«ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ»Ի ՀՐԱՏԱՐԱԿՄԱՆ ԱՌԹԻՒ.- ԴԷՊԻ ՆՈՐ ՅԱՌԱՋԽԱՂԱՑՔ

0 0
Read Time:2 Minute, 35 Second

Զգա­լի էր ստեղծ­ուած պա­րա­պու­թիւնը:

Պա­րա­պու­թիւն մը, հա­յա­տառ թեր­թի մը բա­ցա­կա­յու­թեան ստեղ­ծած պա­րա­պու­թիւնը, որուն տե­ւո­ղու­թիւնը եղաւ գրե­թէ հինգ ամիս:

Պա­րա­պու­թիւն մը, որ մտա­հո­գեց նոյ­նիսկ դժուա­րու­թեամբ հա­յե­րէն կար­դա­ցող եւ­րո­պա­ծին հա­յոր­դին:

Պա­րա­պու­թիւն մը, որ կը զգաց­ուէր հին ցա­մա­քա­մա­սի եւ մաս­նա­ւո­րա­բար լոյ­սե­րու քա­ղա­քի մօ­տա­կայ հայ եր­դիք­նե­րէն ներս:

Պա­րա­պու­թիւն մը, որ զգա­լի էր յատ­կա­պէս երբ դեռ հա­զիւ ամիս մը առաջ՝ Հոկ­տեմ­բեր 2-ին, փո­խան Տղմուտ գե­տի…Սէ­նի ափին՝ Կո­մի­տա­սի ար­ձա­նին մօտ, տեղ­ւոյն հա­յու­թիւնը եկած էր իր «Ո°չ»ը ար­տա­յայ­տե­լու ՀՀ նա­խա­գահ Ս. Սարգս­եա­նին: 

 Ամառ­նա­յին եր­կար ար­ձա­կուրդ մը կա­րե­լի է սե­պել «Յա­ռաջ»ի դադ­րիլն ու ապա «Նոր Յա­ռաջ»ին լոյս ըն­ծայ­ուի­լը:

Փակ­ուած է «Յա­ռաջ»ը: Փո­խա­րէն՝ «Նոր Յա­ռաջ»…Դէ­պի նոր յա­ռաջ­խա­ղացք…չկան այդ հնա­մաշ, դժուար կար­դաց­ուե­լիք հին գլան­նե­րու դպրո­ցին պատ­կա­նող գի­րերն ու կի­րարկ­ուած գոր­ծե­լա­ո­ճը, չկան այդ տժգոյն ու տրտմած դեղ­նո­րակ էջե­րը, ուր բազմիցս տպագ­րա­կան ճնշու­մին տակ ընկճ­ուած տար­րե­րը կը մեր­ժէ­ին իրենց անս­խալ ար­տա­ցո­լա­ցու­մը ներ­կա­յաց­նե­լու, եւ այս­պէս «Ը»ն բազ­միցս կը տպուէր իբ­րեւ «Ր», իսկ «Է»ն ալ ելոյթ կ°ու­նե­նար իբ­րեւ «Ե» եւ սուր վի­ճա­բա­նու­թեան դուռ կը բա­նար, քե­րա­կա­նու­թեան մէջ մաս­նա­գի­տա­ցած հա­յոր­դի­նե­րու մօտ:

Այս­պէս, հա­կա­ռակ իր այս թեք­նիք դժուա­րու­թիւն­նե­րուն, կը փնտռենք, այդ իւ­րա­յա­տուկ…հո­վին դի­մաց ծա­ծա­նող եւ հուր սփռող «ՅԱ­ՌԱՋ» նշա­նա­կը:

Փո­խա­րէն՝ հա­մա­կար­գիչ­նե­րու եւ բո­լո­րո­վին ար­դի մի­ջոց­նե­րով օժտ­ուած «Նոր Յա­ռաջ» մը, որ ոչ միայն պի­տի ցրուի բա­ժա­նորդ­նե­րուն, այլ նա­եւ ելեկտ­րա­նա­մա­կի մի­ջո­ցաւ եւ կայ­քէ­ջի մի­ջո­ցաւ պի­տի գոր­ծէ հա­յոր­դի­նե­րու հա­մա­կար­գիչ­նե­րէն ներս:

Նախ­կի­նին նման, կը սպաս­ուի որ «Նոր Յա­ռաջ»ն ալ դառ­նայ ար­տա­ցո­լա­ցու­մը սփիւռ­քա­հա­յուն, իր ար­ծար­ծած խոր եւ լուրջ նիւ­թե­րով, տե­սա­կէտ­նե­րով, կի­զա­կէտ­նե­րով, ակ­նարկ­նե­րով եւ…բնա­գա­ւառ­նե­րով:

Այ­լա­պէս, Ող­ջոյն «Նոր Յա­ռաջ»ին…դէ­պի Նոր Յա­ռաջ­խա­ղացք:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles