Գլխաւոր
Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ․ Կաթողիկոսին Արգիլուեցաւ Հայաստանի Տարածքէն Ելքը
ԵՐԵՒԱՆ․- Շաբաթ, 14 Փետրուարին աննախադէպ դէպք մը արձանագրուած է։ Արդարեւ, Հ․Հ․ Դատախազութիւնը քրէական հետապնդում սկսած է Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ․-ին դէմ՝ Արման Սարոյեանի հետ կապուած դատական վճիռ կատարումը խոչընդոտելու մեղադրանքով։
Վեհափառ Հայրապետին արգիլուած է Հայաստանի տարածքէն դուրս գալը, որովհետեւ փորձ կը կատարուի ձախողեցնել Աւստրիոյ մէջ նախատեսուած եպիսկոպոսաց ժողովը։
«Սա իշխանութիւններուն կողմէ պատմականօրէն ամօթալի քայլ մըն է», կը նշէ փաստաբան Արա Զոհրապեան։

