
Անգարայի մէջ, միջազգային ռազմավարական հետազօտութիւններու խորհուրդի շէնքի բացման արարողութեան ընթացքին, Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ« խօսք առնելով, անդրադարձաւ Արցախի մասին:
«Անշուշտ Ղարաբաղի խնդրի կապակցութեամբ տարբեր քննարկումներ կան: Սակայն Ատրպէյճանէն գրաւուած հողերը կը պատկանին Ատրպէյճանին եւ այդ գծով կասկած չկայ: Այս խնդրով Հայաստանի կողմէ որեւէ առարկութիւն քննարկման նիւթ չի կրնար ըլլալ: Այդ տեսակէտէն մեկնելով՝ կը հաւատամ« որ աշխատանքները ընթացքի մէջ են գրաւեալ տարածքներու անյապաղ վերադարձման շուրջ եւ այդ ծիրէն ներս շարք մը խնդիրներ աւելի դիւրին կը լուծուին: Մինսկի խումբի վերջին մէկ տարուայ աշխատանքներէն թէ Ատրպէյճանը« թէ Հայաստանը գոհ մնացած են»: ըսաւ Կիւլ, յոյս յայտնելով թէ Հայաստանի հետ սկսած գործընթացը դրական աւարտ պիտի ունենայ: