Գլխաւոր

Սահմանադրական Դատարանը 26 Յունիսին Պիտի Քննէ Ընտրութիւններու Արդիւնքները Վիճարկող Դիմումներով Գործերը 

ԵՐԵՒԱՆ.- Սահմանադրական դատարանը տեղեկացուց, որ խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքները վիճարկող եօթը քաղաքական ուժերու դիմումներով գործերը միաւորուած են եւ պիտի քննուին դատարանի 26 Յունիսի նիստին:

Բարձրագոյն դատարանը «Ուժեղ Հայաստան» եւ «Հայաստան» դաշինքներու, «Միասնութեան թեւեր», «Դեմոկրատիա, օրէնք, կարգապահութիւն», «Բարգաւաճ Հայաստան», «Յանուն Հանրապետութեան ժողովրդավարութեան պաշտպաններու դաշինք» կուսակցութիւններու եւ «Նոր ուժ» կուսակցութեան դիմումներու հիման վրայ` Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի 14 Յունիսի` Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի 7 Յունիսի հերթական ընտրութիւններու արդիւնքներն ամփոփելու մասին թիւ 259-Ա որոշումին հետ կապուած վէճի վերաբերեալ» գործերը քննութեան ընդունած է կայացած նիստին:

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button