«Ազդակ» – Սագոն

Զ․ Թորիկեան
«Ամէն բան լաւ ընթացքի մէջ է։ Շուտով կը խօսինք։ Առայժմ ձայնս բնական չէ, եւ խօսիլը դժուար է․․․տիւշիւնմէ» ․․․եւ անոր հետեւող ծիծաղի նշաններ։ Այս էր մեր վերջին զրոյցը, այդ ալ` բջիջայինի պատգամներու ճամբով։
Նաեւ ե-նամակով կարճ բացատրողականով մը Սագոն մամլոյ պաշտօնակիցներուն տեղեկացուցած էր, թէ բնականաբար բանաւոր պատճառներով ինք երկար ժամանակ պիտի չկարենայ յօդուածներ, ակնարկներ ու նշմարներ գրել։ Մեր բջիջային գրութեան մէջ ան ամէն գնով կը փափաքէր, որ «ապաքինման մաղթանքներ» չտեղադրուին թերթերուն մէջ։ Ահաւասիկ՝ իր հեզ եւ վեհանձն նկարագիրին արտացոլացումը։ Լաւ ճանչցած ըլլալով՝ գիտէի, որ նմանօրինակ կաֆի մը՝ «ապաքինման մաղթանք»-ի մը, տեղադրումը նոր սրտի կաթուածի մը դուռ կրնար բանալ։
***
Չէ՛, չէ՛․․․կը սխալինք բոլորս, նոյնիսկ ինք՝ Սագոն։
Սարգիս Մահսերէճեանը՝ Սագոն, Հալէպ չէ ծնած, այլ պարզ ու մեկին՝ «Ազդակ»-ի մէջ։
Մի՛ տատամսիք, մի՛ կասկածիք, ոչ ալ հարցադրումի տակ առէ՛ք։ Այո՛, Սագոն ծնած է «Ազդակ», ապրած է «Ազդակ», սնանած է «Ազդակ», թրծուած է «Ազդակ», թրծած է «Ազդակ»․․․
«Ազդակ»-ը թերթին անունը չէ։ Այլ ինքը՝ Սագոն, թերթը, օրաթերթը, Դաշնակցութեան օրկանը․․․դաշնակցական օրկանը, դեռ աւելի՛ն. դաշնակցականի մը գուրգուրանքին տակ գտնուող օրկանը։
Թերթը Սագոն էր, Սագոն ալ՝ թերթը։
Շա՜տ ու շա՛տ են յիշատակները, յուշերն ու ոդիսականները։ Յիշողութիւնս սկսած է ինծի դաւաճանել։ Հաւանաբար, առաջին անգամ հանդիպած ենք, երբ ինք երիտասարդ համալսարանական, պատանի վարիչ մարմինի անդամ եւ յօդուածագիր էր, իսկ ես, կամ մենք, քանի մը պատանի ընկերներով, «Ազդակ»-ով հիացած ու կլանուած էինք, եւ մեզի պաշտօն տրուած էր Ուաթ Ուաթի տպարան ներկայանալ «Արարատ»-ի ոտնագնդակի խումբի մրցումներուն ժամանակ (է՜հ այդ օրերուն, Հայաստանը խորհրդային էր եւ Արարատը գէթ տը ֆաքթօ կնքուած եւ այդ ալ ինչպիսի՜ հպարտութեամբ եւ գուրգուրանքով մեզի կը պատկանէր), եւ հեռաձայնի յատուկ թիւ մը տրամադրուած էր, որպէսզի համակիրներ կարենան կապ հաստատել եւ իմանալ արդիւնքը։ Կիսախաղ չեղած անգամ, տեղատարափ էր այդ իւրայատուկ հեռաձայնային ռի՜նկը։ Է՜հ, այդ օրերուն ելեկտրականութիւն կար Լիբանանի մէջ, սակայն ելեկտրոնային արդի կազմածներ գոյութիւն չունէին, ո՛չ առցանց կայքէջներ, ո՛չ ե-նամակ, ո՛չ «Ինսթակրամ», ո՛չ «Էքս»․․․ Իսկ դեռ աւելին, այդ օրերուն w գիրը սակաւ անգամներ կը գործածէինք, մինչդեռ այսօր, մեր առաւօտեան զարթնումը սուրճին հետ կը սկսի ոչ թէ միայն մէկ, այլ երեք www․-ով։ Նիւթ մը, որ յաճախ կ՛արծարծէինք՝ բաղդատական մը ընելով մամլոյ անցեալն ու ներկան։
Այս էր մեր պարտականութիւնը, մինչդեռ Սագոն արդէն իսկ սկսած էր «Ազդակ»-անալ։
Քանի մը տարի ետք, մի՛շտ ու մի՛շտ Ուաթ Ուաթի «Ազդակ»-ի երդիքին տակ ընտանեկան տաքուկ մթնոլորտ կը տիրէր։ Բառին իսկական բացատրութեամբ՝ Team work։ Յաջորդ օրուան առաջին ժամերուն կ՛աւարտէինք, ապա՝ կախում ունէր եղանակէն կամ մթնոլորտէն։ Գրաշարներ կ՛ասմունքէին, կ՛երգէին։ Մեր աննման եւ բառին բուն իմաստով սրամիտ եւ համակրելի սրբագրիչ Պետիկ Հերկելեանը կը պատմէր․․․ «Եուհու՜» (իր գործերէն յիշատակելի երգիծական վիպակ մը)։ Կը պատահէր, որ մեր վերի դրացի վաստակաւոր երգչուհի Մաթիլտ Պուտագեանն ալ՝ Ուաթ Ուաթի խարտեաշ Նինա Սիմոնը, կը միանար հայ թէ օտար ծանօթ երգերով՝ «Թաք տանէին»-էն, «Միսիրլու»-էն մինչեւ «If you go away»․․․«My way»: Արդէն այդ ժամանակ, Սագոն ալ իր կիթառակով (mandolin) օժտուած կ՛ամբողջացնէր երաժշտական երեկոն, յիշատակելի զոյգ մը՝ duo մը կազմելով։ Հոս նշեմ, կրկնեմ եւ ընդգծեմ, թէ գործերը ամբողջութեամբ աւարտելէ ետք կը կատարէինք այս գեղարուեստական յայտագիրները։
Անշուշտ կը պատահէր, որ ընդհանրապէս գարնանային անուշ օրերուն, կամ ամառնային շոգին եւ յատկապէս երբ զինադադար էր, դուրս գալով նկուղէն, կը մեկնէինք Ռաուշէի ծովափ եւ աշխարհը կը վայելէինք՝ քալելով եւ կէս գիշերուան մերթ հանդարտ եւ մերթ փրփրադէզ Միջերկրականը վայելելով։
Կարելի չէ մոռնալ 1985-ի աշնանային այն օրը, երբ ծանր ռմբակոծումներուն, կիրակի օր մը ժամացոյցի դէմ մրցում մը կատարեցինք։ Մօտաւորապէս չորս ժամէն կտրեցինք կէս ժամ տեւողութիւն ունեցող ճամբան։ Լեռներ ու ձորեր ման գալով՝ հասանք Ուաթ Ուաթ, վերջացուցինք թերթը եւ վաղ առաւօտեան ալ առաքեցինք։ Միայն «յամառ» Սագոն կրնար այդ մէկը իրականացնել եւ այդ ալ ինչպէ՜ս իրականացուց։
***
Ֆե-նո-մեն մըն էր Սագոն։ Շատ կը գրէր եւ յաճախ՝ երկար։ Այս մասին միշտ ալ կը վիճաբանէինք, սակայն այդ էր իր ոճը։ Վերլուծաբանական գրութիւններ, ակնարկ, նշմար, սլաք, անդրադարձ․․․you name it։
Քիչ մըն ալ փաղաքշական խօսքերով զայրացնե՞մ։ Անխոնջ, անսակարկ, վաստակաշատ, անբասիր, հաւատաւոր եւ ծառայասէր ընկերը, թող Աստուած երկնքի արքայութեան լոյսերուն մէջ հանգչեցնէ։
Ընկե՛ր, հրահանգդ գործադրեցինք։ Ապաքինման մաղթանք չդրինք այն խոստումով, որ քու բնաւորութեանդ պէս լռիկ մնջիկ պիտի լաւանաս։ Է՜, չեղաւ ասի, Սագօ՛։
Վաղ հրաժեշտ․․․Աւա՜ղ։ Այսպէս, հապճեպ կերպով դուն ալ ցանկապատին միւս կողմը անցար։
Խմբագիրները կ՛երթան ու կու գան։ Խմբագիրը գնայուն է, իսկ թերթը՝ մնայուն։ Եզակի է «Ազդակ»-Սագոյի պարագան, որուն տիպարը պիտի մնայ յաւիտեան։

