Լրահոս

ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔ․ ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՈՒԱՅԹԸՆԶՎԻԼ

 

Անցեալ շաբաթավերջին, Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան թեմի Առաջնորդ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան նախագահեց Ուայթընզվիլի (Մասաչուսէց) Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ 69-ամեակի ու Գոհաբանութեան տօնի ճաշկերոյթին, որ տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ սրահին մէջ։ Հոգաբարձութեան ատենապետ՝ տիար Յակոբ Անդրանիկեան, միամեայ գործունէութեան ամփոփ պատկերը ներկայացնելով, շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ծխականներուն իրենց զօրակցութեան համար։ Հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Միքայէլ Քհն. Տէր Խոսրովեանը, գոհութիւն յայտնեց Աստուծոյ, որ քրիստոնէական սիրոյ եւ համերաշխութեան ոգիով յառաջ կը տարուի գաղութի կեանքը։ Ձեռնարկը փակուեցաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր խօսքով, որ գնահատեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը, որ ձեռնհասօրէն կը վարէ իրեն յանձնուած հօտը, սերտ գործակցութեամբ հոգաբարձութեան հետ, եւ կ՚իրագործէ նորանոր ծրագիրներ։ Տօնախմբութիւնը փակուեցաւ Պահպանիչով եւ «Կիլիկիա»-ով։

Սրբազան Հայրը Գիւտ Խաչի տօնին առթիւ պատարագեց Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։ Յաւարտ Սուրբ Պատարագի, տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն եկեղեցւոյ սրահին մէջ։

Already a subscriber? Log in here

This story is FREE for you...

Create a free account to access this article and get more of our top stories sent to you by newsletter.

Or, subscribe now for unlimited access
By submitting your email address you agree for Hairenik Weekly to send you communication by email

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button