Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Ընդունեց Հ․Յ․Դ․ Նորընտիր Բիւրոյի Անդամները
էՋՄԻԱԾԻՆ․- Չորեքշաբթի, Մարտ 9-ին, Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ ընդունեց Հ․Յ․Դ․ նորընտիր Բիւրոյի անդամները` գլխաւորութեամբ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի: Կուսակցութեան ներկայացուցիչները վեհափառ հայրապետին տեղեկութիւններ ներկայացուցին Հ․Յ․Դ․ 34-րդ Ընդհանուր ժողովի աշխատանքներուն եւ արձանագրած արդիւնքներուն վերաբերեալ, անդրադարձ կատարեցին Հ․Յ․Դ․ հետագայ գործունէութեան առաջնահերթութիւններուն եւ յառաջիկայ ընելիքներուն:
Այս առիթով Ամենայն հայոց կաթողիկոսը շնորհաւորեց ներկաները Բիւրոյի կազմին մէջ ընտրուելու առիթով` կարեւոր նկատելով հայրենիքի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներու եւ առկայ ճգնաժամի յաղթահարման, ազգային ոգիի բարձրացման, Հայաստան-Արցախ-սփիւռք կապերու զօրացման ուղղուած ջանքերը: Հանդիպումի ընթացքին վեհափառ հայրապետը եւ Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի անդամները քննարկեցին հայրենական կեանքն ու աշխարհասփիւռ ժողովուրդը յուզող հիմնախնդիրները, ընդգծեցին համազգային միասնականութեան ամրապնդման անհրաժեշտութիւնը: Առկայ խնդիրներու դիմագրաւման գործին մէջ կարեւոր նկատուեցաւ Հայոց եկեղեցւոյ ազգաշահ առաքելութիւնը:


