
Ի Սփիւռս աշխարհի, Հայոց Ցեղասպանութեան 95ամեակի ոգեկոչման ձեռնարկներուն ամէնէն աւելի հետաքրքրականը, անկիւնադարձայինն ու մելան հոսեցնողը, դէպի Ծիծեռնակաբերդ ուղղուող մարդկային ալիքը չէր, ո°չ ալ վաթսուն հազար հայորդիներու քայլարշաւը, մայրիներու երկրին՝ Լիբանանի մէջ…:
Դեռ աւելին, ո°չ ալ այդ հեռաւոր Ափրիկէի խորերը՝ Ռուանտայի չորս հարիւր տեղացիներու յարգանքը՝ ի յիշատակ զոհերուն: Անոնք հաւանաբար ոչ մէկ ձեւով տեղեակ էին Հայաստանէն ու հայոց պատմութենէն, սակայն քաջատեղեակ էին Ցեղասպանութեան պատմութիւնէն: Պատմութիւն մը, որուն անդրանիկ յանձաւորը, ցարդ անպարտ ու անպատիժ վիճակի մէջ ըլլալով, առիթ կ’ընծայէ որ Լէմքինի նկարագրած ու վաւերացուցած Ցեղասպանութիւնը, շարունակուի ցայսօր եւ այս անգամ Տարֆուրի մէջ:
Անկասկած որ…Թուրքիոյ մէջ կատարուած ձեռնարկներն էին, 95ամեակի ոգեկոչման կիզակէտն ու օրուան «տաք լուր»ը:
Արդարեւ, առանց որեւէ նախապայմանի թուրք մասա մը, թէեւ թիւով ո’չ խրախուսիչ, սակայն յուսադրիչ, գաղափարը յղացած էր յիշելու, նշելու, ցաւելու, ցաւակցելու, արձագանգելու եւ յայտնելու թէ 95 տարի առաջ այդ օր…այդ միեւնոյն Վոսփորի ափերուն մօտ, իրապաշտօրէն եւ ամէնայն լրջութեամբ «Լուր Ցաւեր»է կը տառապէր, շրջանի ամէնէն աւելի բարձր թիւ հաշուող փոքրամասնութիւնը՝ Հայութիւնը եւ դեռ աւելին…շատ աւելի ահաւորը՝ «Կարմիր Լուրեր» կը տեղեկացնէին գոյժը:
Իսկապէս որ պատահածը գերյիշատակելի է: Երբ յանձաւորը թէեւ ոչբացարձակ մեծամասնութեամբ սկսած է ցաւակցիլ եւ պատշաճօրէն ընդունիլ, թէ պատահածը կազմակերպուած ՑեղասպանութիւնՀայասպանութիւն էր…
Արդեօք կարելի՞ է սպասել այդ օրուան, երբ այս «ճշդախոհ» այլախոհները պիտի դառնան մեծամասնութիւն, հասնին մեծ դուռ եւ ի վերջոյ քանդեն այդ «ամօթի պատ»ը: Իւրայատուկ գուրգուրանքի կը կարօտին այս ողջմիտ «ճշդախոհ» այլախոհ թուրքերը… առանց որեւէ անտեղի եւ զգացական ոտնձգութիւններու:
Իսկ ողջմիտ տեղացի թուրքին որդեգրած թափանցիկ քաղաքականութիւնը բաղդատե՞լ Էրտողաններու, Կիւլերու եւ Տաւութօղլուներու ստեղծած ղեկավարութեան ընթացքին հետ, եւ այդ ալ յատուկ ակնթարթին, ուր ճանապարհային քարտէսին ստեղծած արկածախնդրութիւնը ցոյց տուաւ ու փաստեց« թէ Թուրքիա պատրաստ չէ առանց նախապայմանի Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնել…
«Հայրենիք»
Մայիս 7, 2010