ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔ. ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՔԸՆԷՔԹԻՔԷԹ

1 0
Read Time:35 Second

Կիրակի, Փետրուար 26-ին, Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան նախագահեց Սուրբ Պատարագին եւ քարոզեց Քընէթիքըթի Սուրբ Ստեփանոս (Նիւ Պրիթըն) եկեղեցւոյ մէջ։ Սուրբ Պատարագը մատուցանեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Սամուէլ Քհն. Աճէմեան։ Յաւարտ Սուրբ Պատարագի, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նախագահեց Հ․Օ․Մ․-ի մահացած անդամներուն, հիմնադիրներուն եւ բարերարներուն հոգեհանգստեան արարողութեան։

Իր պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը գնահատեց Հայ Օգնութեան Միութեան գործունէութիւնը, աւելի քան 110 տարիներ հայ կեանքը ոռոգելով բարեսիրական, մշակութային եւ ընկերային ծառայութիւններով։ Ան յատկապէս շեշտեց, որ Հ․Օ․Մ․-ը միշտ ներկայ է առաջին գծի վրայ հոն ուր որ հայ կեանքը կը տագնապի աղէտներով, եզրակացնելով, որ Ազգային Առաջնորդարանի միշտ զօրավիգ կը կանգնի Հ․Օ․Մ․-ի առաքելութեան։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles