
Լուսանկարներ` Իննա Մխիթարեանի
Ապրիլ 2002-էն ի վեր կը գործէ «Գաֆէսճեան» հիմնադրամի թանգարանը: Բոլորովին վերանորոգուած ու կահաւորուած, այս թանգարանը կը ցուցադրէ արուեստի զանազան բնագաւառներ: Նոյնիսկ տպաւորիչ են, թանգարանի շրջապատը գտնուող պարտէզներն ու յատուկ խնամքի առարկայ դարձած կանաչութիւնները:
Թանգարանէն ներս կը ցուցադրուին Արշիլ Կորքիի գործերը, որոնք կը պատկանին Ճերըրտ Գաֆէսճեանին:
Բազմաթիւ քանդակներ ալ ցուցադրուած են, որոնց կարգին գործեր` Պերի Ֆլանականէն, Ֆերնանտօ Պօտերոյէն եւ Լին Չետուիքէն:
Ըստ հիմնարկի վարիչ պատասխանատու Աննա Տիրելիի, վերջին երկու տարիներուն, այս գործերը իրագործելու համար, աւելի քան 35 միլիոն տոլար տրամադրուած է: