Գլխաւոր

ԱՂՕԹՔ ԱՄԱՆՈՐԻ

amanor_resized

 

ՀՐԱՆԴ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ

Նիւ Եորք

Կ՛աղօթեմ, Տէ՜ր, որ ծառերը չմահանան…

Կ՛աղօթեմ, Տէ՜ր, որ սէրերը չմահանան…

Advertisement Donate Today

կաթիլներու ջուրին նման

վեր բարձրանան եւ ամպանան

ծածկեն գունդն այս ապականած

ու վար ցողեն դանդաղօրէն ու համօրէն

իջնեն գլխուն մէն մի մարդու

եւ սրտերո՛ւն

մաքրեն մաղձը ու նախանձը

մաքրեն կիրքը եսին հիւանդ:

 

Կ՛աղօթեմ, Տէ՜ր, որ ծառերը չմահանան…

Կ՛աղօթեմ, Տէ՜ր…

սերմերու պէս դաշտին նետուած

ԽՈՀը ցնցուղ ցանես մտքին մէն մի մարդու

եւ տաս անոր գիտակցութիւն`

վեհին անեղծ

ու վսեմին սրբամաքուր:

 

Կ՛աղօթեմ, Տէ՜ր…

որ մարդուն մէջ

-կաւովն ափիդ մարդկայնացած-

որ մարդուն մէջ

-Քու պատկերով ճիշդ քանդակուած-

որ մարդուն մէջ,

մա՛րդը, ՄԱ՛ՐԴը չմահանայ…

 

Կ՛աղօթեմ, Տէ՜ր…

 

 

Դեկտեմբեր 9, 1996

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button