
Յատուկ հաղորդագրութեամբ մը, կը տեղեկանանք թէ, »Արեւ« Հայկական Ժողովրդական Երաժշտախումբը, լոյս ընծայած է իր նոր ձայնապնակը՝ »Վերադարձը«, որ կը պարունակէ դէպի հին ակունքներ երաժշտութիւն:…Վերադարձ դէպի հին ակունքներ:
»Արեւ« Հայկական Ժողովրդական Երաժշտախումբը հիմնուած է Ուաթըրթաունի (Մասաչուսէց) մէջ 1989ին: Խումբը կը նուագէ աւանդական Հայկական երաժշտութիւն, որ կը ներկայացնէ Հայաստանի զուտ հայկական աւանդները, ինչպէս նաեւ աւանդական ժողովրդական երաժշտական գործիքներ:
Երաժշտախումբի անդամներն են Ճոն Գոզելեան (ուտ) երգչուհի Անի Զարկարեան, Մարթին Յարութիւնեան (փողահար՝ տուտուկ, զուռնա, շուի եւայլն), երգչուհի Թամար Մելքոնեան եւ Մարկոս Շահպազեան (հարուածային գործիքներ): Աւելի քան տաս տարիներ միասին երաժշտութիւններ ստեղծելէ եւ իրենց հայկական ժողովրդական ոճը մշակելէ ետք, անոնք եզրակացութեան մը հասած են:
Այս գծով, »Մեր երաժշտութիւնը մեր հարուստ ու վաղեմի պատմութեան եւ մշակոյթին պատմութիւնը կը պատմէ, իսկ այն երգերը որ կ’երգենք մեր հայ նախահայրերուն բառերն են: Ես շատ հպարտ եմ որ մեր մշակոյթը վառ պահող ծրագրի մը մաս կը կազմեմ«, կը յայտնէ երգչուհի Թամար Մելքոնեան:
Այս ձայնապնակը ձօն մըն է հայկական երաժշտութեան արմատներուն՝ վերադառնալով ձայնական կշռոյթի հիմերուն: »Վերադարձը կը ջանայ վերադառնալ բնական ու մտերմիկ ձայնական մթնոլորտին: Անիկա արտացոլումն է մեր հեռու եւ ոչ այնքան հեռու անցեալին, ինչպէս նաեւ ուղեցոյց մը դէպի ապագայ«, կ’ըսէ երաժշտական վարիչ Մարթին Յարութիւնեան: Խումբը հայ գաղութին կը նուիրէ աւանդական երաժշտութիւն որ այսօր իսկ իր տեղն ունի: Որպէսզի այս արուեստը ապրի, խումբը ելոյթներ կ’ունենայ զանազան երկիրներէ ներս:
»Ես հպարտ եմ այս ձայնապնակով«, կը յայտնէ երգչուհի Անի Զարկարեանը, աւելցնելով. »Բախտաւոր եմ որ իբր սփիւռքահայեր կարողութիւնը ունինք նուագելու եւ ստեղծելու մեր անցեալի երաժշտութիւնը թէ զգացմունքով եւ թէ կանխատեսութեամբ, իրար կապելով անցեալն ու ապագան: Ես պատուուած կը զգամ այս պատասխանատուութիւնը ունենալով, եւ գիտեմ որ Վերադարձը այս կապը պիտի ըլլայ«:
Ծանօթ. »Արեւ«ի այս նոր խտասալիկը. »Վերադարձը« կարելի է ստանալ »Հայրենիք«ի գրախանութէն: Սակ՝ 15.00 տոլար: