
Անցեալ ամրան, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ երաժշտական միջազգային «Արամ Խաչատուրեան» անուան ութերորդ մրցանքը, բարձր հովանաւորութեամբ Հ.Հ. Առաջին տիկին՝ Ռիթա Սարգսեանի:
Այսպէս հազիւ ութ տարուայ կեանք ունեցող այս նորաստեղծ մրցանքը, կազմակերպուած ի յիշատակ 20-րդ դարու ամէնէն աւելի կարեւոր երաժիշտին, կազմուած է 21 Board of Trustees-է, որոնք բոլորն ալ մասնագէտներ են երաժշտութեան բնագաւառէն ներս: Սոյն մրցանքին այս տարուայ նախագահը՝ հիմնարկի տնօրէն՝ Արմէն Սմբատեանն էր, որ տաս տարի վարած է Մոսկուայի մօտ, Հ.Հ. դեսպանի պաշտօնը եւ բազմիցս պետական մակարդակի վրայ, կրթական, գիտական թէ մշակութային բնագաւառներէն ներս գործած է եւ տիրացած տիտղոսներու:
Այս տարուայ մրցանքը բոլորովին տարբեր բնոյթ ունէր եւ վերապահուած էր 16-էն 32 տարիքի միջեւ գտնուող ջութակահարներու եւ թաւջութակահարներու: Ընդամէնը 59 երիտասարդ արուեստագէտներ, ժամանած 29 երկիրներէ նուագեցին Արամ Խաչատուրեանէն զանազան գործեր, մօտէն հետեւողութեամբ քննիչ յանձնախումբին, որ կազմուած էր ինը երկիրներէ ժամանած երաժշտագէտ-մասնագէտներէ:
Ձեռնարկին պաշտօնական բացման հանդիսութիւնը կատարուեցաւ Յունիս 6-ին, որ նոյնինքն Խաչատուրեանի ծնած օրն է: Կատարուեցաւ այցելութիւն, հանրածանօթ երաժշտագէտի շիրիմին: Հարիւրաւոր երիտասարդ աշակերտներ եկած էին յարգելու այս արուեստագէտը, զետեղելով ծաղկեփունջ:
Կալա համոյթը կատարուեցաւ, այդ օրն իսկ «Արամ Խաչատուրեան» սրահին մէջ, որուն առթիւ, խօսք առաւ Մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան: Ան կարեւորեց այս ձեռնարկին կարեւորութիւնն ու նոյնինքն Արամ Խաչատուրեանի ազգային գանձ մը ըլլալու հրամայականը: Կալա ձեռնարկը սկսաւ դիւցազնական «Սփարթաքուս» պալէով: Գերտպաւորիչ եւ զգացական էր, այս գործին անսխալ ներկայացումը տեղւոյն պետական կրտսեր համանուագային խումբին կողմէ: Ապա, յաջորդեց Խաչատուրեանի «ջութակի համանուագ»ի (Violin concerto) ներկայացումը, կատարողութեամբ քորէացի երիտասարդ ջութակահար Սոյունկ Եունի, վերոյիշեալ խումբի մասնակցութեամբ, որուն ղեկավարն էր մաէսթրօ Սերգէյ Սմբատեանը: Ներկաները յոտնկայս եւ անընդհատ ծափողջոյններով յայտնեցին իրենց գոհունակութիւնը:
Երեւան քաղաքը ամբողջութեամբ խանդավառ էր եւ կը տօնէր Խաչատուրեանի ի յիշատակ կազմակերպուած այս ձեռնարկը: Արդարեւ Պետական Արուեստի Թանգարանի մուտքին արդէն հսկայ պաստառներով եւ գրութիւններով կը նշուէր թէ Խաչատուրեանի նուիրուած ձեռնարկներ տեղի կÿունենային:
Մրցանքին համար յատկացուած երեք սրահներուն դռները բաց էին հանդիսատեսներուն համար: Երիտասարդ աստղեր լրջութեամբ եւ ամէնայն հետեւողականութեամբ եկած էին իրենց լաւագոյնը ներկայացնելու եւ այդ իսկ պատճառաւ քննիչ յանձնախումբին համար դժուար էր որոշում առնելը:
Այսպէս թաւջութակի մրցանքէն ներս, պրոնզէ մետալ չտրուեցաւ: Փոխարէն երկու արծաթ մետալներ յանձնուեցան Յասմիկ Վարդանեանի (Հայաստան) եւ Սամուէլ Լուցքէսի (Գերմանիա): Նոյնիսկ ոսկի մետալը կարելի չեղաւ մէկ երաժիշտի շնորհել: Միասնաբար, Լուքա Մակարիօլօ (Իտալիա) եւ Եվկէնի Ռումցիաեւ (Ռուսիա) առաջին հանդիսացան:
Ջութակի վերապահուած մրցանքէն ներս ալ, պայքարը սուր էր: Երկու ջութակահարներ՝ Ֆիլիփ Պրէթ (Աւստրալիա) եւ Տիգրան Յարութիւնեան (Հայաստան) ստացան պրոնզէ մետալ: Ոչ ոք ստացաւ արծաթէ մետալ: Իսկ ոսկի մետալին տիրացան, միասնաբար հաւասար արդիւնքներ արձանագրած՝ Եարոսլաւ Նատիչիք (Լեհաստան) եւ Լիա Եաքուփովա (Ռուսիա):
Սոյն արդիւնքները յայտարարուեցան յատուկ մետալատուուչութեան ձեռնարկի մը ընթացքին, հոծ բազմութեան մը ներկայութեան եւ իւրայատուկ այդ օրուան առթիւ զարդարուած սրահէն ներս: Նախքան տիտղոսներուն յանձնուիլը, խօսք առին յանձնախումբի անդամներ՝ Եդուարդ Թաթէոսեան (ջութակահար) եւ Մէտէա Աբրահամեան (թաւջութակ), որոնք շնորհաւորեցին անոնց ցուցաբերած լրջութիւնը:
Լաւագոյն ջութակահարներ՝ Լիա Եաքուփովա (Ռուսիա) եւ Եարոսլաւ Նատիչիք (Լեհաստան) յաջորդաբար իրենց մրցանակները ստացան Տէր եւ Տիկին Յակոբ եւ Լուսի (Իշխանեան) Թանքեանէն եւ Ելիզապէթէա Փենտերեչքայէն (Փրօ Արթէ հիմնարկ – Լեհաստան):
Նշենք թէ Յակոբ Տէր եւ Տիկին Թանքեան մեքենասն էին այս տարուայ մրցանքին:
Ձեռնարկի աւարտին, պետական երիտասարդական նուագախումբը, ղեկավարութեամբ Սմբատ Սմբատեանի անգամ մը եւս հնչեցուց Արամ Խաչատուրեանի ջութակի համանուագը, որ ցնցեց սրահը յառաջացնելով որոտնդոստ ծափողջոյններ:
Այս ձեռնարկը անգամ մը եւս առիթ ստեղծեց եւ փաստեց թէ Արամ Խաչատուրեան կը մնայ անմոռանալի երաժշտագէտ մը, որուն հետքերով, վստահաբար պիտի շարունակէ 2011-ի մրցանքը:
ԱՆՆԱ ՏԷՐ ՅՈՎՀԱԿԻՄԵԱՆ
(Թարգմ.՝ Խմբ.)