ԱԿՆԱՐԿ.- ՄԻԱՅՆ ԱՐԴԱՐ ՀԱՏՈՒՑՄԱՆ ՃԱՄԲՈՎ

0 0
Read Time:2 Minute, 7 Second

 Ցեղասպանութեան տարեդարձի նախօրեակին, թրքական խաբեպատիր մեքենայութիւնները դարձեալ գլուխ կը բարձրացնեն. դարձեալ փորձ կ՛ըլլայ աշխարհը մոլորեցնելու, յառաջ քշելով այն վարկածները, թէ` այսօրուան Թուրքիան անմեղ է, հայերն ու թուրքերը հաւասարապէս տուժած են Ա. Աշխարհամարտի իրադարձութեանց հետեւանքով, ցաւալի անցեալը պէտք չէ գրգռել, պէտք է յառաջ անցնիլ, բարեկամական մօտեցումը զարգացնել ու ապագային նայիլ գործնապաշտ մօտեցումով:

Դարձեալ փորձ կը կատարուի անհատոյց պարտքերը քողարկելու, մէկդի ձգելու եւ, տակաւին, հայեր ներգրաւելու այս գործընթացին մէջ: Այս փորձերը կը կրկնուի՜ն ու կը կրկնուին, հաւանաբար մեկնելով այն համոզումէն, որ եթէ սուտ մը կամ անընդունելի առաջարկ մը հազար անգամ կրկնես, թերեւս հազար-մէկերորդ փորձիդ հաւատացողներ ու ընդառաջողներ գտնես…

Մեզի` հայութեան համար, կայ մէկ ու միակ ճամբայ. եթէ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի-հայութեան միջեւ պատմական տխուր հաշիւները պիտի փակուին ու բարի դրացնութեան էջը պիտի բացուի, հոն հասնելու միակ ձեւը` Թուրքիոյ կողմէ ամբողջական հատուցում կատարելն է, ո՛չ աւելի, ո՛չ պակաս: Իսկ պէտք կա՞յ կրկնելու, որ ամբողջական հատուցում ըսելով` կը հասկնանք մարդկային, նիւթական ու հողային բոլոր կորուստներուն դիմաց արդար հատուցում, որուն մասին ոչ մէկ սակարկութիւն ընդունելի է:

Մեր կարգին, այս պահանջը պիտի կրկնենք ու կրկնենք, մինչեւ որ պնդագլուխները, բարեմտութիւն խաղացող իմաստակները, անոնք ըլլան հայ թէ թուրք կամ Թուրքիոյ պաշտպան-դաշնակից, հասկնան, թէ առանց արդարութեան` մնայուն ու կայուն լուծումներ անկարելի պիտի մնան. այս ճշմարտութիւնը իրական է հայութեան Դատին, թէ անտեսուած իրաւուննքներ ունեցող ոեւէ ժողովուրդի համար:

Եւ թող ոչ ոք, բարեմիտի ու բարեկամի դիմակով, հայութեան ներկայանայ Թուրքիան չքմեղացնելու պատճառաբանութիւններով: Ցեղասպանութիւնը միայն Ա. Աշխարհամարտին տեղի չունեցաւ. Թուրքիա` օսմանեան, սահմանադրական թէ հանրապետական դիմակով, միշտ ալ հետապնդած է հայը իր հայրենիքէն զրկելու քաղաքականութիւն, գործադրած է ջարդ ու բռնագաղթ: Վերջին աղաղակող օրինակը` Կիլիկիոյ վերջնական պարպումն էր Ա. Աշխարհամարտի աւարտէն 2-3 տարի ետք, առանց մոռնալու Մուսա Լեռան պարպումը` Բ. Աշխարհամարտի նախօրեակին…:

Իսկ եթէ թուրք մտաւորականներ, պատմագէտներ ու քաղաքական մարդիկ այսօր իսկապէս կը ցանկան տխուր էջերուն փակումը, պէտք է ընդունին անցեալի ահաւոր ոճիրը, իրենց ժողովուրդին բացատրեն, թէ անպարտի վկայական առնելու համար, պէտք է լիովին դարմանել այն` ինչ որ դարմանելի է (փաստօրէն, մարդկային կորուստները միշտ ալ պիտի մնան անդարմանելի), կատարել ամբողջական ու արդար հատուցում, ու միայն անկէ ետք որոնել բարի դրացնութեան, գործակցական յարաբերութեանց միջոցները:

Եթէ կան նման տրամադրութիւններ, երկխօսութիւնն ու գործակցութիւնը կը դառնան կարելի: Իսկ եթէ բարեմիտներն անգամ պիտի շարունակեն թութակել, որ հողային հատուցման հարցը պէտք է միանգամընդմիշտ փակուած համարել, որովհետեւ անկարելին կը պահանջուի, այդ պարագային, կը մնանք փակ ճամբու մէջ:

Մենք` հայերս, այս պատասխանը ունինք բոլորին: Եւ մեր պահանջները արդար են, որովհետեւ հիմնուած են պատմական անյեղլի ճշմարտութեանց վրայ:

Արդարութիւնն ու Ճշմարտութիւնը ի վերջոյ կը յաղթանակեն, որքան ալ ձգձգում պատճառեն խաբեպատիր փորձեր: Այս հաւատքով ու ինքնավստահութեամբ պէտք է տեսնենք, որ այսօր մեր նպատակներուն աւելի՛ մօտ ենք, քան տասնամեակներ առաջ:

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles