Լրահոս

Փաշինեան Կը Շեշտէ, Որ Նոր Սահմանադրութեան Մէջ Անկախութեան Հռչակագիրին Յղում Պէտք Չէ Ըլլայ

ԵՐԵՒԱՆ.- Երկուշաբթի, Օգոստոս 24-ին, Ազգային ժողովին մէջ կառավարութեան հնգամեայ ծրագիրը ներկայացնելու ընթացքին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Անկախութեան հռչակագիրին նոր Սահմանադրութեան մէջ յղում պէտք չէ ըլլայ:

«Նոր Սահմանադրութեան մէջ յղում կատարել Անկախութեան հռչակագիրին կը նշանակէ շարունակել Ղարաբաղի շարժումը, կը նշանակէ վերադառնալ հակամարտութեան տրամաբանութեանը», յայտարարեց Փաշինեան:

Հակառակ անոր որ «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը սահմանադրական մեծամասնութիւն չէ ստացած, ու նախագիծը հանրաքուէի հասցնելու հեռանկարը բարդացած է, բայց Փաշինեան կը յայտարարէ. «Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիները քուէարկելով «Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութեան օգտին, քուէարկած են նաեւ այդ օրակարգի օգտին, որովհետեւ նոր Սահմանադրութեան ընդունումը «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութեան նախընտրական ծրագիրի կարեւոր դրոյթներէն մէկն է` այն հիմնաւորմամբ, որ Հայաստանի ժողովուրդը իրաւունք ունի իր օրինական եւ ազատ կամարտայայտմամբ ընդունուած Սահմանադրութիւնը ունենալ եւ ազատ կամարտայայտմամբ իր համար սահմանել իրաւակարգ ու ապրելու կանոններ»:

Ան ժամկէտներու մասին այդպէս ալ չխօսեցաւ, բայց ըսաւ, որ նոր Սահմանադրութեան բնագիրը պիտի հրապարակուի յառաջիկայ ամիսներուն: Կիրակի օր Անկախութեան հռչակագիրի ընդունման տարեդարձին առիթով Փաշինեանը վերջին հինգ տարուան ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով ուղերձ չյղեց:

 

Advertisement Subscribe Today

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button