Գլխաւոր

ԱՇԽԱՐՀԻ “ՄԵԾ ԻՐԱԴԱՐՁՈՒԹԵԱՆՑ“ ԼՈՅՍԻՆ ՏԱԿ.- “ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԳԱՐՈ՞ՒՆ“, ԹԷ՞… ԴԺՈԽՔ

Զինուորական Խորհուրդին ու “Իսլամ Եղբայրներ“ուն շոգեկառքերը` դէպի բախում. երկաթուղիին վրայ կապուած` Եգիպտոսը

Աւելի քան մէկ ու կէս տարի անցած է այն օրէն` 2010ի Դեկտեմբերէն, երբ Թունուզի մէջ “մանր դէպք“ մը պատճառ դարձաւ ըմբոստութեան շարժումի մը, որ մօտաւորապէս ամիս մը ետք ո՛չ միայն իշխանութենէ հեռացուց ու երկրէն վանեց նախագահ Զէյն Ապիտին Պըն Ալին ու ընտանիքի անդամները, այլ նաեւ շուտով տարածուեցաւ երկրի սահմաններէն անդին, ստացաւ շրջանային ծաւալ ու դիմագիծ, կնքուելու համար “Արաբական Գարուն“ խորագիրով: Շարժումը, չոր անտառի մէջ ծագած հրդեհի նման տարածուեցաւ, տնտեսական-ընկերային արդարութեան ու ժողովրդավարութեան դրօշները պարզած` ոստոստեց երկրէ երկիր, տարօրինակօրէն մնալով արաբական որոշ շրջագիծի մէջ, կլանեց Եգիպտոսը, Լիպիան, Եմէնը, Պահրէյնն ու Սուրիան, հպանցիկ այցելութիններ տուաւ Ալճերիոյ, Յորդանանին ու Մարոքին, սակայն շուտով հրաժարեցաւ անոնցմէ: Պըն Ալիի տապալման օրինակին հետեւեցան Լիպիոյ Մուամմար Քազաֆին ու Եմէնի Ալի Ապտալլա Սալէհը. իւրաքանչիւր երկրի մէջ, շարժումը ապրեցաւ իւրայատուկ զարգացում, թէեւ մամուլն ու միջազգային շրջանակները ուզեցին զայն զետեղել “Արաբական Գարուն“ հասարակ յայտարարին վրայ:

Already a subscriber? Log in here

This story is FREE for you...

Create a free account to access this article and get more of our top stories sent to you by newsletter.

Or, subscribe now for unlimited access
By submitting your email address you agree for Hairenik Weekly to send you communication by email
Back to top button