Պոյքոթ, Թէ՞ Քաղաքական Վերակազմաւորում

Մուրատ Մանուկեան
Ուաթըրթաուն – Մասաչուսէց
Յունիս 11, 2026
Հայաստանի Յունիս 7-ի խորհրդարանական ընտրութիւններէն յետոյ ընդդիմութեան առջեւ ծառացած հիմնական ռազմավարական հարցերէն մէկը այն է, թէ արդեօք պէտք է մաս կազմել խորհրդարանին, թէ՞ որդեգրել պոյքոթի քաղաքականութիւն։ Ընտրութիւններու նախնական պատկերին համաձայն՝ իշխանութիւնը պահպանած է խորհրդարանական գերակշռութիւնը, մինչ ընդդիմադիր ուժերը, հակառակ ստացած զգալի ձայներուն, չեն կրցած իշխանափոխական արդիւնք ապահովել։
Քաղաքական տեսանկիւնէ, ընտրութիւններէ վերջ խորհրդարան մտնելու կամ զայն պոյքոթելու խօսոյթը կրնայ ունենալ որոշ խորհրդանշական եւ քարոզչական կշիռք, սակայն անոր գործնական ազդեցութիւնը մեծապէս կախեալ է քաղաքական միջավայրի տրամաբանութենէն եւ ընդդիմութեան երկարաժամկէտ նպատակներէն։ Պոյքոթը, որպէս ճնշումի միջոց, իմաստ կը ստանայ միայն այն պարագային, երբ ան կը յառաջացնէ լայն հանրային զօրաշարժ, ներքին եւ արտաքին քաղաքական ճնշում, ինչպէս նաեւ իշխանութեան օրինականութեան իրական ճգնաժամ։ Այս պայմաններուն բացակայութեան պարագային, պոյքոթը կրնայ վերածուիլ ինքնամեկուսացման ձեւի՝ ընդդիմութիւնը զրկելով պետական օրակարգի վրայ ազդելու սահմանափակ, բայց իրական հնարաւորութիւններէ։
Թէեւ ընտրական արդիւնքներու վիճարկման փորձեր, վերահաշուարկի պահանջներ եւ իրաւական բողոքներ արդէն կը քննարկուին, ներկայ քաղաքական իրողութիւնները չեն մատնանշեր այնպիսի համակարգային ճգնաժամ, որ կրնայ պոյքոթը վերածել իշխանափոխական ազդեցիկ լծակի։
Այս պատճառով, խորհրդարանին մաս կազմելու որոշումը պէտք չէ դիտել որպէս պարտութեան ընդունում, այլ՝ որպէս քաղաքական ներկայութիւն եւ ազդեցութեան տարածք պահպանելու միջոց։ Խորհրդարանը, նոյնիսկ սահմանափակ ազդեցութեամբ, ընդդիմութեան կը տրամադրէ առնուազն երեք կարեւոր հարթակ՝ պետական քաղաքականութիւններու վերահսկողութիւն եւ քննադատութիւն, հանրային այլընտրանքային օրակարգի ձեւաւորում, եւ յաջորդ ընտրական փուլին ընդառաջ քաղաքական ու կազմակերպական վերակառուցում։
Սակայն խորհրդարան մտնելը ինքնանպատակ չպէտք է ըլլայ։ Եթէ ընդդիմութիւնը շարունակէ ներկայանալ նոյն հին լեզուով, անձնակեդրոն մրցակցութեամբ եւ լայն զանգուածներու համար երբեմն անհասկնալի հռետորաբանութեամբ, ան կրնայ կրկին քաղաքական սպառումի ենթարկուիլ։ Հայաստանի ընտրական դաշտին մէջ ակնյայտ է նաեւ ընդդիմադիր վստահութեան ճգնաժամ մը․ ընտրողներու զգալի հատուած մը, դժգոհ ըլլալով իշխանութենէն, միաժամանակ չէ վստահած առկայ ընդդիմադիր ընտրանքներուն։
Հետեւաբար, իմ գնահատմամբ, ընդդիմութեան ողջամիտ քայլը պոյքոթի խօսոյթին մէջ քաղաքական կապիտալ սպառելը չէ, այլ՝ խորհրդարան մտնելով ռազմավարական վերակազմաւորման գործընթաց սկսիլը։ Այդ վերակազմաւորումը պէտք է հիմնուի առնուազն չորս առանցքի վրայ՝ գաղափարական յստակացում, նոր դէմքերու յառաջացում, հանրային վստահութեան վերականգնում եւ պետութեան ապագային վերաբերող համոզիչ ազգային տեսլականի ներկայացում։ Առանց այս խորքային վերանորոգման, պոյքոթն ալ, մասնակցութիւնն ալ, կրնան վերածուիլ արդիւնքի չհասնող քաղաքական ջանքերու։
Արդիւնքը պարզ է․ խորհրդարան մտնելը ինքնին լուծում չէ, իսկ պոյքոթը՝ ինքնին պայքար։ Ընդդիմութեան իրական մարտահրաւէրը ոչ թէ մտնե՞լ, թէ՞ չմտնել հարցին պատասխանելն է, այլ՝ ինչպէ՞ս վերածուիլ վստահելի պետական այլընտրանքի։

