Լրահոս

«ՇՈՒՇԻԻ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄԸ ԱՐԺԱՆԱՊԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ ԽՆԴԻՐ Է» ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ ԲԱԿՕ ՍԱՀԱԿԵԱՆ ԹԵԼԵԹՈՆԻՆ ԱՌԹԻՒ

Հոկ­տեմ­բեր 25-ին, »Հա­յաս­տան« հա­մա­հայ­կա­կան հիմ­նադ­րա­մի հո­գա­բար­ձու­նե­րու եւ ՀՀ նա­խա­գահ Սերժ Սարգս­եա­նի հրա­ւէ­րով, Մոսկ­ուա­յի »Արա­րատ փարք Հա­յաթ« պան­դո­կին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ճաշ­կե­րոյթ-դրա­մա­հա­ւաք, որուն մաս­նակ­ցե­ցան աւե­լի քան ութ­սուն ռու­սաբ­նակ  հա­յազ­գի գոր­ծա­րար­ներ: Այս ձեռ­նար­կին ներ­կայ գտնուե­ցաւ նա­եւ հիմ­նադ­րա­մի հո­գա­բար­ձու­նե­րու խոր­հուր­դի ան­դամ՝ Ար­ցա­խի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Բա­կօ Սա­հակ­եան, որ իր ար­տա­սա­նած խօս­քին մէջ ըսաւ թէ, Շուշիի ազա­տագ­րու­մը Սար­դա­րա­պա­տէն ետք հայ ժո­ղո­վուր­դի մե­ծա­գոյն յաղ­թա­նակն էր, յաղ­թա­նակ ե°ւ զի­նուո­րա­կան, ե°ւ հո­գե­բա­նա­կան տե­սան­կիւ­նէն: Հան­գա­նակ­ուած գու­մար­նե­րը պի­տի տրա­մադր­ուին Շուշիի զար­գաց­ման ծրա­գիր­նե­րուն: Նա­խա­գահ Սա­հակ­եան ընդգ­ծեց, որ Շուշիի զար­գա­ցու­մը ար­ժա­նա­պա­տուու­թեան խնդիր է: Քա­ղա­քի շի­նու­թիւնը աշ­խար­հին ցոյց պի­տի տայ հայ ժո­ղո­վուր­դի մի­աս­նա­կա­նու­թիւնը եւ մի­ա­կա­մու­թիւնը ազ­գա­յին ար­ժէք­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան, ան­կախ եւ ինք­նիշ­խան պե­տու­թեան շա­րու­նա­կա­կան զար­գաց­ման ու հզօ­րաց­ման, Հա­յաս­տան-Ար­ցախ-Սփիւռք եռամ­ի­աս­նու­թեան ամ­րապնդ­ման գոր­ծին մէջ:

»Անի­կա մեր ժո­ղո­վուր­դի են­թա­գի­տակ­ցու­թեան մէջ արթն­ցուց հա­ւատ­քը սե­փա­կան ու­ժե­րուն նկատ­մամբ, հա­մախմբ­ուած եւ մի­աս­նա­բար յաղ­թա­նա­կի հաս­նե­լու վստա­հու­թիւնը, ազատ եւ ան­կախ պե­տու­թիւն կեր­տե­լու վճռա­կա­նու­թիւնը: Այս մեծ յաղ­թա­նա­կը հա­մա­հայ­կա­կան էր իր բնոյ­թով: Շուշիի ազա­տագ­րու­թեան կը մաս­նակ­ցէր ամ­բողջ հայ ժո­ղո­վուր­դը, հա­մայն հա­յու­թիւնը նիւ­թա­կան եւ բա­րո­յա­կան աջակ­ցու­թիւն կը ցու­ցա­բե­րէր Ար­ցա­խին եւ կÿաղօ­թէր Աս­տու­ծոյ՝ պատ­մա­կան ար­դա­րու­թիւնը վե­րա­կանգ­նե­լու խնդրան­քով«, նշեց նա­խա­գահ Սա­հակ­եան: Նշենք թէ Նո­յեմ­բե­րի աւար­տին, Հոս ալ պի­տի կա­տար­ուի թե­լե­թո­նի ար­շաւ մը, ի նպաստ Շուշիի: Ան­գամ մը եւս կը սպաս­ուի յա­ջող եւ ար­դիւ­նա­ւոր հան­գա­նա­կու­թիւն մը:

Already a subscriber? Log in here

This story is FREE for you...

Create a free account to access this article and get more of our top stories sent to you by newsletter.

Or, subscribe now for unlimited access
By submitting your email address you agree for Hairenik Weekly to send you communication by email
Back to top button