
Յ. Պալեան
“Միայն յաղթանակն է որ կը կապէ: Ձախողութիւնը ոչ միայն կը հեռացնէ մարդը մարդոցմէ, այլ նաեւ՝ ինքնիրմէ”
Անթուան տը Սէնթ-Էկզուբերի
Ֆրանսացի գրող (1900-1944)
Այսօրուան ձախողութիւնը պատմութեան վերջնական վճիռը չէ: Երբ կը դիտենք աշխարհի պատմութեան մէջ ծնունդ առած, աճած եւ փուլ եկած հսկայ կայսրութիւններու պատկերը, կը հասկնանք, որ ոչինչ վերջնական է: Հռոմը, արաբական կայսրութիւնները, մոնղոլական աշխարհակալութիւնները, Նափոլէոնի, Անգլիոյ, Խորհրդային Միութեան եւ հիթլերական Գերմանիոյ գրաւումները կանգ առած են: Պատմութիւնը օղակ փոխած է, եւ ինչ որ կը կարծուէր, թէ յաւերժական պիտի ըլլար, կամ գէթ այդ փառասիրութիւնը ունէր, եղած է ժողովուրդներու եւ մոլորակի պատմութեան մէկ էջը: Եթէ մարդիկ եւ աշխարհի հզօրները պատմութեան ընթացքը կարդային, մարդկութեան կը խնայէին ողբերգութիւններ, ինչպէս որ եղան երկու համաշխարհայինները: Կարծէք հիմա համոզուած ենք, որ երրորդը պիտի գայ:
Աշխարհի պատմութեան հոլովոյթի մեկնաբանութիւնը ընողներ կան, կը խօսին պատմութեան փիլիսոփայութեան մասին: Ես կ’ուզեմ ուշադրութեանս առանցք դարձնել մեր փոքրիկ, անիրաւուած եւ զիջումներու դատապարտուած փոքրիկ ժողովուրդի ներկան եւ գալիքի մէջ անոր ունենալիք տեղի պայմանները: Հայ ժողովուրդի վերջին քառասուն չորս օրերու մղած կռիւին մասին պէտք է մտածել առանց զգացականութեան: Զգացականութիւնը վատ բան չէ, մարդկային է, բայց կը խոչնդոտէ միտքի պայծառութիւնը:
Իրականութիւնը այն է, որ Ատրպէյճան հետեւողականօրէն պատրաստուած էր պատերազմի, ունէր նաւթի եկամուտի պատճառով շատ լայն միջոցներ զինուելու, այդ եկամուտէն մաս մը յատկացուց սպառազինման, ունէր կրօնա-քաղաքական-զինուորական նեցուկը Թուրքիոյ: Զարմանալի կերպով նաեւ նեցուկը Իսրայէլի, որ առանց յիշելու սեփական ժողովուրդի պատմութիւնը եւ անոր դասերը, գերարդիական զէնք վաճառեց Ատրպէյճանի, գիտնալով հանդերձ, որ ի՞նչ բանի եւ որո՞ւ դէմ պիտի գործածուէր այդ զէնքը:
Հետեւանքը եղաւ այն՝ որ Ատրպէյճան եւ Թուրքիա ունեցան 21–րդ դարու գերարդիական սպառազինում, համրանքի կողքին, նոյնիսկ եթէ ազերիական բանակը նուազ կազմակերպուած էր եւ նուազ մարտունակ, բաղդատած հայկական բանակին:
Ա՛յս՝ ինչ կը վերաբերի Ատրպէյճան-Թուրքիա դաշնակցութեան:
Հարկ է խօսիլ նաեւ մե՛ր թերութիւններուն, թերացումներուն, մսխուած եւ անտեսուած կարելիութիւններուն մասին:
1994–ի հայկական կողմի դիմադրական եւ զինուորական յաջողութիւնը հարկ էր պահել, պաշտպանել, հզօրանալ, պատրաստուիլ յաջորդ հանգրուանին, մանաւանդ որ Ատրպէյճան երբեք չէր թաքցներ իր յարձակողական փառասիրութիւնները: Փոխանակ լիարժէք կերպով պատրաստուելու խիստ հաւանական յարձակման մը դէմ, Հայաստան զբաղեցաւ շատ մը ուրիշ բաներով, պաշտոնական եւ անպաշտօն կողոպուտով, երկիրը ջլատող իշխանութեան համար մղուող պայքարներով եւ իշխանութեան չարաշահումով, (կոռուպցիա եւ պարգեւավճարներ), վասն դիրքապաշտութեան եւ հարստացումներու: Կարծէք մարդիկ համոզուած էին, որ հաստատուած զինադադարը, Մինսքի համանախագահներու հովանիին տակ ընթացող անվերջանալի բանակցութիւնները արդէն խաղաղութիւն էին, կամ՝ վերջնական յաղթանակ:
Եւ ինչպէս լրագրող մը ըսաւ, 21-րդ դարու բանակը յաղթեց 20-րդ դարու բանակը:
Ինչո՞ւ Հայաստան չունեցաւ արդիական սպառազինում, որ միակ երաշխաւորութիւնը պիտի ըլլար յարձակապաշտ ազերիական-թրքական սպառնալիքին դէմ: Հայաստան փոխադարձ քննադատութիւններ եւ դատապարտութեան խօսքեր բազմաթիւ են, կը փնտռենք յանցաւորներ:
Ոչ ոք ուզեց եւ կ’ուզէ խօսիլ անպատրաստ մնացած ըլլալու հիմնական հարցի մասին:
Երբ Հայաստան կը զբաղէր իր ներքին մրցակցութիւն-պառակտումներով, որոնք երբեմն երկիրը գրեթէ կը հասցնէին քաղաքացիական կռիւի սեմին, Ատրպէյճան կը զինուէր, կը հաստատուէր Թուրքիա-Ատրպէյճան գործակցութիւն՝ կրօնական եւ համաթրքական խորքով: Վայրագ դրամատիրութեան եւ շահագործման դրութիւն կը ստեղծուէր Հայաստանի մէջ (փտախտ-կոռոպցիա): Հայաստանի եւ Արցախի բնակեցումը եւ հզօրացումը առաջնահերթութիւն չէին (արտագաղթ եւ հայրենադարձութեան ծրագրի բացակայութիւն): Վերջին ալիքը եղաւ ամբոխահաճութիւն-քինախնդրութիւնը, իր ուրացումներով, որ յայտնուեցաւ որպէս նախախնամականութեան արտայայտութիւն:
Միջոցին, Ատրպէյճան հզօրացաւ, նեցուկ ունենալով Թուրքիան: Կասպից ծովի նաւթը եւ բնական կազը սրեցին միջազգային դրամատիրութեան ախորժակները, անոնք ոչ մէկ ատեն արդարութեան եւ իրաւունքի արժէքներու առաջնահերթութիւններ չեն ունեցած: Միջազգային դրամատիրութիւնը, այսինքն Արեւմտեանները, տարիներ տեւած ուսումնասիրութիւններէ ետք, որոշեցին կազատար մը հաստատել, որ պիտի շրջանցէր հարաւէն՝ Իրանը, հիւսիսէն՝ Ռուսիան, եւ արեւմուտքէն՝ Հայաստանը: Եզրակացութիւնը եղաւ այն, որ կազատարը պիտի անցնէր Վրաստանէն, ապա Թուրքիայէն, հասնելու համար Ճէյհանի նաւահանգիստը, (յիշեցման համար ըսենք՝ հայկական Կիլիկիա, Այասի նաւահանգիստ), Սուրիական սահմանէն ոչ շատ հեռու: (Միջազգային դրամատիրութիւնը այս Այաս-Կիլիկիա հարցերով չի զբաղիր):
Ինչո՞ւ կ’ուզէք, որ միջազգային դրամատիրական-շահակցական համայնքը զբաղի Արցախով, հայութեամբ, իրաւունքով եւ արդարութեամբ, երբ մեծ դրամատուները եւ նաւթային մեծ ընկերութիւնները շահաբաժիններ ունին Պաքուէն Ճէյհան գացող նաւթատարէն (Համաշխարհային Դրամատուն, Վերակառուցման եւ զարգացման եւրոպական դրամատուն, Պրիթիշ Փեթրոլիւմ, նաեւ Միացեալ Նահանգները եւ ուրիշներ): Թուրքիան ալ շահաբաժին ունի: Իր հողամասէն անցնող նաւթատարէն Վրաստանն ալ շահեր ունի: Ատրպէյճան նաւթի արտածման հասոյթը յատկացուց սպառազինման արդիականացման: Հայաստան քայլ պահելու համար նոյն միջոցներէն զրկուած էր, ուժանիւթի աղբիւրներ չունէր:
Արդար պէտք է ըլլալ: Հակառակ անհաւասար պայմաններու, Հայաստան դիմադրեց: Անհաւասար կռիւ էր, եւ Իլհամ Ալիեւի բնորոշած «շուն» հայերը կռուեցան: Ալիեւ երբեք չյայտարարեց իր կորուստները, ինչպէս նաեւ Էրտողան չյայտարարեց իր ղրկած վարձկան իսլամ ծայրայեղականներու կորուստները:
Իրաւարարի վիճակին մէջ յայտնուած Ռուսիան գիտէր, թէ ինչ տեղի կ’ունենար: Բայց կը հետեւէր իր քաղաքականութեան, սպասելով որ 1994–ին գրաւուած հողերը վերադարձուէին Ատրպէյճանի: Այդպէս որոշած էր նաեւ Մ․Ա․Կ․-ը: Բայց միջազգային քաղաքականութեան մէջ անփորձ Փաշինեան եւ իր խումբը (ինչպէս իրենք կ’ըսեն՝ թիմը), չգիտցան պատշաճիլ:
Այս բազմաթիւ ազդակները գումարուելով ստեղծեցին ներկայի քաոսը:
Այսօր, Ռուսիան եւ Արեւմուտքը, կը փորձեն փրկել նուազագոյնը, պատմութեան հետքը, կ’ուզեն հովանաւորել եւ պաշտպանել հայկական յուշարձանները, որոնք վտանգուած են ազերի մոլեռանդներու եւ վարձկաններու կողմէ կատարուելիք խիստ հաւանական քանդումով (կայ Նախիջեւանի նախընթացը):
Իրականութիւնը պէտք է դիմաւորել առանց ճապկումներու եւ նայիլ ապագային:
Հայաստան փոխանակ իր միջոցներու էական մասը յատկացնելու պաշտպանական սպառազինման, հսկայական գումարներ ծախսեց-մսխեց պետական-իշխանական պերճանքի. պետական ճամբորդութիւններու համար օդանաւի գնում, բազմամարդ պատուիրակութիւններով ճամբորդութիւններ, պետական անձերու առանձնատուներու պերճանքին համար միլիոնով յատկացումներ: Շարունակելով կուրութիւնը նախատեսելի վտանգին դիմաց, մանաւանդ վերջին երկուքուկէս տարիներուն, ազգային կարողութիւններու եւ ուժերու համախմբում չեղաւ, եւ օրն ի բուն, երկիրը զբաղեցաւ դատերով, դատաստաններով, դատարաններով, դատաւորներով, երկրի մէկ կէսը թշնամացնելով միւս կէսին:
Բառը պէտք է գործածել. պարտուած երկրի ներքին կացութիւնը այսօր աւելի քան երբեք պառակտումի պատկերով կը ներկայանայ: Այնքա՜ն զիրար նսեմացուցին մրցակիցները, որ հեղինակութիւն մը, հեղինակութիւններ, չկան, ելքի ճամբայ ցոյց տալու համար, վերջ տալու համար մէկ կէսի միւս կէսին դէմ ունեցած ատելութեան:
Եթէ Աւետարանի մէջ յիշուած յանցաւոր քարկոծելու պատկերին առջեւ Յիսուսի խօսքը յիշէինք, եւ ըսէինք, թէ առաջին քարը թող նետէ ան որ չէ մեղանչած, եւ զիրար այդպէս դիտէինք, թերեւս կարելի կ’ըլլար, եւ կ’ըլլայ, յանգիլ ԱԶԳԱՅԻՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ՈՒԽՏԻ մը, որպէսզի կանխուին փլուզումները եւ միասնական ճիգերով ձեռնարկենք վերականգնումի. տնտեսութեան, պաշտպանութեան, արտագաղթի կանխումի, հայրենադարձութեան, Հայաստանի եւ Արցախի իւրաքանչիւր թիզ հողի բնակեցման եւ տիրութեան, այդ հունով Հայաստանը եւ սփիւռքը իրարմէ բաժնող բոլոր բացասականութիւններու վերացման՝ սկիզբ ճշմարիտ մէկութեամբ համագործակցութեան, ցուցականի եւ ամբոխավարականի մերժումով:
Որպէսզի մեր տասը կամ տասնըհինգ միլիոնը չմնայ կիրակնօրեայ յուզումներու ճահիճին մէջ, այլ ըլլայ ապագայակերտ ազգային իրաւ մէկութիւն:
Այս ճամբուն մէջ ընդգրկուելու համար ազգային առաքինութիւն պէտք է, առաքինութիւն հռոմէական իմաստով, դասական virtusը, հոգեկան ուժ, կարենալ ըսելու համար, որ ոչ ես եւ ոչ ալ դուն իրաւունք ունինք, այլ՝ իրաւունք ունի ազգը:
Այսօր հաւաքաբար պարտուած ենք: Պատմութիւնը պիտի արձանագրէ, ոչ թէ մէկուն կամ միւսին, այլ մեր սերունդի պարտութիւնը:
Դեռ ունի՞նք, կրնա՞նք ունենալ բաւարար առաքինութիւն, virtus, ազգի մէկութեան եւ անոր իրաւունքին համար խմբուելու, առանց հրէի եւ հեթանոսի, ԻՐԱՊԷՍ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՍԱՐԱԿԱՑ ԿԱՄՔՈՎ ՀԶՕՐԱՑԱԾ ՈՒԽՏի մը շուրջ:
Այսօ՛ր: Վաղը պարտութեան դարպասն է: