
Անցեալ Սեպտեմբեր 1112, 2010ին, Պոսթընի Հայ Մշակութային Կեդրոնի կազմակերպած քերմէսէն խանդավառուած, կարճ զրոյց մը ունեցանք, կեդրոնի պատասխանատու Արա Նազարեանի հետ, որ սիրայօժար պատասխանեց մեր հարցումներուն.
Հ. Պոսթընի Հայ Մշակութային Կեդրոնի կազմակերպած քերմէսը մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց: Կարելի՞ է հակիրճ զեկուցում մը ներկայացնել, սոյն հաստատութեան մասին:
Պ.Պոսթընի Հայ Մշակութային Կեդրոնը ոչ շահաբեր հիմնարկ մըն է, որ երեսուն տարիէ ի վեր կը ծառայէ տեղւոյն ամերիկահայ գաղութին: Կեդրոնը տունն է բազմաթիւ մարզական, մշակութային եւ գրական միութիւններու: Անշուշտ Պոսթընի մեծագոյն դպրոցը՝ Սուրբ Ստեփանոս Ազգային Վարժարանը, կը գտնուի կեդրոնէն ներս: Ամրան ընթացքին, ամէն Հինգշաբթի կէսօրէ ետք, կը կատարուի »Քաֆէ Անուշ« յայտագիրը: Տարուէ տարի փոփոխութիւն կրած է այս յայտագիրը: Վերջին երկու տարիներուն համադամ խոռովածներու կողքին, նաեւ կարելի է ունկնդրել երաժշտութիւն, տեղացի աստղերու մասնակցութեամբ:
Հ. Աւելի քան երեսուն տարիներէ ետք, ի՞նչ են մտահոգութիւնները եւ ի՞նչպէս կարելի է զանոնք լուծել:
Պ.Վերջերս զգալի էր աշխատանքի եւ նուիրման պակասը, շրջանէն ներս: Այս քերմէսը փաստեց թէ որքա¯ն կարելի է շուտով համախմբուիլ եւ նուիրումով աշխատիլ ի շահ գաղութին:Դուռը բաց է բոլորին: Բոլոր հայորդիները հրաւիրուած են ծառայելու այս կեդրոնին: Մէկ ընտանիք ենք…մեծ ընտանիք ենք:
Հ. Ինչպէ՞ս եւ ինչո՞ւ գաղափարը յղացաք, նմանօրինակ վիթխարի քերմէս մը իրագործելու եւ յաջողցնելու:
Պ.Վերջերս, կեդրոնէն ներս յստակ էր այսպէս կեդրոնական եւ կարեւոր ձեռնարկի մը բացակայութիւնը: Նկատի ունեցանք, այլ մօտակայ գաղութներէն ներս կազմակերպուած քերմէսներու պարագան եւ անոնց արձանագրած շռնդալից յաջողութիւնները եւ որոշեցինք ամէն գնով գործի լծուիլ եւ յաջողցնել նմանօրինակ ձեռնարկ մը: Անշուշտ կատարուեցան կարծիքի եւ գաղափարի փոխանակումներ, արդէն իսկ փորձառութիւն ձեռք ձգած անձնաւորութիւններու հետ: Պոսթընի Հայ Մշակութային Կեդրոնի պատասխանատու մարմինը, յատուկ խորհուրդ մը կազմեց եւ գործի լծեց: Հանդիպեցանք բազմաթիւ դժուարութիւններու, սակայն ի վերջոյ կանաչ լոյսը ստացանք Ուաթըրթաունի քաղաքապետութենէն կազմակերպելու այս քերմէսը: Աշխատանքը երկարեցաւ ամիսներու…գրեթէ տարուայ մը վրայ:
Հ. Սոյն յաջողութիւնը, պատճառ մը պիտի դառնա՞յ որ, տարեկան դրութեամբ կազմակերպուի այս քերմէսը:
Պ. Անկասկած որ խանդավառ ենք եւ կÿուզենք կրկնել այս ձեռնարկը: Այս մէկ քերմէսէն շատ բան սորվեցանք, մեծ փորձառութիւն ձեռք ձգեցինք: Շատ հետաքրքրական եւ արդիւնաբեր էր »հարցումներ/առաջադրանքներ« տուփիկը որ տեղադրած էինք, քերմէսի տեւողութեան ընթացքին: Շատ հետաքրքրական գաղափարներ կային, որոնք ապագային վստահ ենք որ պիտի գործադրենք:
Հ. Պոսթընի Հայ Մշակութային Կեդրոնի 35ամեակին առթիւ, յատուկ ձեռնարկներ հանդիսութիւններ պիտի կազմակերպուի՞ն:
Պ. Կարեւոր է այս նշումը: Մեր առջեւ ունինք նիւթական պարտաւորութիւններ, յատկապէս Կեդրոնի կից կառատան առնչութեամբ եւ պէտք է որ այս գծով քանի մը դրամահաւաքի ձեռնարկներ կատարենք: Կեդրոնը յարատեւելու համար, կարիքն ունի հետեւողական նիւթական ներդրումի:
Հ. Ապագայի գծով ի՞նչ շտապ աշխատանք կայ իրագործելիք եւ ի՞նչ է ապագայ Կեդրոնի կամ եթէ հարցեր գոյութիւն ունին, որո՞նք են:
Պ. Ամէնակարեւոր աշխատանքներէն մէկը Կեդրոնի ընթարցակման աշխատանքն է, որ ծախսի կը կարօտի: Յատկապէս թէ° իբրեւ Կեդրոն եւ թէ° իբրեւ կրթօճախ: Տարիներէ ի վեր կը կատարուի այս ուսումնասիրութիւնը, որ ցարդ չէ հասած մասնաւոր եզրակացութեան: Քանի մը առիթներ ստեղծուեցան, սակայն մնացին ապարդիւն: Քաջատեղեակ ենք եւ կը հաւատանք թէ, պիտի կարենանք այս ընթարցակման աշխատանքը իրագործել: Դպրոցին համար առաջնահերթութիւն մըն է այս մէկը: Այսպէս, կարելի պիտի ըլլայ դպրոցին կառոյցը հեռացնել կեդրոնէն, խաչաձեւումներէ հեռու մնալու միտումով: Աշակերտներու համար հնարաւոր պիտի ըլլայ ընդարձակ խաղավայր եւ զբօսավայր ունենալու, բան մը որ շատ կարեւոր է:
Հ. Ի՞նչ են կեդրոնի դժուարութիւնները: Բնականաբար նիւթականի կողքին, կան նաեւ այլ հարցեր: Կարելի՞ է մանրամասնել:
Պ. Նիւթականը բնականաբար բանալի ազդակ մըն է, սակայն շատ աւելի կարեւոր է նիւթական հաստատ հիմերու վրայ հիմնուիլն ու ընթանալը: Անգամ մը եւս կոչ կ°ուղղեմ, որ գուրգուրանք ցուցաբերենք եւ հետեւողական նուիրումով գործի լծուինք:
Պոսթընի Հայ Մշակութային Կեդրոնը կը պատկանի մեզի…մենք ալ այս կեդրոնին: Աշխատանքները շատ են, սկսելով հասութաբեր պինկոյի ձեռնարկէն մինչեւ »Քաֆէ Անուշ« կամ »Քաֆէ Մեր Տուն« եւ…անշուշտ պատասխանատու այլ պաշտօններ:
Հ. Աւարտի խօսք: Ի՞նչ ունիք աւելցնելիք:
Պ. Յոյսով ենք, որ բազմաթիւ այլ ձեռնարկներով, Կեդրոնը փաստէ իր կարեւորութիւնն ու անհրաժեշտութիւնը: Կը կրկնեմ գաղութը պէտք ունի այս կեդրոնին…շնորհակալութիւն: