Լրահոս

Այցելութիւն Վահան Յովհաննէսեանի Շիրիմին

ԵՐԵՒԱՆ.- Հ,Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ, Գերմանիոյ մօտ Հ.Հ. արտակարգ եւ լիազօր դեսպան, մտաւորական, պատմաբան եւ քաղաքական գործիչ Վահան Յովհաննէսեանի ծննդեան 70-ամեակին առիթով, Հ.Յ.Դ. Երեւանի կառոյցի ընկերները՝ Օգոստոս 16-ին, այցելեցին քաղաքային պանթէոն։

Վահան Յովհաննէսեանի կեանքին ու գործունէութեան մասին համառօտ խօսք մը արտասանեց Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի անդամ, Հ.Հ. Ազգային Ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գեղամ Մանուկեան։

Այնուհետեւ ընկերները ծաղիկներ զետեղեցին եւ խնկարկեցին Վահան Յովհաննէսեանի շիրիմին։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button