Ամերիկահայ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔ․ ԴԱՆԻԷԼԵԱՆԻ ՊԱՏԳԱՄԸ՝ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁԻՆ ԱՌԻԹՈՎ


Անցեալ շաբաթ, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս իր առաջնորդական ընտրութեան (8 Սեպտեմբեր, 2018) առաջին տարին բոլորելուն առիթով՝ թեմի հաւատացեալներուն պատգամ մը ուղղեց։ Ստորեւ, Առաջնորդ Սրբազանին փոխանցած սրտի խօսքը․-

Առաջնորդական Ընտրութեանս Առաջին Տարեդարձին Առթիւ
Սիրելի Ծխականներ եւ Բարեկամներ,
Փառք կու տամ Ամենակալ Աստուծոյ որ երէկ՝ 8 Սեպտեմբերին, ամբողջացաւ Առաջնորդական ընտրութեանս առաջին տարեդարձը: Այս առթիւ ուզեցի սրտի խօսքս ուղղել ձեզի:
Ուրախ եմ յայտնելու, որ Ազգային Վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական Ժողովներուն,
Երեսփոխանական Ժողովի պատգամաւորներուն, Ծխական Հոգեւոր Հովիւ ու Հոգաբարձութեանց եւ յարակից Մարմիններուն, Քոյր Կազմակերպութեանց, Առաջնորդարանի պաշտօնէութեան` որ ձեր գործակցութեամբ ու զօրակցութեամբ բոլորեցինք յաջող եւ արդիւնաւէտ տարի մը:
Արագ ակնարկ մը նետելով անցնող տարեշրջանին վրայ, կ՚ուզեմ ամփոփ պատկերը ներկայացնել
միամեայ մեր գործունէութեան:
Ընթանալով մեր նախորդ Առաջնորդ Սրբազան Հայրերու բոլորանուէր ծառայութեան ոգիով,
շարունակեցինք անոնց հաւատքէն բխած աստուածահաճոյ գործերը, եւ նոր ծրագիրներով ճոխացուցինք Ազգային Առաջնորդարանի ժողովորդանուէր առաքելութիւնը:
1) Հաստատուեցաւ Ազգային Առաջնորդարանի Գոհաբանութեան Օր՝ անխտիր շնորհակալութիւն յայտնելու մեր ժողովուրդին, իրենց անսակարկ նուիրումին՝ Առաջնորդարանի բոլոր ծրագիրներուն համար: Ամէն տարի լուսարձակի տակ պիտի առնուի տարբեր ծրագիր մը: Առաջին հերթին պիտի պանծացնենք ծառայութիւնը Մեծն Ներսէս բարեսիրական հաստատութեան, որ կեանք առաւ Հայաստանի երկրաշարժով, եւ կը գործէ Հայրենի մեր աշխարհի ցաւերուն համեստ դարման բերել: Անցեալ տարի ան բոլորեց իր քսանհինգամեակը: Ուստի յառաջիկայ 17 Նոյեմբերին, մեծ շուքով պիտի տօնախմբենք անոր 25+1 տարեդարձը:
2) Առաջնորդարանին եւ Ծուխերուն միջեւ կապը աւելի սերտացնելու, աշխուժացնելու եւ ջերմացնելու նպատակաւ, մեր այցելութեանց կողքին, ամսական դրութեամբ սկիզբ առին ու կը շարունակուին՝ Հոգեւոր Հովիւներու հետ հեռաձայնային խորհրդաժողովներ, որպէսզի իրազեկ ըլլանք մեր հաւաքական մտահոգութեանց եւ մարտահրաւէրներուն, եւ ըստ այնմ սիրտ սրտի գործակցելով, կարենանք Եկեղեցին պահել՝ ժողովուրդին բաբախող սիրտը:
3) Ազգային Առաջնորդարանիս շաբաթօրեայ լրատու՝ Crossroads-ը անցեալ Հոկտեմբերէն սկսեալ անգլերէնի կողքին կը մատուցուի նաեւ հայերէնով: Ուրախ ենք յայտնելու, որ համարեայ նոյն թուով անգլերէնի եւ հայերէնի ընթերցողներ կը քաջալերեն եւ կը գնահատեն անոր ճոխացուած բովանդակութիւնը: Շուտով, Հոկտեմեբերին՝ Մշակոյթի ամսուն, Crossroads-ը գեղեցիկ նորութիւն մը պիտի հրամցնէ իր հաւատարիմ ընթերցողներուն:
4) Ընտանիքը հանդիսանալով ազգի մը կորիզը, Առաջնորդարանի աշխատանքներուն առաջնահերթութիւնը կը կազմէ: Ուրախ ենք յայտնելու, որ Ճըրզիաբնակ Տէր եւ Տիկին Վահէ եւ Թալին Չաղլասեաններու նախաձեռնութեամբ կեանքի կոչուեցաւ՝ Young Couple’s Club-ը: Յատուկ Մարմին մը լծուած է աշխատանքի, որպէսզի այս նորածին ձեռնարկը դառնայ ամենուրէք ներկայութիւն, մեր նորակազմ ընտանիքներն ու անոնց զաւակները մնայուն մասնակիցները դարձնելով եկեղեցւոյ կեանքին:
5) Երիտասարդութիւնը՝ հանդիսանալով նորոգման ազդու տարրը որեւէ հաւաքականութեան մը, մնայուն ուշադրութեան առարկան է մեր աշխատանքներուն: Չորս տարիներ առաջ կեանք առած Salt & Light երիտասարդական առաքելութիւնը, մեծ խանդավառութիւն ստեղծած է Նիւ Եորքի Սուրբ Սարգիս եւ Սուրբ Լուսաւորիչ, Տիթրոյիթի Սուրբ Սարգիս, Ֆիլատելֆիոյ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եւ Փրաւիտընսի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցիներուն մէջ: Աշխատանք կը տարուի, որ յառաջիկայ ամիսներուն, Salt & Light-ը ներկայ դառնայ՝ Նիւ Ճըրզիի Սրբոց Վարդանանց, Պոսթընի Սուրբ Ստեփանոս եւ Շիքակոյի Ամենայն Սրբոց եկեղեցիներուն մէջ եւս: Ռէյսինի Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ, կարճ դադարէ մը ետք, յոյսով ենք՝ որ դարձեալ կը սկսի այս ծրագիրը:
6) Դարձեալ երիտասարդներու գծով՝ ուրախ ենք յայտնելու, որ անցեալ տարի, Նորին Սուրբ Օծութիւն Տէր Տէր Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախաձեռնութեամբ, Հիւսիսային Ամերիկայի Երիտասարդաց համար երկշաբաթեայ յատուկ դասընթացք մը հաստատուեցաւ: Այս տարի 13 երիտասարդներ՝ Փրաւիտընսի Սրբոց Վարդանանց (5), Նիւ Եորքի Սուրբ Սարգիս (3), Ուոթըրթաունի
Սուրբ Ստեփանոս (2), Տիթրոյիթի Սուրբ Սարգիս (2), Շիքակոյի Ամենայն Սրբոց (1) եկեղեցիներէն մասնակցեցան այս հոգեմտաւոր ու հարստացուցիչ դասընթացքին: Վստահ եմ, որ անցնող շաբաթներուն Crossroads-ի վրայ կարդացիք մասնակցողներուն անձնական վկայութիւնները՝ իրենց վայելած փորձառութեան մասին:
7) Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացի, ծանօթ՝ «Տաթեւ» անունով Լսարանը, որ կը հանդիսանայ Առաջնորդարանի երիտասարդաց դաստիարակութեան գլխաւոր ծրագիրը, այս տարի բոլորեց իր 33րդ տարեդարձը: Հինգ դասարաններով գործող այս հոյակապ Լսարանը, խտացեալ դասընթացք մըն է ծանօթանալու՝ Աստուածաշունչին, Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան, աստուածաբանութեան ու ծէսին, Հայոց պատմութեան, ինչպէս նաեւ քննարկելու ընկերային, այժմէական հարցեր: Այս տարի մասնակցեցան` 40 հոգի:
8) Սիամանթօ Լսարանը վերաշխուժացնելու գծով նոր աշխատանքներ տարուեցան: Յառաջիկայ Հոկտեմբերին՝ Առաջնորդարանէն ներս տեղի պիտի ունենան դասաւանդութիւնները՝ նոր
ծրագրով։
9) Մանուկներու հայեցի եւ կրօնական դաստիարակութիւնը յոյժ կարեւոր ըլալով մեր ժողովուրդին ինքնութեան ու գոյապահպանման համար, Ազգային Առաջնորդարանի ANEC եւ AREC բաժանմունքները լծուած են աշխատանքի՝ արդիականացնելու համար դասաւանդման մեթոտները եւ հրամցնելու ճոխացուած դասանիւթեր: Անձնապէս, հեռախօսային խորհրդաժողով ունենալով տեսուչներուն հետ, մօտէն կը հետեւինք այս ծրագիրներու գործնականացման՝ օգտակար ու հաճելի դարձնելու համար Հայ հաւատքն ու մշակոյթը մեր մատղաշ սերունդին:
10) Հրատարակչական գծով ուրախ ենք յայտնելու, որ Առաջնորդական մեր ընտրութեան առթիւ լոյս ընծայուեցաւ Համաստեղի «Աղօթարան» գործը՝ հայերէնով ու անգլերէնով, թարգմանութեամբ՝ Դոկտ. Վարդան Մատթէոսեանի: Անգլիախօս մեր զաւակներուն համար լոյս տեսաւ՝ Armenian Language Matters հատորը, հեղինակութեամբ՝ Դոկտ. Վարդան Մատթէոսեանին: Շուտով լոյս պիտի տեսնէ Հայ Եկեղեցւոյ ժամերգութեանց մէջ գործածուող աղօթքներու հաւաքածոն, անգլերէնի թարգմանութեամբ՝ Բարեշնորհ Շանթ Աւագ Սարկաւագ Գազանճեանին: «Յուշատետր»ը, ինչպէս ամէն տարի, 2020ին համար եւս նուիրուած է Հայ կեանքը յուզող գլխաւոր թեմայի մը: Վստահ եղէք, որ շուտով ձեր ձեռքերուն մէջ պիտի ունենաք ձեր օրինակը:

Աստուծոյ օրհնութեամբ եւ ձեր անվերապահ աջակցութեամբ՝ յաջողեցանք կատարել այս բոլորը, եւ կը յուսանք, այս եւ աւելին ընել յառաջիկային: Ինչպէս մենք կ՚աղօթենք ձեզի համար, դուք ալ մեզի համար աղօթեցէք, որպէսզի ծառայենք՝ Աստուծոյ շնորհքով եւ հայու շունչով առլցուն:
ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Առաջնորդ
Ամերիկայի Արեւելեան Թեմին
9 Սեպտեմբեր, 2019

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button