Լրահոս

ԱՅՍ ՏԱՐՈՒԱՆ «ՊՈՍԹԸՆ ՓՈՓՍ»Ի ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՅԱՅՏԱԳՐԻՆ ԵԼՈՅԹ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ ՅԱՍՄԻԿ ԹՈՐՈՍԵԱՆ

ՊՈՍԹԸՆ.- Հայ Մշակոյթի Բարեկամներու Հիմնարկը (Friends of Armenian Culture Society) յատուկ հաղորագրութեամբ մը, կը տեղեկացնէ թէ, Յունիս 3-ին, յաջորդաբար 66-րդ անգամ ըլլալով պիտի նշուի «Պոսթըն Փոփս»ի հայկական յատուկ երեկոն, հանրածանօթ «Սիմֆընի Հօլ» սրահին մէջ:
Այս տարուան հայրենի արուեստագէտն է, երիտասարդ օփերայի երգչուհի Յասմիկ Թորոսեան (սոփրանօ), որ հանդիսատեսներուն պիտի ներկայացնէ գործեր՝ Մոցարթէն, Կունոյէն, Պըրնշթայնէն եւ Բարսեղ Կանաչեանէն, նաեւ հայերէն տոհմիկ գործ մը:
Երեւան ծնած եւ աւարտած «Ռոմանոս Մելիքեան» եւ «Կոմիտաս» երաժշտանոցները, ան եղած է աշակերտը Գայանէ Գեղամեանի: 2008-ին, Թորոսեան տիրացաւ Հայաստանի «Գոհար Գասպարեան» մետալին: Ապա, տարի մը ետք, ան առաջին հանդիսացաւ Մոսկուայի մէջ կատարուած «Պելա Վոչէ» մրցանքին:
Արդէն իսկ, Յասմիկ Թորոսեան տիրացած է համբաւի, ելոյթներ ունենալով Պելճիքայի Օփերա Վլաներընի, Իտալիոյ Պոլոնիա քաղաքի «Թէաթրօ Քոմունալէ»ի եւ Փարիզի Ազգային նուագախումբին հետ:
2011-ին, Հռոմի մէջ Թորոսեան առաջին հանդիսացաւ «Մուզիքա Սաքրա» մրցանքին, եւ այդ թուականէն ի վեր անդամակցած է Հայաստանի «Ալեքսանտր Սպենդիարեան» օփերայի եւ պալէի ակադեմիային:
Նշենք թէ, «Պոսթըն Փոփս»ի ղեկավարն է մաէսթրօ Քիթ Լոքըրթը, որ այդ օր նաեւ ելոյթ պիտի ունենայ «Սիրք տը լա միւզիք» խումբին հետ:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար.- www.FACSBoston.org:

Already a subscriber? Log in here

This story is FREE for you...

Create a free account to access this article and get more of our top stories sent to you by newsletter.

Or, subscribe now for unlimited access
By submitting your email address you agree for Hairenik Weekly to send you communication by email

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button