ԱԶԳԱՅԻՆ-ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԻՄԱՍՏՈՒԹԻՒՆ ԵՐԵՍՈՒՆ ՏԱՐԻՆԵՐՈՒ ԽԱՐԽԱՓՈՒՄԷ ԵՏՔ

0 0
Read Time:4 Minute, 35 Second

Յ. Պալեան 

Սիրողականութիւնը (amateurism) թերեւս կրնայ շնորհ մը ըլլալ. մարմնամարզ, նուիրուիլ ուրիշներու, ընել այնպէս որ բոլորս միացած ըլլանք… Ձեւով մը այդ լաւ է: Բայց այնուհանդերձ կան կարգ մը մարզեր, ուր անհրաժեշտ են արհեստավարժներ, ուր յամենայն դէպս լաւ է գիտնալ, որ երաշխիքներ կան:

Ֆրանսուա Հոլլանտ, Ֆրանսայի նախկին նախագահ 

 

            Հայաստանի ԱՅՍՕՐ լրատուական կայքին վրայ Արփինէ Յովհաննիսեան (Արդարադատութեան  նախկին նախարար), իր դիմատետրին վրայ ըսած է.

«Դրա հետ մէկտեղ՝ վերադարձ պիտի լինի պրոֆեսիոնալներին, տեխնոկրատներին, նուիրեալներին, ազնիւներին։

ՀՀ փոքր պետութիւն է ու չի կարող իրեն թոյլ տալ շռայլութիւն՝ չօգտագործել իր լաւագոյն որդիների կարողութիւնները՝ երբ ու որտեղ էլ նրանք լինեն։ Համախմբում՝ յանուն պետութեան լինելու է»։

Պրոֆեսիոնալը (professionnel) փորձառու արհեստավարժն է: Տեխնոկրատը (technocrat) իր գործին համար մասնագիտական պատրաստութիւն ունեցողն է: Նուիրեալը եւ ազնիւը կը յայտնուին փորձով եւ օրինակով, ենթակայական եւ բարոյական, ոչ կեղծիքով եւ ոչ ալ շողոքորթութեամբ:

            Արփինէ Յովհաննիսեանի արտայայտած ողջմտութիւնը չլսեցինք երեսուն տարի, եւ հիմա, երբ քաղաքական եւ հոգեբանական փլուզման առջեւ կը գտնուինք, ազգ եւ հայրենիք, կը խօսուի այս մասին:

            Այս հաստատումին կը յաջորդէ հիմնական գաղափար մը, որմէ հեռու մնացինք երեսուն տարի՝ Հայաստանի մէջ: Այն՝ որ «ՀՀ փոքր պետութիւն է ու չի կարող իրեն թոյլ տալ շռայլութիւն՝ չօգտագործել իր լաւագոյն որդիների կարողութիւնները՝ երբ ու որտեղ էլ նրանք լինեն» (ընդգծ. Յ.Պ.)։

            Երբ ու որտեղ էլ նրանք լինեն…

            Քանի մը անգամ պէտք է կրկնել այս պարզութեամբ ըսուած-գրուած խօսքը, որ ազգի լինելութեան համար ռազմավարական նշանակութիւն ունի: Ռազմավարական բառը պէտք է ըմբռնել իր լիիրաւ իմաստով, ոչ այն գործածութեամբ, որ կը հպատակի նորոյթի եւ ճառ զարդարող բանգիտական շպարի:

            Տեղացիի-դրսեցիի ախտաւոր հոգեբանութիւնը շեշտուած կերպով յատուկ է մեր ժողովուրդին, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ): Երեւանցին ինքզինք գերադաս կը համարէ գիւմրեցիէն, ապարանցիէն, նոյնիսկ քարընկեց մը հեռու գտնուող աշտարակեցիէն: Այդպէս էին վերաբերումները հալէպցիին նկատմամբ երբ ան Պէյրութ կու գար, Պէյրութցիին նկատմամբ երբ ան Ֆրանսա կու գար, մարսիլիացիին նկատմամբ երբ ան Փարիզ կու գար: Այդպէս է վերաբերումը սփիւռքահայուն նկատմամբ, երբ ան Երեւան կու գայ: Նոյնն է կացութիւնը Ամերիկաներ եւ Աւստրալիա:

            Այս հոգեբանութիւնը, զոր կոչեցինք տեղայնութիւն, դարձաւ աղէտ, քանի որ անատակ եղանք, Արփինէ Յովհաննիսեանի բանաձեւած իմաստութեամբ չգիտցանք  օգտագործել ազգի լաւագոյն որդիների կարողութիւնները՝ երբ ու որտեղ էլ նրանք լինեն: Վերանկախացման առաջին օրերուն, բիրտ կերպով յայտարարուեցաւ, որ Հայաստանի հարցերը կ’որոշուին Հրազդանի ափին, ակնարկելով այն բանին, որ Սփիւռքը Հայաստանի քաղաքական կեանքին եւ ճակատագրի տնօրինման  մէջ դեր չունի: Այսօր ըսուած Արփինէ Յովհաննիսեանի իմաստութիւնը կը զարմացնէ, կը յուզէ, քանի որ երեսուն տարի այսքան պարզ ճշմարտութիւնը չենք տեսած, անով չենք գիտցած կազմակերպուիլ եւ առաջնորդուիլ: Կարողութիւններու բացակայութեան կը ծաղկի սիրողականութիւնը, կ’անգիտացուին իրաւ կարողութիւնները, ճիշդ մարդը չի դրուիր ճիշդ գործի վրայ, ինչպէս կ’ըսուի վարչարարական (management) աշխարհին մէջ, the right man in the right place*: Ճիշդ այնպէս ինչպէս կ’ըսէ Արփինէ Յովհաննիսեան. օգտագործել ազգի լաւագոյն որդիների կարողութիւնները՝ երբ ու որտեղ էլ նրանք լինեն:

            Հարցում. Հայաստան եւ սփիւռք(ներ)այս ճիգը ըրա՞ծ ենք, կ’ընե՞նք:

            Չենթադրել՝ որ Հայաստան կարողութիւններու պակասէ կը տառապի: Բայց կարողութիւններու ու փորձի շտեմարան կայ նաեւ աշխարհատարած սփիւռքի մէջ: Հայրենիքի ճակատագրին տնօրինման, առաջնորդութեան եւ մասնակցութեան համար օրէնսդրական-սահմանադրական ոչ մէկ նախատեսութիւն եղաւ: Ասկէ առաջ այլ ձեւով յիշած եմ Ֆրանսայի պարագան, որուն Ազգային Ժողովին մէջ կան պատգամաւորներ, երեսփոխաններ, որոնք կը ներկայացնեն արտերկրի ֆրանսացիները (les français de l’étranger), Ամերիկայի, Արեւելեան Եւրոպայի, եւայլն:

            Ամբոխահաճութեան (populisme) ալիքին վրայ պատասխանատուութեան հասած իշխանական համակարգերը զգացական ենթահող կ’ունենան, արժէքային չափանիշներ չեն ունենար, բարձր խօսողին, կիրք եւ քինախնդրութիւն հրահրողին կը հետեւին, փոխանակ սեփական արդիւնքով ներկայանալու հանրութեան, ձախողութիւն եւ մեղք կը բարդեն անցեալի վրայ: Հայաստանի մէջ, փոխանակ ներկայի յաջողութեան եւ ձախողութեան հաշուեկշիռ ընելու, սովորական դարձած է անցեալի վրայ բարդել մեղքերը, մեղաւոր «նախկինները», ինչ որ ինքնաբերաբար կը չքմեղացնէ «նորերը»:

            Այսօր փաստ է, որ Հայաստանի նախկիններու եւ նորերու իշխանութիւնները եղան եւ են սիրողական, անոնք անատակ եղան օգտագործելու ազգի լաւագոյն որդիների կարողութիւնները, անկարող եղան իրականցնելու Հայաստանի եւ Արցախի վերաբնակեցումը հայրենադարձութեամբ: Ղեկավարութիւնները թշնամիին պարտադրած Հայաստան-Սփիւռք եւ ներսփիւռքեան հակազգային բաժանումները, աշխարհագրական, քաղաքական եւ հոգեբանական, չդիտեցին ազգի եւ հայրենիքի լինելութեան տեսանկիւնէ: Այս մասին է, որ պարզ բառերով կը խօսի Արփինէ Յովհաննիսեան. երբ ու որտեղ էլ նրանք լինեն:

            Երեւան, Փարիզ կամ Ուաշինկթըն բնակիլ յաւելեալ կարողութիւն եւ իրաւունք չի տար: Եթէ այս հասկցած ըլլայինք եւ ըստ այնմ գործած, միշտ Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), նուազ տուրք կու տայինք տեղայնութիւններու եւ սիրողականութեան, տեղ մը ծնունդ տալով էսթէպլըշմընթի, այլ տեղ ամբոխահաճութեան (populism) չարաշահման:

            Այս կազմակերպական եւ հոգեբանական սխալներով պէտք է հասկնալ մեր ժողովուրդին ներկայ անցանկալի կացութիւնը, որուն համար ի հարկէ կան արտաքին ազդակներ, բայց նաեւ կան մեր ըմբռնումները եւ սխալները:

            Եղածի մասին աւաղելու փոխարէն, պէտք է մտածել եւ նախաձեռնել, յաւելեալ պարտքի  ըմբռնումով եւ ոչ յաւելեալ իրաւունքի:

            Ղեկավարութիւնները, ամէն տեսակի եւ գոյնի, քաջութիւն եւ հայրենասիրական իրաւ կամք  կ’ունենա՞ն իմաստուններու համազգային խորհուրդ մը կեանքի կոչելու Արփինէ Յովհանննիսեանի բանաձեւած միտքերու օրակարգով: Կրկին կարդալ պարզութեամբ ըսուած խօսքը.

«Դրա հետ մէկտեղ՝ վերադարձ պիտի լինի պրոֆեսիոնալներին, տեխնոկրատներին, նուիրեալներին, ազնիւներին։

ՀՀ փոքր պետութիւն է ու չի կարող իրեն թոյլ տալ շռայլութիւն՝ չօգտագործել իր լաւագոյն որդիների կարողութիւնները՝ երբ ու որտեղ էլ նրանք լինեն։ Համախմբում՝ յանուն պետութեան լինելու է»։

            Յաւելեալ իրաւունքը ո՛չ հանգամանք է, ո՛չ հռչակ, ո՛չ ալ քսակի հաստութիւն, այլ այզգային իրաւութեան հեռանկար, որ առաջին հերթին կը պարտադրէ հրաժարիլ այն անթոյլատրելի շռայլութենէն, որ չ’օգտագործեր իր լաւագոյն որդիների կարողութիւնները, ո՛ւր որ ալ ըլլան անոնք, եւ կը խրի անկողմնացոյց եւ անհորիզոն սիրողականութեան մէջ, ընկերային, տնտեսական եւ քաղաքական, մշակութային, կրթական: Անցած է ժամանակը զէնք առնելով սար բարձրանալու: Հիմա ալ զինուորի տարազ հագնելով եւ լուսանկարուելով երջանկանալու ժամամակն է, թերթի մէջ կամ հեռատեսիլէն ցուցադրուելու:

            Միթէ՞ դժուար է տեսնել, որ ժամանակակից ընկերութիւնները կարելի չէ առաջնորդել սիրողականութեամբ, amateurism-ով, թաղային փառասիրութիւնները պետական մակարդակ փոխադրելով:

            Եթէ այսքանը չհասկնանք որպէս ժողովուրդ, համեստներ եւ էսթէպլիշմընթ, ի՞նչ պիտի կտակենք գալիք սերունդներուն:

 

 

 

* Ինքնաշարժի միջազգային համադաշնակցութեան նախագահ Ժան Դոտի կը պատկանի ճիշդ մարդը ճիշդ տեղը դնելու խօսքը, որ դարձած է ամերիկեան վարչարարական սկզբունք: Երբ ճիշդ մարդը ճիշդ տեղը գտնուի, մասնագիտական մարզերը կը ճշդուին:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles