Լրահոս

ՖԻԼԱՏԵԼՖԻԱ.- ՄԵԾ ԾՆՈ­ՂԱՑ ՕՐ ՀԱՅ ՔՈՅ­ՐԵ­ՐՈՒ ՎԱՐ­ԺԱ­ՐԱ­ՆԷՆ ՆԵՐՍ

 Ֆի­լա­տելֆ­իոյ Հայ Քոյ­րե­րու Վար­ժա­րա­նը գե­ղե­ցիկ աւան­դու­թիւն ըրած է ամէն տա­րի պատ­ուե­լու Հին­գե­րորդ դա­սա­րա­նի աշա­կերտ­նե­րուն մեծ հայ­րերն ու մեծ մայ­րե­րը: Ամ­բողջ ամի­սը անոնք գրե­ցին իրենց մեծ ծնող­նե­րու մա­սին, ապա զե­տե­ղե­ցին պատ­կե­րա­զարդ յու­շա­տետ­րին մէջ եւ ըն­տա­նե­կան ծառ պատ­րաս­տե­ցին:  Մարտ 8, 2012-ին, յի­շա­տա­կե­լի օր մը հան­դի­սա­ցաւ ամէ­նուն հա­մար: Նախ Վար­ժա­րա­նիս տնօ­րէ­նու­հին` Քոյր Էմ­մա Մու­սայ­եա­նը իր բաց­ման խօս­քը ուղ­ղեց մեծ ծնո­ղաց եւ ըսաւ թէ անոնք են սիւնը ըն­տա­նի­քին, ան­սա­սան ծա­ռը որ շուք կու տայ ըն­տա­նի­քին ան­դամ­նե­րուն, անոնք են որ կը թրծեն սէ­րը Աս­տու­ծոյ եւ կը սոր­վեց­նեն իրենց թոռ­նիկ­նե­րուն կեան­քի ար­ժէք­նե­րը: Ապա աշա­կերտ­նե­րը բեմ ելան իրենց սի­րոյ եւ երախ­տա­գի­տու­թեան ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րը յայտ­նե­լու իրենց մեծ ծնող­նե­րուն նա­եւ այն բա­րիք­նե­րուն հա­մար, որոնք վա­յե­լած են անոնց­մէ: Ամէն աշա­կերտ առի­թը ու­նե­ցաւ իր մեծ ծնո­ղաց խօսք ուղ­ղե­լու եւ նուի­րե­լու յու­շա­մատ­եա­նը:

Already a subscriber? Log in here

This story is FREE for you...

Create a free account to access this article and get more of our top stories sent to you by newsletter.

Or, subscribe now for unlimited access
By submitting your email address you agree for Hairenik Weekly to send you communication by email
Back to top button