ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ.- ԱՆԻ… ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԻ՞ՒՆ

0 0
Read Time:1 Minute, 33 Second

Հող, մշակոյթ եւ կրօնք…աճուրդի հանուած են:

Աղաւաղում, մութ հաշիւներ, կեղծիք եւ անշուշտ օտարի աչքին լաւ երեւելու կամ տիպար օրինակ դառնալու մարմաջ:

Այսպէս, Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան Կարսի նահանգային վարչութեան պետը, յայտարարեց թէ յատուկ դիմումնագրով մը, առաջարկուած է որ, Անիի աւերակները` Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան “Եունեսքօ“ի Համաշխարհային մշակութային ժառանգութեան ցուցակին մէջ նկատի առնուին:

Հետաքրքրական է այս տեղեկութեան “թայմինկ“ը, յատկապէս ամերիկահայ զանգուածին համար, որ մօտէն կը հետեւի Թուրքիոյ մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօնին թեկնածու Ֆրենսիս Ռիքարտոնէի կատարած սուտ ու փոյթ արտայայտութիւններուն:

Յանկարծ ի՞նչ պատահած է: Արդեօ՞ք աշխարհ հետզհետէ այնքան գեր-թափանցիկ դարձած է որ կարելի չէ ստել, թէ տասնեակ տարիներէ ի վեր, Անին այնքան մը քանդուած է որ աւերակ վիճակին մէջ, առանց ազդելու քաղաքական իրադարձութիւններուն վրայ, կրնայ մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծել զբօսաշրջիկներու մօտ:

Տարիներէ ի վեր Թուրքիոյ մշակոյթի նախարարութիւնը կը փորձէր աւերակներուն մասին պատրաստուած կայքէջի ընդմէջէն, “հայ“ բառը չգործածել: Աւելին, այդ նոյնինքն մշակոյթի նախարարութիւնը, ամէնայն ճկունութեամբ աշխատանք կատարած էր “Անի“ անունը` “Անը“ անուան փոխելու, փորձ մը որ ձախողած էր, յամայն աշխարհ քաջատեղեակ է, որ այսօրուան պայմաններուն մէջ ամէն մարդ “Անի“ն կը ճանչնայ որպէս “Անի“, այլ ոչ թէ որպէս` “Անը“: Հանդերձ այս իրողութեան, նախարարութիւնը ամէնայն ճկունութեամբ յաջողած էր Անիի պատմութիւնը պատմել ու անոր կոթողները ծանօթացնել առանց հայ անունը յիշատակելու:

Ամիսներ առաջ, Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ կատարած իր տարեկան հաշուետուութեան տեղեկագրին մէջ, “Համաշխարհային ժառանգութիւն“ հիմնադրամը, նշած էր որ հայկական միջնադարեան Անի մայրաքաղաքի փլատակներուն անհետացում կը սպառնայ` սխալ կառավարման եւ անփոյթ վերաբերմունքի պատճառով: Սոյն հիմնադրամի գործադիր տնօրէնը յայտնած էր, թէ Անին, Փերուի Մաչու Փիչուի եւ Քամպոտիոյ Անկքորի  նման, աշխարհի կարեւորագոյն տասը յուշարձաններէն  մէկն է, որ իր աշխարհագրական դիրքին պատճառով յայտնուած է “քաղաքական ճահիճի“ մէջ:

Հուսկ, ի պատասխան դեսպանի պաշտօնին թեկնածու Ռիքարտոնէի….դժբախտաբար հազար ու մէկ եկեղեցիներու քաղաք Անիի ոչ մէկ եկեղեցին գործածելի է: Դեռ աւելին, ամիսներ առաջ կրօնամոլ ծայրայեղական  շարժում մը, Անիի Մայր տաճարին մէջ նամազ կատարեց եւ միեւնոյն տաճարին ու այլ եկեղեցիներու մէջ, նորաձեւութեան ցուցադրութիւն կատարեց:

 

“Հայրենիք“

Օգոստոս 14, 2011

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles