ԳլխաւորՅօդուածներ

Ապրիլ 2137

 

Բժ.  Ալին Պաղտասարեան

Յապաւումով կը հրատարակենք այս խօսքը, զոր փոխանցեց բժիշկ Ալին Պաղտասարեանը**, Ուաշինկթընի «Համաստեղ» դպրոցին եւ տեղւոյն Հ.Մ.Ը.Մ.-ին կազմակերպած Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկին առթիւ:

Ապրիլ 2026…

111 տարիներ անցած են 1915ի Ապրիլէն։

Advertisement Subscribe Today

Մարդկային կեանքին համար 111 տարին շատ երկար ժամանակ է։

Մանաւանդ ամենօրեայ հոգերով ծանրաբեռնուած մարդուն համար. Կ՚ըսենք,

– Նախ վաղը ապրինք։ Գալ տարուան հասնինք։

Բայց Մարդկութեան պատմութեան մէջ 111 տարին ի՞նչ է։

Ակնթարթ մը։

Շունչ մը։

Քայլափոխ մը։

Բայց այդ ակնթարթը, շունչը կամ քայլափոխը ամբողջ ընթացք մը կրնան փոխել։ Քաղաքակրթութիւն մը ոչնչացնել կամ ամրացնել։

1915-ին Հայութիւնը ստացաւ կործանիչ հարուած մը։

«Ապրիլ է եղել , դաշտերում՝ ծաղիկ, եւ մի հեռու տեղ, մի գետի ափին եղել է արեան կարմիր բաղանիք… եղել է մի օր եւ Արաբական տաք աւազներում ՝ եղեղ Ռաս իւլ այն, եղել է Տէր զօր… Եղել է Տէր Զօր»

Ա. Ծառուկեան

 

Ցեղասպանութիւն։

1915 ԱՊՐԻԼ

Ի՞նչ մնացած էր Հայութենէն։

Աւերակ։
Մոխիր։
Որբեր։
Անտուն… անտէր ժողովուրդ։

Բայց … Ինչպէ՞ս բացատրել ՝

Պարոյր Սեւակը՝ ծնած 1924-ին։
Գէորգ Էմինը՝ 1919-ին։
Մուշեղ Իշխանը՝ 1914-ին։

Ուրկէ՞ եկաւ այդ ազգային ոգին։ Նուիրումը։

Մենք քիչ ենք սակայն մեզ հայ են ասում։ Կանք պիտի լինենք ու դեռ շատանանք։

Պարի, Սասուն Մինչև ողջ հայերին դու ամբարես, եւ այս պարը Մասիս լերան լանջին պարես…

Հայու հոգին պիտի ապրի միշտ դարէ դար, Հայու հոգին պիտի ճախրէ միշտ դարէ դար

Հարցումը աշխարհ գալու մասին չէ։

Դաստիարակութեան մասին է։

Այս հանճարները կրնային իրենց տաղանդով մեր գրականութիւնը չհարստացնել։

Օտար երկիրներու մէջ վերապրողները լուրջ մտահոգութիւններ ունէին՝ ապրուստ ճարելու, նոր ընկերութեան ու միջավայրին ընտելանալու։

Բնական էր նաեւ, որ վախնային եւ ուզէին մոռնալ հայ պատկանելիութիունը։

Բայց, հրա՛շք։

Մոխիրներուն մէջէն մեր մեծ հայրերն ու մեծ մայրերը գերադասեցին փոխանցել Հայ հարուստ ժառանգութիւնը։

Փոխանցել իրենց զաւակներուն, փոխանցել որբ մնացած Հայու զաւակներուն՝ լեզու, մշակոյթ, Ազգային պատկանելիութիւն։

Օսմանեան կայսրութիւնն ու Երիտասարդ թուրքերը ուզեցին բնաջնջել հայութիւնը։

Հայութիւնը պատասխանեց՝ Ո՛չ։

Ո՛չ.  Մայիս 28 ով

Ո՛չ.  111 տարիներու կեանքով ու մահով։

Օսմանեան կայսրութիւնը, ցեղասպանութիւնը, սովետական միութիւնը, համաճարակներն ու դաւաճանութիւնները հայ ժողովուրդի գոյատեւելու կամքը չքանդեցին։

Որովհետեւ իւրաքանչիւր սերունդ ընտրեց դժուար ճամբան։ Քարքարոտ ճամբան ու ջահը փոխանցեց հասցուց մինչեւ 2026։

Շատերդ գիտէք որ մանկաբոյժ եմ։

Օրական 30 հիւանդ կը տեսնեմ։ Վիրաւոր, անհանգիստ երեխաներ, մտահոգ ծնողներ։

Հազուադէպօրէն Հայ անուն մը կը տեսնեմ ցանկին վրայ եւ շուտով կը վերցնեմ զայն։

Կը հարցնեմ ՝ Հա՞յ էք։

Շատ անգամ կը պատասխանեն. – ամուսնոյս հայրը հայ էր, կամ ՝ հօրս հայրը հայ էր։  Կամ ալ անտեղեակ կ՚ըլլան ու կը շփոթին։

Չեմ չափազանցեր երբ ըսեմ, որ դանակ մը սիրտս կը խոցէ։ Ամէն անգամ։

Անգամ մըն ալ, քանի մը ամիս առաջ, հանդիպեցայ ամերիկացի մօր մը եւ անոր երկու տարեկան տղուն։ Անունը հայկական չէր։  Բնական հանդիպում մըն էր։ Ամէն անգամուան պէս։

Մինչեւ որ մայրը հարցուց՝ “are you Armenian?” Պատասխանեցի՝ այո։

“I am Armenian too. I was raised in a very Armenian family. They’re very close.  My dad is very Armenian. We’re just a regular American family here in Virginia now.  We haven’t seen them for a long time.”

Խանդավառ էր հայութեան եւ իր ընտանիքին մասին խօսելով։ Ուրախ էր որ հայու մը հանդիպած էր։ Բայց հայկական կեանքով առնջուած չէր։

Կազմած էր պարզ ամերիկացի ընտանիք մը։

Նայեցայ իր 2 տարեկան տղուն ու դանակը նորէն զգացի սրտիս մէջ։

Այդ «շատ հայ» մեծ հօրը թոռնիկը որքանո՞վ պիտի ժառանգէ իր ընտանեկան պատմութիւնը, մշակոյթը, ոգին։ Ի՛ր ընտանեկան, ո՚չ ազգային…

Ճիւղ մը եւս ինկաւ։

Առանց սուրի։

Առանց թշնամիի։

Այս վտանգին դէմ բանակները անզօր են։

Ճիւղերը կը կոտրուին մեր տուներուն մէջ։

Ի՞նչ պիտի մնայ 111 տարի ետք 2137-ին։

Ձե՛ր ընտանեկան ծառէն ի՞նչ պիտի մնայ 2137-ին։

Եկէք պահ մը լուռ կենանք։

Այս լռութիւնը տակաւին չծնած հայ երեխաներուն համար է։

Ապրիլ 2137-ին համար է։

Շնորհակալութիւն.

Հիմա հարցում մը։

Ոչ թէ ո՞վ պիտի ըլլայ Հայաստանի յաջորդ վարչապետը։

Ոչ թէ Թուրքիան պիտի ճանչնա՞յ Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ հատուցումներ կատարէ՞։

Ոչ թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ Հայաստանի եւ Արցախի ապագան։

Այլ՝

Ո՞վ պիտի նստի այս նստարաններուն վրայ 2137-ին։

Հայերէն պիտի խօսի՞ն։

Կոմիտասի Կռունկով պիտի յուզուի՞ն։

Պիտի սիրե՞ն Հայօրէն։

Պիտի ապրի՞ն Հայօրէն։

Պիտի զգա՞ն իրենց արմատները։

Այս սրահին շունչը եւ ոգին իրենց հոգիին մէջ դրօշմուած պիտի ըլլա՞յ։

Պատասխանը պետութիւններուն մօտ չէ։

Պատասխանը մե՛ր մօտ է։

Միայն մե՛ր մօտ է:

Անցեալ հարիւրամեակը դիւրին չէր մեր ազգին համար, բայց գոյատեւելու խաղին օրէնքները մեր մեծ հայրերն ու ծնողները հասկցած էին։

Միջին Արեւելքի պայմաններուն համակերպած եւ միջոցները գտած էին։ Հիմնած՝ դպրոցներ, եկեղեցիներ, ակումբներ, մամուլ։

Շատերս հոն դաստիարակուած ենք։ Հոն պատուաստուած ենք Հայութեամբ։

111 տարիներ ետք, խաղին օրէնքները տարբեր են։

Խաղը ընդհանրապէս փոխուած է։

Մեր երիտասարդները եւ նորակազմ ընտանիքները բոլորովին տարբեր իրավիճակ կը դիմագրաւեն։ Ո՛չ միայն արեւմուտքի, նոյնիսկ միջին արեւելքի մէջ։

Նոր խաղին օրէնքներուն տակաւին լաւ չենք տիրապետած։ Բայց սկզբունքներ կան, որոնք բոլոր խաղերուն կը վերաբերին։

Տէր Հայրը կ՚ըսէ սատանան միշտ վախնալիք կերպարանք չունենար։

Ձուլումը վայրագ չէ։ Մեղմ է։ Հանգիստ։ Դիւրին…

Լաւագոյն դպրոցը, լաւ թաղամասեր, լաւ ընկերներ, հանգիստ կեանք, ուրախ կեանք։

Եւ օր մը թոռդ հետդ հայերէն չի՛ կրնար խօսիլ։

Ո՛չ թէ որովհետեւ ծնողքը հայութիւն չեն սիրեր։

Ոչ թէ որովհետեւ հայերէնը արգիլուած է։

Այլ որովհետեւ պայքարը դադրած է։ Մե՛ր իսկ տուներուն մէջ։

Նախ լեզուն, ապա՝ ոչ հայ կողակից (Partner)  ու շուտով ճիւղ մըն ալ կ՚անջատուի կ՚իյնայ ծառէն։

Շատեր  կ՚ըսեն՝ լեզուն կարեւոր չէ։

Թերեւս։

Բայց նայեցէք թոռներուն։ Նայեցէ՛ք ծոռերուն։

Առանց Հայերէնի շատ քիչերը կը մնան։ Դժբախտաբար անոնք բացառութիւն են։

Հարցը մենք չենք։

Հարցը մեր թոռներն են։

Ջահը, ձեր ընտանեկան ջահը, վառ պիտի մնա՞յ։

Ձեր պատմութիւնը կեանքը գործը պիտի վերածուի՞ «մեծ հայրս հայ էր»-ի։

Ուրեմն այսօր որոշենք։

Որոշենք, որ մեր զաւակները, թոռները, ծոռերը ուր ալ ըլլան Ապրիլ 2137-ին, պիտի ըսեն՝

Մենք Հայ ենք, կառչած՝ մեր մեծ հայրերու արմատներուն ու մեր ընտանեկան ջահը վառ պահած։

Պատրաստ՝ հայու հոգին փոխանցելու իրենց զաւակներուն ու թոռներուն։

Այս որոշումը խոհրդարաններու մէջ պիտի չառնուի, այլ ՝ ընթրիքի սեղանին շուրջ, երեխան քնացնելու ժամանակ, ինքնաշարժին մէջ, ոտնագնդակի խաղի երթալու ժամանակ։

ԸՆտանեկան սովորութիւններ ու պատմութիւններ պատմելով։ Գիրքեր կարդալով։ Հայաստանի, Արցախի, 1915ի, 2020ի մասին, պատմելով։

ԵՍ ՀԱՅ ԵՄ

կը յիշեմ եւ կը պահանջեմ։

Հետս ըսէք։

Օսմանեան կայսրութիւնն ու երիտասարդ թուրքերը ուզեցին բնաջնջել հայութիւնը։

Հայութիւնը պատասխանեց՝ Ո՛չ։

Ո՛չ Մայիս 28- ով

Ո՛չ 111 տարիներու կեանքով ու մահով։

Որովհետեւ իւրաքանչիւր սերունդ ընտրեց դժուար ճամբան։ Քարքարոտ ճամբան ու ջահը փոխանցեց հասցուց մինչեւ 2026։

Մենք ալ այսօր ըսենք ո՛չ…

Յաջորդ հարիւրամեակը մե՛րն է:

Եկէք վայրկեան մը յոտնկայս լռութեամբ յարգենք մեր մէկ միլիոն հինգ հարիւր հազար սրբադասուած նահատակներուն յիշատակը ինչպէս նաեւ բոլոր վերապրողներուն որոնք մեզի փոխանցեցին լուսաւոր ջահը։

**Բժ. Ալին Պաղտասարեան Մանկաբոյժ է եւ մանկական անյետաձգելի բժշկութեան մասագէտ։ Ան նաեւ Վիրճինիայի համալսարանի բժշկական դպրոցի դասախօս է եւ բժշկական կեդրոնի մանկական անյետաձգելի բժշկութեան յետաւարտական ուսումնական ծրագրի տնօրէն։ Մասնագիտական ասպարէզին կողքին, ան խորապէս նուիրուած է համայնքին եւ հայկական ինքնութեան։

«Համազգային»-ի Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային Վարչութեան անդամ է ուր կ՚աշխատի հայերէն լեզուի, մշակոյթի եւ արուեստներու պահպանման ու զարգացման համար։ Ան երեք զաւկի մայր է, նաեւ արեւմտահայերէն մանկական գիրքի հեղինակ։։ Անոր նպատակն է հայերէնը դարձնել երեխաներուն ամենօրեայ կեանքի, ապրումներու եւ երեւակայութեան մաս, որպէսզի մեր երեխաները մեծնան Հայերէն սիրելով, Հայերէն կարդալով, Հայերէն երեւակայելով եւ Հայերէնը ապրելով։

 

 

 

 

 

 

Մեկ մեկնաբանութիւն

  1. Սերմ մը որ յուսամ կը տարածուի ողջ հայ ծագում ունեցողներուն վրայ:
    Ճիշտ ուղին սատարելու միացեալ ազատ ու անկախ Հայաստանի կերտման:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button