Գլխաւոր

Սամուէլ Կարապետեան Յայտնեց, Թէ Ընդդիմադիր Ուժերը Համախմբելու Բանակցութիւնները Սկսած Են․

ԵՐԵՒԱՆ.- «Ուժեղ Հայաստան» դաշինքի առաջնորդ, տնային կալանքի տակ գտնուող Սամուէլ Կարապետեան յայտարարեց, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութեան դէմ պայքարի օրակարգով ընդդիմադիր ուժերու համախմբման քննարկումները սկսած են։ Այս գործընթացին նախաձեռնած դաշինքի առաջնորդը չմանրամասնեց, թէ ո՞ր ուժերուն հետ են քննարկումները։ Քննարկումները երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի, առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի ու գործարար Գագիկ Ծառուկեանի առաջնորդած ուժերուն հետ են:

«Իշխանութեանը հեռացնելու հարցում մենք բոլորի հետ համագործակցելու ենք, ում որ գնահատենք՝ անկեղծ են իրենց նկրտումների մէջ, համագործակցելու ենք, բայց կան շատ ուժեր, որոնք իրենց ցոյց են տալիս որպէս ընդդիմադիր, բայց համարւում են փոխանորդ  ուժեր», ընդգծեց Սամուէլ Կարապետեան:

Նշենք, որ վարչապետ Փաշինեանը Կարապետեանի, Քոչարեանի ու Ծառուկեանի առաջնորդած ուժերը որակած է եռագլուխ կուսակցութիւն ու նախընտրական փուլին հրապարակային սպառնացած ունեցուածքէ զրկել, բանտարկել զանոնք, իսկ ընտրութիւններէն ետք զանոնք կը մեղադրէ կաշառքով ընտրուելու մէջ:

 

 

Advertisement Subscribe Today

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button