
Խմբագրական
Այս տարուան Ծաղկազարդի օրը կը զուգադիպէր այդ պայմանաժամի օրուան, ուր Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեան համաձայն, նախագահը պէտք է որ նոր վարչապետ մը նշանակեր, նախկին վարչապետի հրաժարումէն եւ կառավարութեան հրաժարականի ընդունումէն ետք:
Նախկին վարչապետ Տիգրան Սարգսեան, Ապրիլ 3-ին ներկայացուցած էր հրաժարականը, հետեւաբար Ապրիլ 13-ը պայմանաժամն էր, Հայաստանի նախագահին համար, նոր վարչապետը նշանակելու:
Հետեւաբար իւրայատուկ էր այս տարուայ Ծաղկազարդը: Հայ ընտանիքներ իրենց նորածիններու եւ մատղաշ զաւակներու օրհնութեան համար, ողողած էին եկեղեցիներ, որոնք այս առթիւ զարդարուած էին արմաւենիի ճիւղերով եւ ձիթենիի ոստերով, աւելի ազդեցիկ ու զգացական ոճով տօնելու համար Յիսուսի մուտքը` Երուսաղէմ:
Ճիշտ այս պատճատով ալ ծաղկազարդը նաեւ կը կոչուի Գալուստ:
Հայրենի քաղաքական բնագաւառէն ներս ալ այդ օր, Մեծ պահոց վերջին կիրակին` Ծաղկազարդի օրը նշուեցաւ այլ գալուստով մը, յանձին նորանշանակ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի:
Ծաղկազարդի նախօրեակին, կը կատարուի Նախատօնակը, որուն ընթացքին կը վերաբացուի եկեղեցւոյ վարագոյրը, եւ հետերաբար յաջորդ օրն իսկ, ժամերգութենէն ետք, բաց վարագոյրով կը մատուցուի Սուրբ Պատարագ:
Հայրենի քաղաքական աշխարհէն ներս ալ կատարուած էր նախատօնակ…մինչեւ վարագոյրին վար առնուիլն ու նոր կառավարութիւն մը կազմելու գործընթացը:
Նորանշանակ վարչապետը անծանօթ դէմք մը չէ եւ տարիներէ ի վեր կը կարդացուի, կը տեղեկացուի եւ անշուշտ կը զեկուցուի իր մասին…տեղական թերթերու սիւնակներէն մինչեւ Ուիքիլիքս կոչեցեալ “բաց պատարագ“ը: Քանի մը տողերու մէջ, ամփոփելով կարելի է հետեւցնել թէ, Աբրահամեան Հանրապետական Կուսակցութեան իր գործընկեր` նախագահ Սարգսեանի նախընտրական արշաւի օրերուն, եղած է ամէնէն աւելի խարդախութիւն ու խաբեբայութիւն կիրարկողը, որ նաեւ ընդհանրապէս իր գործելակերպով ալ մեծ հռչակ կը սփռէ իր փտածութեամբ եւ զեղծարարութեամբ:
Աւելի մանրամասնութիւններու երթալով, 2008ին Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մարի Եովանովիչ, Արտաքին Գործոց նախարարութեան ուղարկած գաղտնի նամակին մէջ կը փոխանցէ, որ Աբրահամեան Հանրապետական կուսակցութեան այն ղեկավարներէն է, որ կ՛օգտագործէ քաղաքական իշխանութիւնը` իր առեւտրական շահերը յառաջ տանելու համար:
Փոքր ու ամփոփ փակագիծով մը, նորանշանակ վարչապետին առեւտրական ու անձնական շահերը բնորոշող ցայտուն օրինակը իր լայնատարած բնակարան-պալատն է որ կը գտնուի մայրաքաղաքի “Յաղթանակ“ զբօսայգիի կից, եւ օտար այցելուին համար, յար եւ նման է Ազգային ժողովի շէնքին:
Ծաղկազարդի օրը, եկեղեցւոյ մէջ նաեւ մանուկներու օրհնութեան կարգը կը կատարուի…նաեւ առաւօտեան կ՛օրհնուին ձիթենիի կամ ուռենիի ոստեր եւ կը բաժնուին ժողովուրդին:
Ձիթենիի եւ արմաւենիի ճիւղերու ընծայումը կը համարուի իմաստութեան, խաղաղութեան, յաղթանակի եւ փառքի խորհրդանշան:…Կիրակի, Ապրիլ 13, 2014-ին ընծայուեցա՞ւ այդ ձիթենիի կամ արմաւենիի իմաստուն ճիւղը թէ, պարզապէս ըստ սովորութեան անփոփոխ փոփոխութիւն մըն է որ կը կրկնուի: