
Արդէն իսկ Երեւան ժամանած են Հ.Մ.Ը.Մ.-ի միջազգային ընտանիքի անդամները, մասնակցելու համար 9-րդ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական խաղերուն, որ պիտի կայանան Յուլիս 27-էն Օգոստոս 3 ժամանակամիջոցին: Խաղերը պիտի հիւրընկալեն 650 մարզիկներ, ժամանած 18 երկիրներէ: Այս մարզախաղերուն ծրագիրին մէջ ընդգրկուած են ութ մարզախաղեր.- ոտնագնդակ, կողովագնդակ, վոլիպոլ, լող, աթլեթիզմ, թենիս, փինկ փոնկ եւ ճատրակ:
ՀամաՀ.Մ.Ը.Մ.-ական 9րդ մարզախաղերու Հանդիսաւոր բացումը պիտի կայանայ Շաբաթ, Յուլիս 27-ին, Երեւանի “Ազատութիւն“ հրապարակին վրայ, փայլուն տօնակատարութեամբ:
Մարզախաղերուն կը մասնակցին տարբեր երկիրներէ ժամանած շուրջ 650 մարզիկներ, ինչպէս` Հայաստան, Լիբանան, Իրան, Գանատա, Մեծն Բրիտանիա, Երուսաղէմ, Իրաք, Քուէյթ, Եգիպտոս, Արժանթին, Աւստրալիա եւ Ուրուկուայ: