
ԵՐԵՒԱՆ.- Համեմատած, իր նախորդներուն՝ “Հայկակական Աւիաուղիներ“ուն եւ “Արմաւիա“ին, “Էր Արմինիա“ շատ աւելի կարճ կեանք մը ունեցաւ եւ քանի մը ամիս գործելէ ետք դադրեցաւ:
Թէեւ, ցարդ պաշտօնական ոչ մէկ հաղորդագրութիւն լոյս ընծայուած է, սակայն ըստ լաւատեղեակ աղբիւրներու, ընկերութիւնը չէ կրցած իր վարձած օդանաւներուն պարտքերը վճարել:
“Էր Արմինիա“ն իր տրամադրութեան տակ ունէր երկու Էրպաս 320-200 եւ մէկ Պոյինկ 737-500 տիպի օդանաւեր: Առաջին երկու տիպերը, քանի մը շաբաթէ ի վեր վերադարձուած էին պատկան ընկերութեան, իսկ քանի մը օր առաջ, Պոյինկն ալ իր կարգին յանձնուած էր:
“Էր Արմինիա“ն քանի մը ամսուայ ընթացքին թռիչքներ ունէր դէպի Մոսկուա, Սէնթ Փիթըրզպըրկ, Ռոստով, Փարիզ, Ֆրանքֆուրթ եւ Աթէնք: Ընկերութեան ձախողութեան կարեւորագոյն պատճառներէն մէկը, այլ օդանաւային ընկերութիւններու հետ, ոչ մէկ համաձայնութիւն կարելի եղած էր գոյացնել, օրինակի համար Եւրոպայի կամ Ռուսաստանի վրայով, կարելի չէր այլ ընկերութիւններու հետ շարունակել այլ քաղաքներ: