«ՏԱԹԵՒ» ԾՐԱԳԻՐԸ ԱՄԲՈՂՋԱՑՈՒՑ 33-ՐԴ ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԸ

ՆԻՒ ԵՈՐՔ․- Ա․Մ․Ն․ արեւելեան շրջանի Ազգային Առաջնորդարանի «Ս. Գրիգոր Տաթեւացի» ամառնային ծրագիրը ամբողջացուց իր 33-րդ տարեշրջանը St. Mary of Providence կեդրոնին մէջ (Էլվըրսըն, Փենսիլվենիա)։ 30 Յունիսէն մինչեւ 7 Յուլիս, ծրագրին մասնակցեցան քառասուն աշակերտներ՝ 12 ծուխերէ եւ 16 հոգեւորական ու աշխարհական դասատուներ եւ օգնականներ։
Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժնի հովանաւորութեամբ, ծրագիրը կը հրամցնէ առանձնայատուկ քրիստոնէական դաստիարակութեան յայտագիր՝ 13-18 տարեկան պատանիներու, երրեակ նպատակով.- քրիստոնէական դաստիարակութիւն, աղօթք ու պաշտամունք եւ ընկերական գործունէութիւն։ Ծրագրի վարիչն էր՝ Գերպ. Տ. Սահակ Ծ. վրդ. Եմիշեան՝ առաջնորդական փոխանորդ եւ Ռիճֆիլտի (Նիւ Ճըրզի) Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ։ Այս տարի, երեք աշակերտներ շրջանաւարտ եղան «Տաթեւ» ծրագրէն՝ ամբողջացուցած ըլլալով քառամեայ ծրագիրը, իւրաքանչիւր ամառ մէկ շաբաթ։ Շրջանաւարտներն են՝ Փիթըր Յակոբեան (Ս. Սարգիս եկեղեցի, Տակլըսթըն, Նիւ Եորք), Լիաննա Իսախանեան (Ս. Վարդանանց եկեղեցի, Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի) եւ Կարօ Մինասեան (Ս. Խաչ եկեղեցի, Թրոյ, Նիւ Եորք)։


