ԱԶԳԱՅԻՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ՉԱՓՈՐՈՇԻՉԸ՝ ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԱԿՈՒՆՔՆԵՐԷՆ

0 0
Read Time:2 Minute, 54 Second

Ա.Ա.
Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզութեան նախարարին կողմէ ստեղծուած՝ մասնագիտական խումբը, որ ազգային դաստիարակութեան եւ կրթութեան չափորոշիչները, հայոց պատմութեան եւ գրականութեան դասաւանդութեան նիւթերու ծրագրերը պիտի բանաձեւէր եւ պատրաստէր, կը գտնուի գայթակղութեան մը կիզակէտին, որովհետեւ բացայայտուած է, որ միջին կարգերու համար հայոց եւ համաշխարհային պատմութիւններու դասաւանդման թէ չափորոշիչները եւ թէ ծրագրերը պարզապէս գրագողութեամբ մը գրեթէ ամբողջութեամբ ընդօրինակած է Երեւանի պետական համալսարանի Համաշխարհային պատմութեան ամպիոնի խումբ մը փորձագէտներուն պատրաստած թղթածրարէն։ Ծիծաղելին այն է, որ նախարարութեան մասնագիտական խումբին անճարակները ընդօրինակած են նաեւ վրիպակները եւ այն բոլոր սրբագրելի ձեւակերպումները, որոնք նշուած են իսկական փաստաթուղթին հեղինակներուն կողմէ։
Կրթութեան եւ դաստիարակութեան խնդիրները ժամանակակից գիտութեան այս գերխճողուած համակարգին մէջ լուծելու եւ զանոնք, յատկապէս փոքր ազգութիւններու պարագային ազգային նպատակակէտերուն յարմարեցմամբ՝ արդիւնաւէտ հոլովոյթներու վերածելու աշխատանքը բաւական բարդ է։
Առաջնահերթութիւններու ճշդմամբ՝ ընդհանուր նպատակի բանաձեւման, բովանդակութեան կառուցային յարմարեցման, մեթոտաբանութեան որդեգրման եւ ուսուցման ժամանակակից ձեւերու կիրարկման զուգահեռ՝ տեղական պահանջներու եւ տուեալներու համապատասխան ուշադրութիւն, որոնց ընդհանուրին հենքը չափորոշիչն է՝ չափի եւ բովանդակութեան տուեալներու եւ գործօններու մեքանիզմը։
Գիտութեան եւ ընդհանուր գիտելիքներու ճշգրտման հոլովոյթը ունի իր ուղեցոյցը՝ համաշխարհային կրթական տարբեր մեթոտներու միջեւ համակարգմամբ եւ զանոնք կրթութեան ու ուսուցման ընդհանուր ծրագրին մէջ ներառմամբ։ Յարմարեցումներու, համարկման եւ համակարգման միջոցով կրթութեան գիտական բաժինը կը ճշդուի՝ հետեւելով գործադրուող տարբեր տեսակի մեթոտներու։ Այլ խօսքով՝ լեզուներու եւ գիտական նիւթերու ուսուցման մեթոտաբանութեան խնդիրները լուծելը այնքան ալ դժուար եւ խրթին չէ եւ մասնագիտական աշխատանքը շատ արդիւնաւէտ կ՛ըլլայ, եթէ խղճմտօրէն կատարուի։
Հարցը «ազգային կրթութեան եւ դաստիարակութեան չափորոշիչներ» բաւական ընդգրկուն եզրին մէջ կը գտնուի եւ որ եզրակացութիւններէ ու տեսութիւններէ անդին՝ գործնականի անցնելու համար, կարիքը ունի յստակ քաղաքականութեան մը, նաեւ նոյնքան յստակ պատկերացում- ծրագրի, որպէսզի խառնաշփոթ վիճակներ չստեղծուին։ Որպէսզի թիրախը՝ ազգային կրթութեան եւ դաստիարակութեան ջամբման, ըլլայ նպատակայարմար եւ արդիւնաւէտ։ Եւ այսքան կարեւոր ու իսկապէս ռազմավարական խոր նշանակութիւն եւ իմաստ ունեցող նման պատասխանատուութեան մը պարագային բանագողութիւնը, ուրիշին պատրաստածին ընդօրինակութիւնը՝ իր վրիպակներով իսկ իւրացնելը եւ իբրեւ ինքնուրոյն աշխատանք ներկայացնելը արդէն իսկ ցոյց կու տայ, թէ ազգային կրթութեան եւ դաստիարակութեան ամբողջ թղթածրարը ինչպիսի ապազգային ուղղութիւններու ցանցի մը մէջ առնուած է։
Ազգային կրթութեան եւ դաստիարակութեան շտեմարանը Հայոց Պատմութիւնն է։ Իսկ դասաւանդման եղանակի, մեթոտաբանութեան եւ մօտեցումներու ճշգրիտ կիրարկմամբ՝ մասնագէտ մանկավարժներու եւ հմուտ պատմաբաններու միացեալ ճիգերով, Հայոց պատմութիւնը կարելի է իսկապէս վերածել աշակերտին համար հրապուրիչ նիւթի, եթէ չափորոշիչը նիւթին ակունքները ի մտի ունենայ, եւ ոչ թէ Հայոց պատմութեան նիւթին ազգային ինքնութեան դրսեւորումներու հրաժարմամբ, ճիգ կատարուի իբրեւ թէ «երկխօսութեան եւ հանդուրժողականութեան» պատրաստել սերունդները։
Շատ յստակ է ազգայնամոլութեան եւ հայրենասիրութեան միջեւ տարբերութիւնը։ Առաջինը կտրականապէս մերժելի է։ Երկրորդը՝ հիմքն է մեր հայրենիքին բարգաւաճման, զարգացման, ծաղկման, պետական հաստատութենական մտածողութեան առաւել հիմնաւորման հոլովոյթներուն, որպէսզի պետութիւնը գերադասուի անհատական- հատուածական շահերէ, որպէսզի պետութիւնը համարուի եւ ընդունուի իբրեւ մնայուն իրողութիւն մը, որ պիտի շարունակէ իր երթը՝ անկախ թէ ով իշխանութեան վրայ կը գտնուի։ Եւ պէտք է շեշտել,որ պետական այս մտածողութեան վերաբերեալ դաստիարակութեան չափորոշիչներու ակունքները Հայոց Պատմութեան մէջ կը գտնուին։
Օրինակ մը։ Եօթներորդ դարու հերոսներէն է Տարօն աշխարհի տանուտէր Մուշեղ Մամիկոնեանի որդեգիր՝ Վահան Մամիկոնեանը, որ իր խորամանկութեան համար ստացաւ Գայլ Վահան անունը։ Մեր նորահաս սերունդներուն համար՝ Գայլ Վահանի կերպարին վերապրեցումը չափորոշիչ է՝ ազգային- հայրենասիրական իր ամբողջական խորքով։ Թէ մանկավարժական ինչպիսի մեթոտաբանութեամբ նիւթը պիտի փոխանցուի, ատիկա մասնագէտներուն գործն է։ Հոս էականը ազգային դաստիարակութեան ուղիները ապազգային արահետներու մէջ չմխրճելն է, երբ փոխանակ մարմնաւորելու հերոսական արարքներու կերտիչները, յանկարծ կը շեշտադրուի Արտաշէսի կողմէ Ալաններու թագաւորի դուստր Սաթենիկի առեւանգնման ժխտական ազդեցութիւնը։ Նման անհեթեթութիւններ յաւելեալ լոյս կը սփռեն չափորոշիչներու եւ ծրագրերու պատրաստութեան աշխատանքային խումբին անդամներէն ոմանց նախկին գործունէութիւններուն վրայ՝ կասկածներու առաջնորդելով ազգային- հայրենասիրական առողջ դաստիարակութեամբ մտահոգուած մտաւորականութիւնը։ Ասոր համար է, որ իրազէկ ու արթնամիտ շրջանակներ ահազանգ կը հնչեցնեն՝ Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզութեան նախարարին հովանաւորութեան տակ գործող մասնագէտներուն կատարած աշխատանքին վտանգին ի տես։Աշխատանք մը, որ խորքին մէջ գրագողութեամբ ալ պարուրուած է։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles