեռնարկներ, թերթիկներ որոնք տարածուած են բնակչութեան: Հայութիւնը առողջապահական հարցերուն իրազեկ պահելու համար Վահան Արծրունին 1902-1905 թուականներուն իր միջոցներով հրատարակած է նաեւ «Առողջապահիկ Թերթ» հանդէսը։ Այս հանդէսը բժշկական նիւթերով հայ մամուլի կարեւորագոյն անուններէն է, ուր ժողովուրդին մատչելի լեզուով կը տպագրուէր ամէն ինչ՝ գինեմոլութենէն մինչեւ հոգեկան տառապանքներ, պարբերական հիւանդութիւններէն մինչեւ նորածիններու խնամք. սեռային, ժառանգական, վարակիչ հիւանդութիւններու մասին բազմազան տեղեկութիւններ տեղ կը գտնէին հանդէսի էջերուն մէջ եւ ատոնք կը ստորագրէին նշանաւոր բժիշկներ եւ բժշկապետեր՝ Լայպցիկէն մինչեւ Փարիզ, Պոլիսէն մինչեւ Պաքու:
Վահան Արծրունիի կազմած գրքոյկները յաճախ լոյս կը տեսնէին այս հանդէսի հրատարակութենէն: Զանազան տարիներ ան հրատարակած է «Թոքախտ կամ բարակացաւ», «Ծաղիկ կամ ծաղկախտ եւ պատուաստ», «Ինֆլուէնցա կամ նոր ցաւ», «Խոլերայի մասին. Համառօտ հանրամատչելի հեղինակութիւն. Գլխաւորապէս Կովկասի հասարակ ժողովուրդին համար», «Դողերոցք կամ մալարիա», «Վարակիչ հիւանդութիւնները եւ անոնց թոյնը», «Վատ ցաւ կամ սիֆիլիս», «Ժանտախտ», «Հիբնոթիզմ», «Մի խմեր», «Մի ծխեր», «Մանկիկ», «Ամուսնութիւն» եւ բազմաթիւ նմանատիպ խորագրերով գրքոյկներ, որոնք սպասուած էին հայ ընտանիքներէն ներս:
Հարուստ կենսագրութիւն եւ մասնագիտական գործունէութիւն ունեցած է Վահան Արծրունի, որուն համաճարակներուն եւ վարակիչ հիւանդութիւններուն նուիրուած գործը այսօր կրկին կ՚արժեւորուի եւ այդ գիրքերը, զորս ան գրած է անցեալ դարուն, նոյն հետաքրքրութեամբ կ՚ընթերցուին նաեւ ներկայիս:
Արծրունիի պրոնզաձոյլ կիսանդրին դրուած է Երեւանի Պետական համալսարանի կեդրոնական մասնաշէնքի նախասրահին մէջ եւ կը խորհրդանշէ գիտնական-մանկավարժին դերը՝ Հայաստանի բժշկական համալսարանական գիտութեան եւ կրթութեան սկզբնաւորման գործին մէջ: Ան Հայաստան փոխադրուած է Ֆրանսա ուսանելէ եւ Թիֆլիս երկար տարիներ աշխատելէ ետք:
Ծնունդով Նոր Պայազէտէն՝ այժմեան Հայաստանի Գաւառի շրջանէն է Վահան Արծրունին: Ծնած է Նոր Պայազէտ 1857 թուականին եւ մինչեւ 8-րդ դասարան կրթութիւնը ստացած է Թիֆլիսի Առաջին կիմնազիոնի մէջ։ Դպրոցական տարիներուն առընչութիւն ունեցած է Սոցիալ-դեմոկրատական որոշակի խմբակներու հետ եւ արտայայտած է բացայայտ հակացարական տրամադրութիւններ: Ըստ Վահան Արծրունիի կենսագիրներուն, այդ մէկը պատճառ եղած է, որ ցարական կառավարութիւնը անոր տայ «դեղին տոմս» մը, որ կը նշանակէր, թէ Ռուսաստանի կայսրութեան տարածքին ան որեւէ համալսարանի մէջ կրթութիւն ստանալու իրաւունք չունէր։ Աւելի՛ն, կը զրկուի նաեւ կիմնազիոնի մէջ ուսումը շարունակելէ: Այդ ժամանակ անոր հօրեղբայրը, որ տոհմի նահապետն էր, կ՚որոշէ Վահանը ղրկել Ֆրանսա:
1880 թուականին Արծրունին կը մեկնի Ֆրանսա, կը յայտնուի Սորպոնի համալսարանին մէջ, բայց ինչպէս կը կարդանք Արծրունիի ընտանիքի հարս, գրող Անուշ Ասլիբէկեան-Արծրունիի մէկ յօդուածին մէջ. «Կլիմայական փոփոխութեա՞ն, թէ՞ այլ պատճառով, ապագայ բժիշկը կը հիւանդանայ. ախտորոշումը հաւասարազօր էր մահ-ւան դատապարտման. պալարախտ՝ այդ ժամանակներուն համար անբուժելի հիւանդութիւն: Սակայն բախտը անոր կը ժպտի, փայլուն վիրահատութիւնը, որուն ընթացքին կը հեռացնեն ախտահարուած թոքը, երիտասարդին նոր կեանք կը պարգեւէ եւ այս վճռորոշ իրադարձութիւնը վերջինս կը դրդէ մինչեւ կեանքին վերջը նուիրուիլ բժշկութեան, առողջաբանութեան տեսութեան եւ առողջապահական ծառայութեան խնդիրներուն: Ան իր կեանքի օրինակով ցոյց տուաւ, որ մէկ թոք ունենալով ալ կարելի է ապրիլ երկար ու առողջ եւ օգտակար ըլլալ մարդկութեան»:
Անուշ Ասլիբէկեան-Արծրունի կինն է Վահան Արծրունիին ծոռին՝ ժամանակակից երգահան, մտաւորական Վահան Արծրունիին եւ ընտանիքի նշանաւոր մեծին գործը կը ներկայացնէ յաւուր պատշաճի: Վահան Արծրունին հիմնադրած ու ղեկավարած է Երեւանի Պետական համալսարանի բժշկական բաժինը (1922), իսկ աւելի ուշ՝ նորաբաց Բժշկական համալսարանի անդամազննութեան ամպիոնը (1926), «Մարդու մարմնակազմութիւն» հայալեզու առաջին դասագիրքի եւ «Ռուսերէն-լատիներէն-հայերէն բժշկագիտական եզրերու բառարան»ին հեղինակն է:
Ֆրանսայի մէջ ուսանելէ ետք Արծրունին 1889 թուականին կը վերադառնայ Թիֆլիս, ուր կը նշանակուի քաղաքի Առողջապահութեան գլխաւոր բժիշկ, միաժամանակ կ՚աշխատի քաղաքային բուժարանին մէջ՝ որպէս քիթ-կոկորդի եւ ականջի հիւանդութիւններու բժիշկ, այդ գծով ալ մասնագիտացած էր Ֆրանսա եւ Թիֆլիսի մէջ աղքատ հիւանդները կը բուժէ անվճար։ Ի դէպ, իր հրատարակած թերթն ալ որոշ շրջաններու մէջ կը բաժնուէր անվճար:
Վահան Արծրունին հայկական դպրոցներէն ներս ներմուծած է «Առողջաբանութիւն» առարկային դասաւանդումը, հեղինակած է «Դպրոցական առողջապահութիւն» (1895) գիրքը, որուն մէջ կարեւորած է մարմնամարզութիւնը:
Ինչպէ՞ս ան Թիֆլիսէն փոխադրուած եւ վերջնականապէս հաստատուած է Հայաստան: Այդ մասին ուշագրաւ տեղեկութիւններ կան թէ՛ իր կենսագրութեան, թէ՛ Ա. Հանրապետութեան պատմութեան, թէ՛ ալ Խորհրդային Հայաստանի կազմաւորման առաջին տարիներու տարեգրութեան մէջ: Նախ կը տեղեկանանք, որ 1918-1920 թուականներուն Հայաստանի Հանրապետութեան Լուսաւորութեան նախարարութենէն ներս Վահան Արծրունին Թիֆլիսէն հրաւիրուելով պաշտօնավարած է իբրեւ Բժշկա-առողջապահական բաժնի վարիչ: Յետագային իր ներդրումը ունեցած է Խորհրդային Հայաստանի բժշկական ու առողջապահական ոլորտներէն ներս: Այդ տարիներուն արտասահմանէն բազմաթիւ այլ մասնագէտներ Հայաստան հրաւիրուած եւ վերջնականապէս հաստատուած են հայրենիքի մէջ. անոնց մէջ էին Մարտիրոս Սարեանը, Ալեքսանդր Թամանեանը, երաժիշտներ, բժիշկներ, ուսուցիչներ, ճարտարագէտներ եւ այլ մասնագէտներ, որոնք Հայաստան եկած էին՝ իրենց գիտելիքներով օգտակար ըլլալու…
Վահան Արծրունիի ջանքերով հայկական դպրոցներուն մէջ առաջին անգամ ներդրուած է դպրոցական բժիշկի հաստիքը եւ սորվողներուն առողջական վիճակին մշտական բժշկական հսկողութիւնը։ Երեւանի Պետական բժշկական համալսարանին մէջ Մարդակազմութեան թանգարանը նոյնպէս Վահան Արծունին հիմնած է եւ այսօր իր անունով կը կոչուի: Բժշկական համալսարանին մէջ իր անունով կայ կրթաթոշակ, որ կը տրուի լաւագոյն ուսանողներուն: Ան մահացած է 1947 թուականին՝ Երեւանի մէջ:
Երբ անցեալ դարասկիզբին Վահան Արծրունին Թիֆլիսէն Երեւան եկած է, բերած է իր կահոյքը, գրադարանը, բժշկական գործիքները: Ականաւոր բժիշկին երեւանեան տան մէջ այսօր կը բնակի իր անուանակից ծոռը ընտանիքին հետ եւ Արծրունիին սենեակը նոյն ձեւով պահպանուած է, իբրեւ անցեալի յիշատակ: