«Անկախ Պետականութենէն Աւելի Բարձր Արժէք Չկայ».- Յայտնեց Աղուան Վարդանեան

0 0
Read Time:1 Minute, 24 Second


ԵՐԵՒԱՆ.- Փետրուար 6-ին, Հայաստանի Ազգային ժողովի Հ.Յ.Դ. խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան Ազգային ժողովի յայտարարութիւններուն ընթացքին ելոյթ ունեցաւ եւ յայտնեց թէ 2018 թուականը Հայաստանի կեանքին մէջ հարուստ է բացառիկ իրադարձութիւններով:
«Բայց անոնց կարգին, վստահ եմ, գլխաւորը, առանցքայինը անկախ պետականութեան վերականգնման 100-ամեակն է` մեր ժողովուրդի մտածողութեան մէջ առասպելաբանութեան վերածուած 28 Մայիսը: Այո՛, մենք խորհրդարանական կառավարման անցնելու եզրափակիչ փուլին մէջ ենք` անկէ բխող քաղաքական բազմաթիւ առաջնահերթութիւններով. հանրապետութեան նախագահ, վարչապետ պէտք է ընտրենք, նոր կառավարութիւն ձեւաւորենք, երկիրը որակական, արմատական բարեփոխումներով զարգացնելու նոր ուղիներ փնտռենք: Այո՛, երկրին մէջ առկայ ընկերային-տնտեսական, հոգեւոր-մշակութային խնդիրները, արտաքին մարտահրաւէրները ամէնօրեայ սեւեռուն ուշադրութիւն կը պահանջեն: Այո՛, մենք չլուծուած շատ հարցեր ունինք, կենցաղն ալ իր հոգերը կը թելադրէ:
Բայց այս ամբողջին մէջ մենք պարտաւոր ենք գիտակցիլ, որ հիմքերու հիմքը անկախ պետականութիւնն է, իսկ 100-ամեայ անկախութեան համապետական, համազգային արժեւորումը` ապագային լաւագոյնս իրացուելու առիթ է:
Ես համաձայն չեմ, որ բացառիկ այդ տարեթիւը սահմանափակուի քանի մը օրուան տօնակատարութեամբ:
Ամբողջ տարին այդ նշանի տակ պէտք է անցնի»,- ըսաւ ան շարունակելով թէ, Հայաստանի Հանրապետութեան լիարժէք քաղաքացի դաստիարակելու, նոր սերունդին մէջ պետականութեան գիտակցութիւն սերմանելու, պատմական մեծերուն` Արամ Մանուկեանի, Նժդեհի, Դրոյի, Սիլիկեանի, Անդրանիկի, Վրացեանի, Շանթի, Աղբալեանի, Թեհլիրեանի, Վարուժանի, Սիամանթոյի, Տէրեանի, Թումանեանի` հայկականութեան, ազգային բարձր բարոյականութեան, նուիրումի, անձնազոհութեան օրինակը վարքականոն դարձնելու առումով 2018-ի իւրաքանչիւր օրը 28 Մայիսով շնչաւորելու անհրաժեշտութիւն կայ:
«Ճիշդ է, Մայիս 28-ը կերտելու մէջ էական դերակատարութիւն ունեցած է Դաշնակցութիւնը, բայց անիկա համայն հայութեան դարաւոր իղձերու մարմնացումն էր, բոլոր հայերուն անկախ պետականութեան մեծ սկիզբը: Եւ Դաշնակցութիւնը նաեւ այս առումով բոլորինն է:…Անկախ պետականութենէն աւելի բարձր արժէք չկայ: Այդ մեծ սկիզբը յաւերժական դարձնելու պարտքն ու պատասխանատուութիւնը մերն է ու յաջորդ սերունդներունը:

Այդ յաւերժութիւնը երաշխաւորելու համար անհրաժեշտ է 2018-ի բոլոր օրերը լեցնել Մայիս 28-ի բովանդակութեամբ եւ խորհուրդով», -եզրակացուց Վարդանեան:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles