(ԱՆ)ՓՈՓՈԽՈՒԹԵԱՆ ՀԵՌԱՆԿԱՐԸ

0 0
Read Time:13 Minute, 58 Second

Serj_Sarkisyan  Խ. ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Յա­մի Տեառն 2012 թուա­կա­նը իր աւար­տին կը հաս­նի առանց որ Մայ­եա­նե­րու օրա­ցոյ­ցով նա­խա­տես­ուած աշ­խար­հի վեր­ջը իրա­կա­նու­թեան վե­րած­ուէր: Ապա­գա­յի իմա­ցու­թիւնը տի­րա­պե­տե­լու պատ­մա­կան փոր­ձե­րու կար­գին առա­ջին ձա­խո­ղու­թիւնը չէ ան­շուշտ ասի­կա: Արեւմտ­եան քա­ղա­քակր­թու­թեան մէջ հան­րա­ծա­նօթ Նոսթ­րա­տա­մուս­նե­րու, Յայտ­նու­թեան թուա­բա­նա­կան հաշ­ուարկ­ման մէջ մաս­նա­գի­տա­նալ փոր­ձող կի­սագ­րա­գէտ աստ­ուա­ծա­բան­նե­րուն եւ Լոյ­սե­րու ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նէն իր վա­ւե­րա­կա­նու­թիւնը փաս­տած մարդ­կա­յին բա­նա­կան մտա­ծո­ղու­թեան մար­տահ­րա­ւէր ուղ­ղող խա­ւա­րա­միտ ամէն այլ պա­խըմ­ճինե­րու հեր­թա­կան սխա­լա­կա­նու­թեան ար­ձա­նագ­րու­թիւնը կրնայ ամէն ժա­մա­նակ­նե­րու ամե­նա­ան­հե­թեթ եւ ամե­նա­հա­ճոյ գրա­կա­նու­թեան շար­քի մը ծնունդ տալ: Այս մէ­կը չի նշա­նա­կեր, ան­շուշտ, որ մարդ­կա­յին բա­նա­կա­նու­թիւնը անս­խա­լա­կան է, կամ` ի տար­բե­րու­թիւն բնա­զան­ցա­կան մտա­ծո­ղու­թեան եւ անոր ծնունդ տուած աճ­պա­րա­րա­կան “գի­տու­թիւն­նե­րու“ն կրնայ մարդ­կա­յին ճա­կա­տագ­րին վրայ տի­րա­պե­տել: Այդ­պէս շատ ան­կեղծ ու ան­մեղ մի­ամ­տու­թեամբ հա­ւա­տա­ցին Լոյ­սե­րու Դա­րուն փի­լի­սո­փա­նե­րը, մոռ­նա­լով որ իրենց հի­ա­ցու­մի առար­կայ Հին Յոյ­նե­րը, անոնք որոնք եր­բեք չէ­ին երե­ւա­կա­յեր որ օր մը Ողիմ­պո­սի բարձ­րուն­քին բնա­կու­թիւն պի­տի հաս­տա­տէր Ժուժ­կա­լու­թեան Աստ­ուա­ծու­հի Մեր­քե­լը…, ոչ իսկ իրենց Աստ­ուած­նե­րուն տուած էին այն­քան ուժ եւ կա­րո­ղու­թիւն որ տի­րա­պե­տեն Ճա­կա­տագ­րին: Ար­դիւն­քով, տաս­նին­նե­րորդ դա­րու Դրա­կա­նու­թեան (Փո­զի­թի­վիսթ) մտա­ծո­ղու­թիւնը, ար­դէն ապակ­րօն (սե­քիւ­լար) Արեւմտ­եան քա­ղա­քակր­թու­թեան մէջ ծնունդ տուաւ գիտու­թեան ամե­նա­կա­րող Աստու­ծոյ, որուն ու­ղե­ղէն ծնունդ առին նա­եւ ցե­ղայ­նու­թեան նման կեղծ գի­տու­թիւն­նե­րը եւ անոնց յո­ռե­գոյն հե­տե­ւան­քը` քսա­նե­րորդ դա­րու իրե­րա­յա­ջորդ ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րը: Այս­պէս, Մայ­եա­նե­րու գու­շա­կու­թեան ձա­խո­ղու­թիւնը չի նշա­նա­կեր որ բնա­պահ­պան­ման աղէտ­նե­րու սպառ­նա­լի­քը անի­րա­կան է կամ մարդ­կու­թիւնը կրնայ վե­րապ­րիլ կո­րի­զա­յին պա­տե­րազմ մը: Բայց պատ­մու­թեան նման աւար­տը հասկ­նա­լի ու բա­ցատ­րե­լի է, հե­տե­ւա­բար` ատակ կան­խազ­գու­շա­կան քայ­լե­րով ար­գի­լե­լու, միայն մարդ արա­րա­ծին յա­տուկ յի­մա­րու­թեան գոր­ծօ­նով, ընդ որում` Դրա­մա­տի­րու­թեան ամե­նա­ծայ­րա­յեղ տար­բե­րա­կին` նէ­օ­լի­բե­րալ մտա­ծո­ղու­թեան ըն­չա­քաղ­ցու­թեան սկզբուն­քա­յին են­թադ­րու­թիւնը որ “բնա­կան օրէնք“, եւ մին­չեւ իսկ դրա­կան, կը հա­մա­րէ յա­ւել­եալ հարս­տու­թիւն դի­զե­լու նպա­տա­կով ե՛ւ մարդ-արա­րա­ծին, ե՛ւ բնու­թեան շա­հա­գոր­ծու­մը` ար­տադ­րու­թեան մի­ջոց­նե­րու եւ ֆի­նան­սա­կան դրու­թեան վրայ մե­նաշ­նորհ հաս­տա­տած ցե­ցե­րու կող­մէ: Եր­բեմն այդ ցե­ցե­րուն “օլի­կարգ“ կ՛ըսեն:

Ոչ Մայ­եա­նե­րուն իւ­րա­յա­տուկ ու­սո­ղու­թեան գաղտ­նիք­նե­րը անհ­րա­ժեշտ են, ոչ ալ բախ­տա­գու­շակ­նե­րու գերբ­նա­կան հա­ւակ­նու­թիւն­նե­րը հար­կա­ւոր են Փետր­ուար 18, 2013ին նա­խա­տես­ուած Հա­յաս­տա­նի մէջ նա­խա­գա­հա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րէն յե­տոյ իշ­խա­նա­կար­գի շա­րու­նա­կա­կա­նու­թիւնը կան­խա­տե­սե­լու հա­մար: Ան­շուշտ, քա­ղա­քա­գի­տա­կան կան­խա­տե­սում­ներն ալ կրնան սխալ դուրս գալ: Ի վեր­ջոյ, քուէն գաղտ­նի է, եւ, ի դէպ, առայժմ չկայ ընտ­րա­կան նա­խընտ­րու­թեանց վստա­հե­լի որե­ւէ ու­սում­նա­սի­րու­թիւն որուն վրայ հիմն­ուի նա­խա­գահ Սերժ Սարգս­եա­նի վե­րընտ­րու­թեան են­թադ­րու­թեան հի­ման վրայ իշ­խա­նա­կար­գի ան­փո­փո­խու­թեան վե­րոնշ­եալ թէ­զը: Աւե­լի՛ն, հի­մա որ Սերժ Սարգս­եա­նի հա­ւա­նա­բար ամե­նա­լուրջ մրցա­կի­ցը, Բար­գա­ւաճ Հա­յաս­տան Կու­սակ­ցու­թեան հիմ­նա­դիր եւ ղե­կա­վար Գագիկ Ծա­ռուկ­եան, Դեկ­տեմ­բեր 12ին պաշ­տօ­նա­պէս յայ­տա­րա­րեց որ իր կու­սակ­ցու­թիւնը ոչ թեկ­նա­ծու պի­տի ու­նե­նայ, ոչ ալ ոե­ւէ թեկ­նած­ուի սա­տար պի­տի կանգ­նի, կու­սակ­ցու­թեան ան­դամ­նե­րուն եւ հա­մա­կիր­նե­րուն քուէ­նե­րու ճա­կա­տա­գի­րը կը մնայ անո­րոշ: Բ.Հ.Կ.-ի որո­շու­մը կը դժուա­րաց­նէ՞, թէ՞, ընդ­հա­կա­ռա­կը, կը հեշ­տաց­նէ Սերժ Սարգս­եա­նի վե­րընտ­րու­թիւնը` ահա­ւա­սիկ հե­տաքրք­րա­կան հա­նե­լուկ մը հան­րա­յին կար­ծի­քի ըն­կե­րա­բան­նե­րուն հա­մար:

Հա­կա­ռակ այս անո­րո­շու­թիւն­նե­րուն, Սերժ Սարգս­եա­նի վե­րընտ­րու­թեան են­թադ­րու­թիւնը կը հիմն­ուի քա­նի մը նկա­տա­ռում­նե­րու վրայ:

Անոնց­մէ առա­ջի­նը իշ­խա­նա­կար­գի շա­րու­նա­կա­կա­նու­թեան հիմ­նա­կան գոր­ծիք` Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տա­կան Կու­սակ­ցու­թեան կող­մէ ոչ միայն ընտ­րա­կան հա­մա­կար­գը, այ­լեւ քա­ղա­քա­ցի­նե­րու քուէն իսկ վե­րահս­կե­լու կոչ­ուած գրե­թէ կա­տա­րե­լա­գործ­ուած մե­խա­նիզ­մի մը ստեղ­ծումն է, այն­պէս ինչ­պէս ըն­թա­ցիկ տար­ուայ խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րը ցոյց տուին: Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­կան իրա­դար­ձու­թիւն­նե­րու քիչ թէ շատ հե­տե­ւող­նե­րուն հա­մար, քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ ըլ­լան անոնք, վեր­լու­ծող­ներ թէ լրագ­րող­ներ, “ընդ­հան­րա­կան հաս­կա­ցո­ղու­թեան“ կար­գով այս մէ­կը ար­դէն ծա­նօթ էր: Այդ մա­սին շատ աւե­լի առար­կա­յա­կա­նօ­րէն կը վկա­յէ Ուա­շինկ­թը­նի մէջ գոր­ծող Փո­լի­սի Ֆո­րում Ար­մեն­իա Ոչ Կա­ռա­վա­րա­կան Կազ­մա­կեր­պու­թեան Յա­տուկ Տե­ղե­կա­գի­րը` ըն­թա­ցիկ տար­ուայ Մա­յիս 6ի խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րուն մա­սին: Ըստ Տե­ղե­կագ­րին, այս վե­րահս­կո­ղու­թեան մե­խա­նիզմ­նե­րը այն­քան մաս­նա­գի­տա­ցած են որ մի­ջազ­գա­յին դի­տորդ­նե­րու հա­մար գրե­թէ ան­կա­րե­լի կը դառ­նայ անոնց բա­ցա­յայ­տու­մը: Մա­յիս­եան ընտ­րու­թիւն­նե­րուն ար­ձա­նագր­ուած այս “յա­ջո­ղու­թիւնը“ մե­ծա­մաս­նա­կան ու­ժին վստա­հու­թիւն կը ներշն­չէ փոր­ձը կրկնե­լու փետր­ուար­եան ընտ­րու­թիւն­նե­րուն ապա­հո­վե­լու հա­մար իր ղե­կա­վա­րի վե­րընտ­րու­թիւնը, որ, հա­մա­կար­գա­յին տրա­մա­բա­նու­թեամբ, անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն մըն է: Սերժ Սարգս­եա­նի շա­րու­նա­կա­կա­նու­թիւնը նա­խա­գա­հա­կան պաշ­տօ­նին երաշ­խիք է որ Ազ­գա­յին Ժո­ղո­վի մէջ մե­ծա­մաս­նու­թիւն կազ­մող իր կու­սակ­ցու­թիւնը պա­հէ իր դիր­քե­րը, եւ ոչ թէ հա­կա­ռա­կը. նա­խա­գա­հա­կան հա­մա­կար­գը գոր­ծա­դիր իշ­խա­նու­թեան ձեռ­քե­րուն մէջ կը կեդ­րո­նաց­նէ այն­քան կա­րո­ղու­թիւն որ օրէնս­դիր իշ­խա­նու­թիւնը հա­զիւ վե­րահս­կո­ղու­թեան կրնայ են­թար­կել, հե­տե­ւա­բար` Նա­խա­գա­հու­թեան հաս­նող որե­ւէ անձ կրնայ ճա­կա­տագ­րա­կան որո­շում­ներ առ­նել ե՛ւ քա­ղա­քա­կան, ե՛ւ տնտե­սա­կան ոլորտ­նե­րուն մէջ: Պա­տա­հա­կան չէ, որ իշ­խա­նու­թեան կեդ­րո­նաց­ման այս առա­ւե­լու­թիւն­նե­րուն գի­տա­կից Հ.Հ.Կ.-ն ու իր ղե­կա­վա­րը ընդ­դի­մա­նան Հ. Յ. Դաշ­նակ­ցու­թեան‘ խորհր­դա­րա­նա­կան հա­մա­կար­գի անց­նե­լու ծրագ­րի առա­ջար­կին, այն հա­զիւ թէ հա­մո­զիչ ար­դա­րա­ցու­մով որ Հա­յաս­տա­նի աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան դիր­քը անհ­րա­ժեշտ կը դարձ­նէ կեդ­րո­նաց­եալ իշ­խա­նու­թիւն մը` որո­շում­նե­րու կա­յաց­ման եւ գոր­ծադ­րու­թեան արա­գա­ցու­մը երաշ­խա­ւո­րե­լու հա­մար: Հան­րա­պե­տա­կան­նե­րու այս դիր­քո­րոշ­ման հա­ընկ­նու­մը ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան խա­ղի կա­նոն­նե­րուն մէջ կաս­կա­ծի տակ չի դրուիր: Բայց նա­եւ նոյն այդ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան կա­նոն­նե­րու ծի­րին մէջ է որ քա­ղա­քա­կան հա­մա­կար­գը կ՛երաշ­խա­ւո­րէ հասր­տու­թեան կեդ­րո­նա­ցու­մը, ինչ որ, խոր­քին մէջ, նա­խա­գա­հա­կան հա­մա­կար­գի պաշտ­պան­նե­րուն հա­մար նոյն­քան կա­րե­ւոր է որ­քան Հա­յաս­տա­նի աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան դժուար դիր­քը:

Երկ­րորդ նկա­տա­ռու­մը` մրցու­նակ թեկ­նած­ուի մը բա­ցա­կա­յու­թիւնն է: Ժա­ռան­գու­թիւնը, Հայ Ազ­գա­յին Քոնկ­րէ­սը եւ հա­ւա­նա­բար այլ քա­ղա­քա­կան ու­ժեր թէ ան­հատ­ներ թեկ­նա­ծու­ներ ու­նե­նան այն տրա­մա­բա­նու­թեամբ որ հա­կա­ռակ բո­լոր դժուա­րու­թիւն­նե­րուն եւ կան­խա­տե­սե­լի ար­դիւն­քին, ընտ­րու­թիւն­նե­րուն մաս­նակ­ցու­թիւնը ոչ միայն դրա­կան է ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան կեն­սու­նա­կու­թեան հա­մար այլ նա­եւ‘ իշ­խա­նու­թեան այ­լընտ­րան­քը օրա­կար­գի վրայ կը պա­հէ: Կը մնայ որ ընդ­դի­մա­դիր դաշ­տի մի­ա­ւոր­ման ան­հա­ւա­նա­կա­նու­թիւնը առն­ուազն եկող ընտ­րու­թիւն­նե­րուն հա­մար Սերժ Սարգս­եա­նի վե­րընտ­րու­թեան յօ­գուտ է: Այլ հարց որ գա­ղա­փա­րա­խօ­սա­կան իմաս­տով, եթէ բա­ցա­ռենք Հ. Յ. Դաշ­նակ­ցու­թիւնը որ­պէս ըն­կեր­վա­րա­կան կու­սակ­ցու­թիւն, մնաց­եալ բո­լոր ու­ժե­րը նոյն լի­բե­րալ, նէ­օ­լի­բե­րալ եւ պահ­պա­նո­ղա­կան ակուն­քէն ջուր կը խմեն: Անոնց ներ­կա­յա­ցուց­չա­կան անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րու վա­յե­լած ժո­ղովր­դա­կա­նու­թեան տու­եա­լէն ան­կախ հա­ւա­նա­բար հոն ուր կը փոր­ձեն տար­բե­րու­թիւն ձե­ւա­ւո­րել “օրէն­քի իշ­խա­նու­թեան“ յան­կեր­գը մէկ նօթ վեր մէկ նօթ վար մեկ­նա­բա­նու­թեան մէջ ըլ­լայ: Թէ այդ մէ­կը հա­ճելի­օ­րէն ըն­կալ­ուի Արեւ­մուտ­քի կող­մէ եւ բա­նա­լի-յղացք ըլ­լայ տար­բեր օժան­դա­կու­թիւն­ներ ստա­նա­լու` պարզ է: Բայց հա­ւա­նա­բար անոնց­մէ ոչ ոք ական­ջա­լուր ըլ­լայ Մարքս­եան հա­կու­մով մտա­ւո­րա­կա­նի մը յստա­կաց­ման. “Օրէնք­նե­րը չեն իշ­խեր: Դա­սա­կար­գե­րը կ՛իշ­խեն“:

Մինչ այս տո­ղե­րու գրա­ռու­մը թե­րեւս յստակ չէր Հ. Յ. Դաշ­նակ­ցու­թեան որո­շու­մը` թեկ­նա­ծու ու­նե­նա­լու թէ չու­նե­նա­լու, կամ` այլ թեկ­նած­ուի մը սա­տար կանգ­նե­լու թէ ոչ: Այս տա­տամ­սու­մը պատ­կե­րա­ւոր ձե­ւով կրնայ բա­ցատր­ուիլ որ­պէս կօա­լիցի­ոն ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան փլուզ­ման յա­ջոր­դած անո­րո­շու­թեամբ, ի մաս­նա­ւո­րի ընդ­դի­մա­դիր դաշ­տին մէջ: Յստակ է, սա­կայն, որ Հ. Յ. Դ.ն Սերժ Սարգս­եա­նի թեկ­նա­ծու­թեան սա­տար պի­տի չկանգ­նի, եւ այդ մէ­կը շատ հասկ­նա­լի է: Սա­կայն եթէ նկա­տի ու­նե­նանք որ Դաշ­նակ­ցու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թիւնը հան­դի­սա­ցաւ Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­կան օրա­կար­գին վրայ դնել Սահ­մա­նադ­րա­կան փո­փո­խու­թիւն­նե­րու առա­ջար­կը ի խնդիր կա­ռա­վար­ման նա­խա­գա­հա­կան հա­մա­կար­գէն խորհր­դա­րա­նա­կա­նին անց­նե­լու հե­ռան­կա­րին, ապա եւ նա­խա­գա­հա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րուն թեկ­նա­ծու ու­նե­նա­լու կամ չու­նե­նա­լու “տա­տամ­սու­մը“ այն­քան ալ կօա­լիցի­ոն ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան փլուզ­ման յա­ջոր­դած անո­րո­շու­թեան հետ կապ չու­նի որ­քան ար­մա­տա­կան բա­րե­կար­գում­նե­րու քա­ղա­քա­կան ծրագ­րի մը ծննդո­ցին: Տրա­մա­բա­նու­թիւնը հե­տեւ­եալն է. եթէ հե­ռան­կա­րա­յին լու­ծու­մը կա­ռա­վար­ման հա­մա­կար­գի այս ար­մա­տա­կան փո­փո­խու­թիւնն է, ապա եւ նա­խա­գա­հա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րու կա­րե­ւո­րու­թիւնը երկ­րոր­դա­կան է: Եթէ Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րուն մի­ջեւ հա­մա­խո­հու­թիւն գո­յա­նար, որուն կը ձգտէ­ին Հ. Յ. Դ. Հա­յաս­տա­նի Գերա­գոյն Մարմ­նի ղե­կա­վար­նե­րը կու­սակ­ցու­թեան առա­ջար­կած եօ­թը կէ­տե­րու շուրջ խորհր­դակ­ցու­թիւն­ներ կազ­մա­կեր­պե­լու իրենց նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ, ապա եւ յա­ջորդ տա­րի­նե­րը պի­տի ըլ­լա­յին ան­ցու­մի տա­րի­ներ` ինչ որ չա­փով հա­մադր­ուած հա­մա­կար­գա­յին փո­փո­խու­թիւն­ներ իրա­կա­նաց­նե­լու հա­մար: Բայց իշ­խող քա­ղա­քա­կան ու­ժին կտրուկ մեր­ժու­մը նման փո­փո­խու­թեան ինք­նին բա­րա­ցու­ցա­կան է թէ որ­քան իրա­րու առըն­չա­կից են, իրար­մով պայ­մա­նա­ւոր­ուած, իշ­խա­նա­կարգն ու օլի­կար­գա­յին տնտե­սա­կան հա­մա­կար­գը:

Նա­խա­գա­հա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րէն յե­տոյ պէտք է ակն­կա­լել հա­մա­կար­գի շա­րու­նա­կա­կա­նու­թիւն: Այդ մէ­կը առա­ւե­լի կեն­սա­կան կը դարձ­նէ փո­փո­խու­թեան անհ­րա­ժեշ­տու­թիւնը, որ պէտք է քննար­կել ար­մա­տա­կան բա­րե­կար­գու­մի ծրագ­րի տրա­մա­բա­նու­թեամբ: Այս իմաս­տով, հիմ­նա­կան հար­ցու­մը չի վե­րա­բե­րիր Նա­խա­գա­հա­կան պաշ­տօ­նը զբա­ղեց­նող ան­ձին: Այլ` այն դե­րա­կա­տար­նե­րուն որոնք փո­փո­խու­թեան հե­ռան­կա­րը իրա­տե­սա­կան կը դարձ­նեն, անոնց որոնց յանձ­նա­ռու պի­տի ըլ­լան փո­փո­խու­թեան իրա­կա­նաց­ման:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles